Երեսփոխան Նամաթ Աֆրամ յայտնեց. «Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Ժոզեֆ Աունը ճիշդ մարդն է ճիշդ տեղին»:
Աֆրամ «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Ես գործնական առումով կրնամ ելեկտրականութեան ոլորտին մէջ յառաջիկայ կառավարութեան ծառայել»:
«Եթէ միջազգային ընտանիքին մեր յաջողութիւնը փաստենք, կրնանք Մազարեհ Շեպաայի, սահմաններու, կազի եւ այլ աւելի մեծ խնդիրներու լուծման բանակցութիւններու մէջ մտնել», ըսաւ երեսփոխանը:
Ան նշեց, որ երեսփոխաններ Ֆուատ Մախզումիի եւ Ապտելռահման Պըզրիի հետ յատուկ յարաբերութիւններ ունի եւ յարմար որոշումը տալու համար պիտի սպասէ` տեսնելու համար, թէ վարչապետի պաշտօնին առաջադրուած թեկնածուները որո՛նք են:
«Այսօր Լիբանանը զգայուն փուլի մէջ է եւ զինադադարի մէջ, որ կրնայ փուլ գալ, ուստի անհրաժեշտ էր հանրապետութեան նախագահ ընտրել եւ վարչապետ նշանակել», յայտնեց Աֆրամ:


