Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Շիի երկեակը խորհրդակցութիւններուն ընթացքին ստացաւ այն պատասխանները, որոնց կարիքը ունէր, եւ ատիկա զայն մղեց զօր. Ժոզեֆ Աունը երկրորդ փուլին նախագահ ընտրելու»:
«Խորհրդարանի ժողովասրահին մէջ 128 երեսփոխաններու ներկայութիւնը, անոնց այդտեղ մնալն ու նախագահ ընտրելը ինքնին ձեռքբերում է, եւ նախագահ Աունը հոյակապ է եւ կրնայ յաջորդ փուլը ղեկավարել», նշեց դեսպանը:
«Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակը օգնեց նախագահի ընտրութեան հասնելուն, եւ սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանի, ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի եւ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանի այցելութիւնները նպաստեցին հարցերու յաջողման», ըսաւ Մուսա:
Եգիպտոսի դեսպանը շեշտեց, որ հնգեակին եւ Եգիպտոսի կողմէ ամբողջական յանձնառութիւն գոյութիւն ունի յառաջիկայ փուլին նախագահ Աունի եւ Լիբանանի աջակցելու, «եւ եգիպտական ու արաբական աջակցութիւնը Լիբանանին ծառայող որոշ քաղաքականութիւններու ծիրին մէջ է»:
«Հնգեակի իւրաքանչիւր անդամ իր կարելին օգտագործեց առաքելութեան յաջողութեան համար, ուստի յանձնախումբին կատարած դերը շինիչ է», ըսաւ Եգիպտոսի դեսպանը:
«Պըն Ֆարհան առաջին այցելութեան ընթացքին պէտք եղած պատասխանները չստացաւ, ինչ որ զինք մղեց դարձեալ գալու: Սէուտական Արաբիան Լիբանանի մէջ քաղաքական ու ելեւմտական գլխաւոր դերակատարութիւն ունի», նշեց Մուսա:
«Եղան խօսակցութիւններ, որոնք հիմնուեցան հիմնական հարցի մը վրայ, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումն ու զինադադարի համաձայնութիւնն է, ինչ որ շիի երկեակին կը ստիպէ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնել», շեշտեց դիւանագէտը:


