– ՖՐԱՆՍԱՅԻ նախագահ Էմանուել Մաքրոն շնորհաւորեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը նախագահ ընտրուելուն առիթով` շեշտելով, որ ընտրութիւնը «բարեկարգումներու, պետութեան գերիշխանութեան ու Լիբանանի բարգաւաճման վերականգնման ճամբան կը պատրաստէ: Ո՜վ լիբանանցիներ, Ֆրանսան ձեր կողքին կը կանգնի»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԻ նախագահական պալատը յայտարարեց, որ Մաքրոն հեռաձայնած է նախագահ Աունին, շնորհաւորած է զինք նախագահ ընտրուելուն առիթով եւ վերահաստատած Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի աջակցութիւնը:
– ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Փարիզ կը շնորհաւորէ Լիբանանի նորընտիր նախագահ Ժոզեֆ Աունը եւ կը մաղթէ «ուժեղ կառավարութեան» կազմութիւն:
Նախարարութիւնը նշեց, որ Լիբանանի նոր նախագահի ընտրութիւնը երկրին մէջ նոր էջ կը բանայ, եւ այժմ անոր պէտք է հետեւի նշանակումը նոր կառավարութեան մը, որ կարող է բարեկարգումները գործադրել:
– ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ժոզեֆ Աունի ընտրութիւնը Լիբանանի մէջ դէպի խաղաղութիւն ու կայունութիւն քայլ է»:
– ՔԱԹԱՐԻ Թամիմ Պըն Համատ իշխանը շնորհաւորեց նախագահ Աունն ու լիբանանցի ժողովուրդը` նշելով. «Կը յուսանք, որ այս քայլը ներկայացնէ կայունութեան ու բարգաւաճման նոր փուլի մը սկիզբը»:
«Քաթար միշտ պիտի մնայ Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին աջակիցը` անոնց դէպի պայծառ ապագայ երթին մէջ», ըսաւ իշխանը:
– ՔԱԹԱՐԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց` Աունի ընտրութիւնը եւ յայտնեց. «Կը սպասենք, որ նախագահական աթոռի դատարկութեան վերջ տրուիլը նպաստէ Լիբանանի անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման»:
«Քաթար միշտ պիտի շարունակէ կանգնիլ լիբանանցի ժողովուրդին կողքին, եւ կը վերահաստատենք Լիբանանի միասնականութեան եւ գերիշխանութեան աջակցող մեր դիրքորոշումը», նշեց նախարարութիւնը:
– ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Կը յուսանք, որ Լիբանանի մէջ նախագահի ընտրութիւնը յանգեցնէ միասնականութեան ամրապնդման եւ երկրին մէջ ներքին միախմբման»:
– ԻՍՐԱՅԷԼԻ արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր մեկնաբանելով Աունի նախագահ ընտրութիւնը յայտնեց. «Կը յուսամ, որ այս ընտրութիւնը կը նպաստէ կայունութեան հաստատման, Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին աւելի լաւ ապագային ու դրացիական լաւ յարաբերութիւններու»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յանձնառութիւն յայտնեց «սերտօրէն աշխատելու նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ, մինչ ան կը սկսի երկիրը միաւորելու ջանքերը, բարեկարգումներու գործադրումը եւ Լիբանանի համար բարգաւաճ ապագայի ապահովումը»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն նշեց, որ ինք «չափազանց ուրախ է» Ժոզեֆ Աունի երկրի նախագահ ընտրութեամբ:
– ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա Տէ Վալ Լիբանանը շնորհաւորելէ ետք յայտնեց. «Նախագահ Ժոզեֆ Աունի կողմէ շատ քաջալերական յայտարարութիւններ»:
«Ապագայ սերունդներուն նկատմամբ պատասխանատուութիւնը, համայնքներու միջեւ միասնականութիւնը, բարեկարգումները եւ պետութեան զէնքի մենաշնորհը: Անհամբեր կը սպասենք իբրեւ յաջորդ քայլ կառավարութեան արագ կազմութեան: Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է ամէն աջակցութիւն տրամադրելու», աւելցուց դեսպանը:
– ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հէյմիշ Քաուլ յայտնեց, որ նախագահ Ժոզեֆ Աունի ընտրութիւնը բազմաթիւ մարտահրաւէրներէ ետք Լիբանանի մէջ յոյսի նշոյլ է` աւելցնելով, որ անոր ղեկավարութեան տակ յաջորդ հիմնական քայլը արագ կազմութիւնն է կառավարութեան մը, որ յանձնառու կ՛ըլլայ հրատապ բարեկարգումներ կատարելու:
Ան նշեց, որ Բրիտանիան պատրաստ է աջակցութիւն տրամադրելու: