Լիբանանեան

Բագրատունի Հանդիպում Ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին Հետ

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կը Տեսակցի Սէուտցի Պատուիրակին Հետ

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան երէկ յետմիջօրէին հանդիպում ունեցան սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհանի հետ` Սէուտական Արաբիոյ դեսպանի Եարզէի բնակարանին մէջ: Քննարկուեցան հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան վերաբերող հարցեր:  

Բագրատունի Հանդիպում Ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին Հետ

Բագրատունի Հանդիպում Ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հանդիպում ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի հետ` վերջինիս Եարզէի բնակարանին մէջ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ սահմանադրութեան յարգումը, 9 յունուարի նիստի գումարումը եւ համախոհական նախագահի ընտրութիւնը: Քննարկումի նիւթ դարձան նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութիւնը եւ սուրիացի ժողովուրդի բաղկացուցիչ քաղաքացիներու մասնակցութեամբ նոր Սուրիոյ կայացումը:  

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Պասիլի Մօտ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Պասիլի Մօտ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն ներկայացնող  պատուիրակութիւնը Կ• Կոմիտէի  եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի գլխաւորութեամբ երեքշաբթի 7 յունուար 2025-ին այցելեց Ազատ Ազգային Հոսանքի ղեկավար երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի։  Պատուիրակութեան մաս կազմեցին կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան և Ժորժ Գրիգորեան։ Հանդիպումին ներկայ էին նաև նախկին երեսփոխան Էտի Մաալուֆ և «հոսանքի» վարչական հարցերու փոխնախագահ Ղասան Խուրի։ Քննարկումը կեդրոնացաւ հրատապ մարտահրաւէրներուն, յատկապէս՝ հանրապետութեան նախագահի...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երեքշաբթի, 7 յունուար եւ չորեքշաբթի, 8 յունուար 2025-ին: Մեր յաջորդ թիւը` հինգշաբթի, 9 յունուար 2025-ին:

Քասեմ. «Լիբանանի Մէջ Բռնագրաւումը  Առանց Դիմադրութեան Չի Կրնար Շարունակուիլ»

Քասեմ. «Լիբանանի Մէջ Բռնագրաւումը Առանց Դիմադրութեան Չի Կրնար Շարունակուիլ»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ շաբաթ օր Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասի հրամանատար Քասեմ Սուլէյմանիի եւ եւ Իրաքի աշխարհազօրի ղեկավար Ապու Մահտի Մուհանտեսի ահաբեկման տարելիցի ոգեկոչման առիթով արտանասած խօսքին մէջ նշեց, որ իսրայէլեան բանակը 1982-ին քանի մը օրուան մէջ հասաւ մայրաքաղաք Պէյրութ, սակայն 2024-ին  64 օր փորձ կատարելէ ետք հարիւրաւոր մեթրեր միայն յառաջացաւ` հարց տալով, թէ «ինչո՞ւ չկրցաւ Լիթանի...

Շէյխ Խաթիպ. «Իրանէն Եկող Շիի Այցելուներու  Հանդէպ Անմարդկային Վերաբերմունքին  Նկատմամբ Պիտի Չլռենք»

Շէյխ Խաթիպ. «Իրանէն Եկող Շիի Այցելուներու Հանդէպ Անմարդկային Վերաբերմունքին Նկատմամբ Պիտի Չլռենք»

Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ յայտնեց, որ Լիբանանը չի կրնար պաղեստինեան դատի հետեւանքներէն անմասն մնալ, «եւ ատիկա մեր աչքերով տեսանք` սպանութիւններով, քանդումներով, տեղահանութեամբ ու բռնագրաւումով: Սակայն իբրեւ լիբանանցիներ պէտք է վերատեսութեան ենթարկենք իրարու նկատմամբ մեր քաղաքականութիւնն ու յարաբերութիւնները: Լիբանանցիները կ՛ուզե՞ն միասին ապրիլ: Այո՛, այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ տեղահանութեան դիմակայման եւ բոլոր շրջաններուն մէջ լիբանանցիներուն կողմէ տեղահանուածներու...

Ֆրանսա Եւ Միացեալ Նահանգներ Անհրաժեշտ  Կը Նկատեն Լիբանանի Հանրապետութեան  Նոր Նախագահի Ընտրութիւնը

Իբանանեան Կարճ Լուրեր

- «ՆԱՇՐԱ» կայքին տեղեկութեամբ, սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան, որ իր կարգ մը հանդիպումներուն ընթացքին խօսած է Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի պէտք ունեցած արժանիքներուն մասին` առանց որ անուններ նշէ, կարգ մը հանդիպումներու ընթացքին նշած է բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի անունը: Աղբիւրներ «Նաշրա»-ին յայտնած են, որ Աունի անունին շուրջ դրական հակազդեցութիւն չէ արձանագրուած, եւ անոր ընտրութիւնը մերժողները կառչած մնացած են իրենց...

Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Լրագրողներու Եւ Տեղեկատուական Կառոյցներու Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակումներուն Դէմ  Ապահովական Խորհուրդին Բողոք Ներկայացուց

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Արտօնեց Իրանեան Երկու Դիւանագիտական Պայուսակներու Մուտքը

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի դեսպանատունէն ստացած է գրաւոր բացատրութիւն մը, որ կը վերաբերէր «Մահան» օդանաւային ընկերութեան թռիչքով 2 յունուար 2025-ին հասած իրանցի դիւանագէտի մը մօտ գտնուած երկու դիւանագիտական պայուսակներուն, որոնք կը պարունակեն փաստաթուղթեր, թղթածրարներ եւ միայն դեսպանատան սեփական աշխատանքի ծախսերու վճարման համար թղթադրամներ: Այդ հիմամբ ալ, 1961 թուականի Վիեննայի դիւանագիտական յարաբերութիւններու համաձայնութեան համաձայն երկու պայուսակներուն մուտքը արտօնուած...

Ամերիկացի Նախկին Զինուոր Մը Հըզպալլայի  Աջակցութեան Փորձի Յանցանքով Ամբաստանուած Է

Ամերիկացի Նախկին Զինուոր Մը Հըզպալլայի Աջակցութեան Փորձի Յանցանքով Ամբաստանուած Է

Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ դատական կազմ մը Փենսիլվենիա նահանգէն նախապէս ամերիկեան բանակին մէջ ծառայած անձ մը ամբաստանած է Հըզպալլային աջակցելու փորձ կատարելու եւ «Էֆ.Պի.Այ.»-ին սուտ խօսելու յանցանքներով: Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ 24 տարեկան Ճաք Տանահեր Մոլոյ, որ ամերիկեան եւ իրլանտական քաղաքացիութիւն ունի, 2024 թուականին Լիբանան եւ Սուրիա մեկնած է Հըզպալլային անդամակցելու ջանքով: Ան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին կը յայտնեն, թէ երկուշաբթի օր Նաքուրայի մէջ պիտի գումարուի զինադադարի համաձայնութեան հսկողութեան յանձնախումբի ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի նախագահութեամբ կարեւոր ժողով մը, ինչ որ յանձնախումբի աշխատանքին յաւելեալ թափ պիտի տայ: - «ՍՔԱՅ ՆԻՈՒԶ ԱՐԱՊԻԱ» հաղորդեց, որ Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները լիբանանցիներուն արգիլած են Սուրիա մուտք գործել եւ արտօնութիւն տուած միայն անոնց, որոնք կեցութեան արտօնագիր ունին: Լիբանանի մէջ Սուրիոյ...

Պարրօ – Պըրրի Հանդիպում

Պարրօ – Պըրրի Հանդիպում

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոել Պարրոն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի բաժանմունքի տնօրէն Անն Կրիյոյի (Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի նախկին դեսպան, «Ա.»): Պարրօ հանդիպումէն ետք Այն Թինէէն հեռացաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու: Պըրրի Պարրոյի հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի ընդհանուր կացութիւնը, քաղաքական զարգացումներն ու...

Նախագահի Թեկնածուի Անունին Շուրջ  Միջքրիստոնէական Համախոհութեան Կոչ Ուղղելով`  Պասիլ. «Կ՛ուզենք Նախագահ Մը, Որ Լուծում  Կը Բերէ Եւ Լիբանանցիները Կը Միախմբէ,  Եւ Արգելք Չունինք, Եթէ Ժահժահը Կրնայ Այդ Ապահովել»

Նախագահի Թեկնածուի Անունին Շուրջ Միջքրիստոնէական Համախոհութեան Կոչ Ուղղելով` Պասիլ. «Կ՛ուզենք Նախագահ Մը, Որ Լուծում Կը Բերէ Եւ Լիբանանցիները Կը Միախմբէ, Եւ Արգելք Չունինք, Եթէ Ժահժահը Կրնայ Այդ Ապահովել»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կոչ ուղղեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ այլ կուսակցութիւններու հետ միջքրիստոնէական համախոհութիւն գոյացնելու թեկնածուներու անուանացանկի մը շուրջ, որուն նկատմամբ մեծապէս դրական տրամադրուած պիտի ըլլայ Ազգային ազատ հոսանքը, եւ որ ուրիշներուն առիթ չ՛ընծայեր զայն մերժել: Պասիլ «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ արտաքին նկատառելի ճնշումներ եւ միջամտութիւններ կան, ինչպէս նաեւ կացութիւնը շրջելու փորձեր`...

Նշելով, Որ Ժահժահ Իրաւունք Ունի Նախագահի  Թեկնածու Ներկայանալու.  «Եթէ Կացութիւնը Այսպէս Շարունակուի,  Զինադադարի Համաձայնութեան  Ճակատագիրը Անծանօթ Պիտի Ըլլայ»  Կ՛ըսէ Նախկին Նախագահ Աուն

Նշելով, Որ Ժահժահ Իրաւունք Ունի Նախագահի Թեկնածու Ներկայանալու. «Եթէ Կացութիւնը Այսպէս Շարունակուի, Զինադադարի Համաձայնութեան Ճակատագիրը Անծանօթ Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Նախկին Նախագահ Աուն

Նախկին նախագահ Միշել Աուն «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Նախագահի ընտրութեան թղթածրարին մէջ անորոշութիւն կայ, որովհետեւ մինչեւ այս պահս ոչ մէկ թեկնածու մեծամասնութիւն ունի, եւ բոլորը կը խօսին դեսպաններուն ու պետութիւններուն անուններով եւ կը յաւակնին անոնց դիրքորոշումները արտայայտել, եւ այս անորոշութիւնը կրնայ յառաջիկայ 9 յունուարի խորհրդարանական նիստի յետաձգման յանգեցնել»: «Ես նիստի յետաձգման չեմ զօրակցիր, եւ պէտք է իրերայաջորդ...

Զօր. Աուն Գնդ. Մուշեղեանը Պարգեւատրեց  Զինեալ Ուժերու «Գնահատանք»-ի Մետալով

Զօր. Աուն Գնդ. Մուշեղեանը Պարգեւատրեց Զինեալ Ուժերու «Գնահատանք»-ի Մետալով

30 դեկտեմբերին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան` դեսպանատան նոր նշանակուած զինուորական կցորդ գնդապետ Արթուր Դալիբալթեանի եւ առաքելութիւնը աւարտող զինուորական կցորդ գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեանի ուղեկցութեամբ, հանդիպում ունեցած է Լիբանանի զինեալ ուժերու հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատունը: Լիբանանեան բանակի հրամանատարը յաջողութիւն մաղթած է գնդապետ Արթուր Դալիբալթեանին` իր առաքելութեան մէջ, ապա` շնորհակալութիւն յայտնած...

Քումաթի. «60 Օր Համբերեցինք, Եւ 61-րդ Օրը  Այլ Օր Է, Եւ Խնդիրը Պիտի Փոխուի,  Եւ Ներկայ Եղող Ուժերը Կը Դառնան Բռնագրաւման  Ուժեր, Որոնց Հետ Այդ Հիմամբ Պիտի Վարուինք»

Քումաթի. «60 Օր Համբերեցինք, Եւ 61-րդ Օրը Այլ Օր Է, Եւ Խնդիրը Պիտի Փոխուի, Եւ Ներկայ Եղող Ուժերը Կը Դառնան Բռնագրաւման Ուժեր, Որոնց Հետ Այդ Հիմամբ Պիտի Վարուինք»

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կան կարմիր գիծեր, որոնց շրջանցումը պիտի չարտօնենք: Անոնցմէ են Դիմադրութեան զէնքը եւ վերաշինութեան, նորոգութեան ու պատսպարման գումարները»: «Երբ հայրենիքի մէջ գործընկերը իր վարմունքով թշնամիին շահերուն կը նպաստէ, պիտի կորսնցնէ մեր հետաքրքրութիւնը», նշեց Քումաթի: «Ան որ Լիբանան կու գայ Դիմադրութեան վնաս պատճառող պայմաններով, չ՛ուզեր Լիբանանին օգնել: Կ՛ողջունենք ան,...

Ֆրանսա Եւ Միացեալ Նահանգներ Անհրաժեշտ  Կը Նկատեն Լիբանանի Հանրապետութեան  Նոր Նախագահի Ընտրութիւնը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած է. «Նախագահ ընտրելու եւ չընտրելու կարելիութեան հաւանականութիւնները հաւասար են, ուստի ամէն բան կարելի է: Նախագահի ընտրութեան նիստ ճշդուած է, եւ խորհրդարանի նախագահը վճռական է զայն գումարելու եւ նախագահի ընտրութեան ուղղութեամբ կ՛աշխատի. գոյութիւն ունին կողմեր, որոնց դիրքորոշումները անյստակ են` նոյն ատեն բան մը եւ անոր հակառակը կ՛ըսեն: «Այս մթնոլորտին մէջ կարելի չէ հաստատել, որ...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Ամանորի առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ չորեքշաբթի, 1 եւ հինգշաբթի, 2 յունուար 2025-ին: Մեր յաջորդ թիւը` ուրբաթ, 3 յունուար 2025-ին:  

Թուրքիոյ Ուժանիւթի Նախարար. «Թուրքիան  Պատրաստ Է` Սուրիոյ Եւ Լիբանանի  Ելեկտրականութիւն Մատակարարելու»

Թուրքիոյ Ուժանիւթի Նախարար. «Թուրքիան Պատրաստ Է` Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Ելեկտրականութիւն Մատակարարելու»

Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Ալփարսլան Պայրաքթար յայտնած է, որ Թուրքիան պատրաստ է Սուրիոյ եւ Լիբանանին ելեկտրականութիւն մատակարարելու, եւ կառավարական պաշտօնատարներու խումբ մը արդէն Սուրիոյ մէջ աշխատանք կը տանի անոր ուժանիւթի խնդիրները լուծելու: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: «Թերեւս Սուրիոյ եւ Լիբանանի կարիք ունեցած ելեկտրականութիւնը սկզբնական շրջանին կարելի է բաւարարել Թուրքիայէն արտածում կատարելով, եւ անշուշտ կրնանք պատկերը աւելի յստակ տեսնել հաղորդման...

Պըրրի. «9 Յունուարի Նիստի Ընթացքին  Նախագահի Ընտրութեան Նկատմամբ Վճռական Եմ»

Պըրրի. «9 Յունուարի Նիստի Ընթացքին Նախագահի Ընտրութեան Նկատմամբ Վճռական Եմ»

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց. «Յառաջիկայ 9 յունուարի խորհրդարանի նիստի ընթացքին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան նկատմամբ վճռական եմ, նոյնիսկ եթէ նոյն նստաշրջանի ընթացքին մէկէ աւելի նիստ գումարենք: Կարեւորը խորհրդարանը նախագահ մը ընտրէ, եւ երեսփոխանները տէր կանգնին սահմանադրական այս պարտաւորութեան նկատմամբ իրենց պատասխանատուութիւններուն»: Ան այս մասին յայտնեց «Նահար» օրաթերթի հետ զրոյցի ընթացքին: Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութեան իսրայէլեան խախտումներու շաունակութեան`...

Ապու Հասան. «Նախագահի Ընտրութեան  Նիստը Յետաձգելու Արդարացում Չկայ»

Ապու Հասան. «Նախագահի Ընտրութեան Նիստը Յետաձգելու Արդարացում Չկայ»

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հատի Ապու Հասան «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «9 յունուարի նիստի յետաձգման բեմագրութեան համար արդարացումներ չկան»: «Ժամանակն է վերջ տալ (նախագահական աթոռի) այս դատարկութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ծայրայեղ անհրաժեշտութիւն կայ, որ նիստը արդիւնաւէտ ըլլայ եւ հանրապետութեան նախագահ ընտրենք: Կողմերը պէտք է գիտակցին, թէ ներքին կարգաւորումն է, որ հայրենիք կը կառուցէ, եւ...

Page 150 of 986 1 … 149 150 151 … 986

Արխիւներ