Նախկին նախագահ Միշել Աունի պաշտօնավարութեան աւարտէն ետք, աւելի քան երկու տարի տեւած նախագահական աթոռի դատարկութենէն ետք, լիբանանեան խորհրդարանը այսօր կը գումարէ նախագահի ընտրութեան նիստը:
Նախագահ ընտրուելու համար թեկնածու մը պէտք է քուէարկութեան առաջին փուլին ստանայ 128 երեսփոխաններու քուէներու երկու երրորդը, իսկ քուէարկութեան յաջորդ փուլերուն ընտրուելու համար քուէներու աւելի քան 50 առ հարիւրը բաւարար է:
Մինչ երեսփոխանական պլոքներու միջեւ համախոհութիւն գոյացնելու նպատակով տեղական ու միջազգային հանդիպումները վերջին օրերուն աշխուժացան, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երեքշաբթի գիշեր յայտնեց. «Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան նիստը ի զօրու է, բաց է եւ իրերայաջորդ նիստերով, եւ 128 երեսփոխանները պէտք է տէր կանգնին իրենց պատասխանատուութեան ու նախագահ ընտրեն»:
Պըրրի «Նահար»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հինգշաբթի օրուան նիստի ընթացքին կամ յաջորդող օրերուն նախագահ ընտրելու վճռականութիւն գոյութիւն ունի»:
«Ընտրական նիստերը միայն ուրբաթ օրուան նամազի կամ կիրակի օրուան պատարագի ընթացքին պիտի դադրին», շեշտեց խորհրդարանի նախագահը:
Ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի հետ հանդիպումին մասնակցած երեսփոխանական աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հոքշթայն «յայտնեց, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն մեր վստահութիւնը կը վայելէ, եւ անոր հետ աշխատանքի փորձառութիւնը յաջող է: Սակայն լիբանանցիները ազատ են ընտրելու նախագահը, եւ մենք ալ ազատ ենք անոր աջակցելու եւ ձեր մօտ ներդրում կատարելու կամ ոչ»:
«Միջին Արեւելքի մէջ Լիբանանէն զատ շարք մը այլ վայրեր կան, ուր կրնանք ներդրում կատարել», աւելցուցած է Հոքշթայն:
Երեսփոխանական աղբիւրները «Ժումհուրիա»-ին յայտնած են. «Ներկայ ցուցանիշները մտածել կու տան, թէ առաջին նիստէն նախագահ ընտրելը դժուար պիտի ըլլայ, բացի եթէ յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին որոշ անունի մը աջակցութեան ուղղութեամբ վերադասաւորումներ ըլլան»:
Աղբիւրները զգուշացուցած են, որ ընտրութիւնը յաջորդ նիստերուն 65 քուէներու մեծամասնութեամբ կատարելը քաղաքական վտանգներ կը պարունակէ, որովհետեւ «այդ պարագային յաջորդ օրը անորոշ պիտի ըլլայ»:
Երեսփոխանական լաւատեղեակ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեց, որ երեսփոխաններուն միջեւ տեղի ունեցող հանդիպումները մեծ ճամբայ կտրած են` հասնելով հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հոլովոյթին շուրջ շարք մը փոխըմբռնումներու:
Ըստ աղբիւրին, այսօրուան նիստը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ եւ անոր ընթացքին պիտի ընտրուի նոր նախագահ մը, որ ազգային միասնականութեան խորհրդանիշ պիտի ըլլայ եւ պահպանէ հայրենիքի ու պետութեան սկզբունքները` փրկելով սահմանադրական օրինականութիւնը, որպէսզի Լիբանանը դարձեալ վերածուի սիրոյ, գործընկերութեան, բարգաւաճման ու բարօրութեան հայրենիք մը:
Քաղաքական բարձրաստիճան աղբիւր մը «Անպա»-ին յայտնած է. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին նախագահի ընտրութեան բաց նիստերու պիտի չհրաւիրէր, եթէ բացարձակ մեծամասնութիւնը ապահոված չըլլար: Այն մեծամասնութիւնը, որ զինք 2022-ին 65 քուէներով վերընտրեց խորհրդարանի նախագահի նախագահ»:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ յայտարարեց. «Այսօր նախագահական աթոռի թափուր մնալէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով ուրախ կը զգամ, որովհետեւ Աստուծոյ կամքով վաղը հանրապետութեան նոր նախագահ պիտի ունենանք»:
Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ յայտարարեց, որ իր թեկնածութիւնը յետս կը կոչէ` աւելցնելով. «Կը զօրակցիմ զօր. Աունին, որ ունի այն արժեչափերը, որոնք կը պահպանեն առաջին նախագահութեան դիրքը»:
Ազգային չափաւորականութիւն երեսփոխանական պլոքը երէկ յայտարարեց, որ կը զօրակցի բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի թեկնածութեան եւ նախանձախնդիր է անոր ընտրութեան համար համախոհութեան ձեւաւորման նկատմամբ:
Ազգային համաձայնութիւն երեսփոխանական պլոքը իր կարգին յայտնեց, որ զօր. Աունի թեկնածութիւնը կ՛որդեգրէ:
Երեսփոխան Եասին Եասին «Լեպանոն Տիպէյթ»-ին յայտնեց. «Փոփոխութիւն երեսփոխանական պլոքի երեսփոխաններուն մօտ վաղուան նիստին բանակի հրամանատարին քուէարկելու ուղղուածութիւն գոյութիւն ունի»:
Երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ «Էլ.Պի.Սի.»-ին ըսաւ. «Բանակը կը նկատուի ողնասիւնը, որ երկրին մէջ երաշխաւորող միակ հաստատութիւնը մնաց, եւ ես այսօր կ՛ըսեմ, որ (նախագահի պաշտօնին) բնական թեկնածուն զօր. Ժոզեֆ Աունն է»: «Մինչեւ հիմա չեմ տեսներ, թէ Աունէն զատ այլ անձ մը ներքին ու արտաքին աջակցութիւն կը վայելէ», աւելցուց ան:
Երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեց. «Կը կարծեմ, որ վաղը առաջին նիստին պիտի ըլլայ հզօր թեկնածու մը, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունն է: Կը յուսամ, որ սպասուած քուէներու թիւը ապահովէ, եւ բոլոր նիստերու ընթացքին պիտի շարունակենք Աունին քուէարկել»:
Երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի յայտնեց. «Բոլոր նիստերու ընթացքին բանակի հրամանատարը պիտի ընտրենք, եւ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիէն կը խնդրենք այս երկիրը պաշտպանելու համար մեզի հետ գործակցիլ»: Աւելի ուշ, երեսփոխաններ Միշել Մուաուատ եւ Ֆուատ Մախզումի Փոփոխութեան դաշինք երեսփոխանական պլոքի կողքին յայտարարեցին, որ այսօրուան նիստի ընթացքին պիտի զօրակցին բանակի հրամանատարի թեկնածութեան:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքը Նեպիհ Պըրրիի գլխաւորութեամբ գումարեց ժողով մը, որմէ ետք երեսփոխան Այուպ Հմայետ ըսաւ. «Կը հաստատենք մեր սկզբունքային դիրքորոշումը, որ հանրապետութեան նախագահի հարցին շուրջ համախոհութիւնն է»` աւելցնելով. «Նախագահի ընտրութեան իրերայաջորդ նիստեր պիտի ըլլան, եւ մեր դիրքորոշումը Հըզպալլայի հետ միացեալ է»:
Երեսփոխան Իմատ Հութ յայտարարեց. «Եթէ բանակի հրամանատարին շուրջ համաձայնութեան պայմանները ապահովուին, վաղը անոր մաս պիտի կազմենք»:
Երեսփոխան Պիլալ Հշէյմի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Բանակի հրամանատարին պիտի քուէարկենք, որովհետեւ Լիբանանը կարիքը ունի ազգային համախոհութեան եւ արաբական ու արտաքին աջակցութեան»:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երեսփոխաններուն կոչ ուղղեց` «երեսփոխանական ազգային զարթօնքի, որ վաղը հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կը յանգեցնէ»:
Ազատական կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը զօրակցութիւն յայտնեց բանակի հրամանատարի թեկնածութեան:
Մինչ այդ, Ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան երէկ Լիբանանի մէջ ունեցաւ բազմաթիւ հանդիպումներ: «Էմ.Թի.Վի.»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, ան Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակին իր շրջապտոյտի ընթացքին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցով արծարծած է միայն մէկ անուն` բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի անունը: «Լեպանոն Տիպէյթ» եւս հաղորդեց. «Ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան իր հանդիպումի ընթացքին նախագահի պաշտօնին համար արծարծեց զօր. Ժոզեֆ Աունի անունը եւ մերժեց այլ անուն քննարկել»:
«Ժատիտ»-ի տեղեկութեան համաձայն, Լը Տրիան ներկայ պիտի գտնուի խորհրդարանի այսօրուան նիստին: «Ժատիտ»-ի տեղեկութեան համաձայն, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ Լը Տրիանի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Հըզպալլան հանրապետութեան նախագահի անունին շուրջ լիբանանցիներու միաձայնութեան արգելք պիտի չհանդիսանայ:
Լիբանանի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան երէկ կէսօրէ առաջ իր կարգին ժամանած է Պէյրութ: «Նաշրա» հաղորդեց, որ ան Եարզէի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան մէջ հանդիպումներ կ՛ունենայ մինչեւ այսօր առտուընէ առաջ նախագահի ընտրութեան շուրջ լիբանանեան համախոհութիւն գոյացնելու նպատակով:
Աղբիւրներ «Նաշրա»-ին յայտնեցին, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի նախագահ ընտրուելու առիթը բարձրագոյնն է, սակայն անոր ընտրութիւնը կը կարօտի Ազատագրում եւ բարգաւաճում, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան եւ Հզօր Լիբանան երեսփոխանական պլոքներէն մէկուն քուէներուն:
Անկախ եւ բարեկարգչական երեսփոխաններ յայտարարեցին, որ որոշած են զօր. Ժոզեֆ Աունի քուէարկել:
Ընդդիմադիր երեփոխանները երէկ գիշեր Մեհրապի մէջ իրենց ժողովէն ետք յայտարարեցին, թէ բանակի հրամանատարին պիտի քուէարկեն:


