– ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես շնորհաւորեց Ժոզեֆ Աունը` Լիբանանի նախագահ ընտրուելուն առիթով` նշելով. «Այս ընտրութիւնը երկու տարի տեւած դատարկութենէն ետք կարեւոր զարգացում կը նկատուի»:
«Կը քաջալերեմ արագօրէն կառավարութիւն կազմելու», աւելցուց Կութիերես:
– ԵԳԻՊՏՈՍԻ նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի նախագահ Ժոզեֆ Աունին հեռաձայնելով յայտնեց, որ Եգիպտոս կը հաւատայ Լիբանանի եւ շրջանի ներկայ զգայուն փուլին երկիրը ղեկավարելու Լիբանանի նախագահի կարողութեան:
«Եգիպտոս միշտ պիտի մնայ եղբայրական Լիբանանին ու անոր գերիշխանութեան աջակից, եւ պատրաստ է օգնութիւն ու բոլոր կարելի աջակցութեան միջոցները տրամադրելու Լիբանանին` երաշխաւորելու համար անոր կայունութիւնը եւ ամրապնդելու մարտահրաւէրներու դիմակայման մէջ անոր կարողութիւնը, որովհետեւ Լիբանան կը սկսի նոր փուլ մը, ուր անվտանգութիւն ու կայունութիւն կը վայելէ», ըսաւ Սիսի:
– ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ Ապտալլա Բ. թագաւորը նախագահ Աունին յղած է շնորհաւորական նամակ մը, որուն մէջ վերահաստատած է, որ Յորդանան կը կանգնի Լիբանանի կողքին` աջակցելով անոր գերիշխանութեան, անվտանգութեան ու տարածքային ամբողջականութեան:
– ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան շնորհաւորական ուղերձ յղեց նախագահ Ժոզեֆ Աունին` Լիբանանի նախագահ ընտրուելուն առիթով:
Ուղերձին մէջ կը նշուի. «Հայաստան մեծապէս կարեւոր կը նկատէ եղբայրական Լիբանանի հետ մեր ժողովուրդներու բազմադարեան բարեկամութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ մշակութային ընդհանրութիւններու վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդումն ու քաղաքական աշխուժ երկխօսութեան զարգացումը: Վստամ եմ, որ միացեալ ջանքերով պիտի շարունակենք ընդլայնել երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով փոխադարձ գործակցութիւնը»:
– ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախագահ Աունին շնորհաւորական ուղերձ յղելով յայտնեց. «Համոզուած եմ, որ ձեր առաջնորդութեամբ` մարտահրաւէրներով լեցուն այս ժամանակաշրջանին Լիբանանը պիտի վերագտնէ կայունութեան, խաղաղութեան ու բարեկեցութեան ուղին: Հայաստանն ու Լիբանանը ունին բարեկամութեան հարուստ աւանդութիւններ` հիմնուած պատմամշակութային սերտ կապերու եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխադարձ յարգանքի վրայ:
«Կը վերահաստատեմ Հայաստանի աջակցութիւնը Լիբանանի տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան ու սահմաններու անձեռնմխելիութեան: Կը վստահեցնեմ, որ Հայաստան պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը Լիբանանի մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած միջազգային ջանքերուն` մասնաւորաբար ՖԻՆԻՒԼ-ի ծիրին մէջ հայկական խաղաղապահ զօրախումբի գործօն մասնակցութեամբ»:
– ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիան յայտարարեց, որ շնորհաւորած է նախագահ Աունը` նշելով. «Անհամբեր կը սպասեմ անոր հետ աշխատելու ի շահ մեր երկու ժողովուրդներու բարիքին եւ մեր շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան համար»:
– ՆԱԽԿԻՆ նախագահ Միշել Աուն այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ նորընտիր նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ` շնորհաւորելով ու յաջողութիւն մաղթելով անոր:
– ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց. «Շնորհաւոր ըլլայ Լիբանանին, պետութեան եւ ժողովուրդին` զօր. Ժոզեֆ Աունի նախագահ ընտրութիւնը, եւ սահմանադրական կառոյցներու վերակենդանացման առիթով` դիմակայելու համար դժուար մարտահրաւէրները, որոնք այս օրերուն այնքան շատ են… Շնորհաւոր ըլլայ վսեմաշուք նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն»:
– ԺԱԱՖԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ միւֆթին շնորհաւորեց նախագահ Աունը` նշելով. «Ներկայ պահը Լիբանանը իր շատ բարդ իրավիճակէն փրկելու համար է, եւ երկիրն ու շրջանը բոցավառ հարթակի վրայ են: Լիբանանը կանգնած է եւ կը շարունակէ ազգային գործընկերութեամբ ու համակեցութեամբ, եւ չկայ ազգային միասնականութիւն ու համակեցութիւն` առանց քաղաքական սերտ գործընկերութեան: Ինքնագլուխութիւնը հայրենիքներուն թշնամին է, եւ կառավարութեան կազմութիւնը ցուցանիշն է, թէ Լիբանան դէպի ուր կ՛երթայ»:
– ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ նախագահի ընտրութեան օրը նկատեց «պատմական օր»` նշելով. «Վսեմաշուք նախագահ Ժոզեֆ Աունի ղեկավարութիւնը վստահութիւն կը ներշնչէ, եւ մենք կը գիտակցինք տարողութեանը այն մեծ մարտահրաւէրներուն, որոնք մեր երկրին կը սպասեն»:
– ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա իր կարգին շնորհաւորեց նորընտիր նախագահը` զինք կոչելով «Մեծն Լիբանանի ստեղծման երկրորդ հարիւրամեակի առաջին լիբանանցի նախագահը»` նշելով, որ «մեծ հետաքրքրութեամբ ու գնահատմամբ» լսած է անոր արտասանած «իւրայատուկ» խօսքը, որ «նոր Լիբանան խոստացող խօսք մըն է»:


