Աւելի քան 2 տարի նախագահութեան պաշտօնի թափուր մնալէն ետք, երէկ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ նախագահի ընտրութեան նիստը:
Խորհրդարանին մէջ նախագահի ընտրութեան նիստին ներկայ էին շուրջ 70 հիւրեր, ներառեալ բազմաթիւ դեսպաններ, Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակի դեսպանները, Ռուսիոյ դեսպանը, Կիպրոսի դեսպանը, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանն ու ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանը:
Նիստին ներկայ էին նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյրը, պալատի տեղեկատուական գրասենեակի տնօրէն Ռաֆիք Շլալան եւ փրոթոքոլի պատասխանատու Նեպիլ Շտիտը:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան եւ Ազատագրում ու բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքները նախագահի ընտրութեան նիստէն առաջ ժողով մը գումարեցին:
Նիստէն առաջ նաեւ տեղի ունեցան կողմնակի հանդիպումներ, ինչպէս` Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի եւ Ազատագրում ու բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Հասան Խալիլի, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսի դեսպաններուն միջեւ:
Նիստէն առաջ նախագահական պալատին մէջ նոր նախագահի ընտրութեան առնչուած պատրաստութիւններ տեղի ունեցան:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեց. «Համախոհական թեկնածուի սկզբունքին կառչած մնալով` բանակի հրամանատարին պիտի քուէարկենք, եթէ մեծաթիւ քուէ ապահովէ, եւ տակաւին համախոհութիւնը ընդլայնելու քիչ մը ժամանակ կայ»` աւելցնելով. «Համախոհութիւնը պէտք է նաեւ տարածուի վարչապետի նշանակման ու կառավարութեան կազմութեան ընթացքին վրայ»:
Առաջին քուէարկութեան հիմամբ պարզուեցաւ քուէարկութեան հետեւեալ արդիւնքը` Ժոզեֆ Աուն 71 քուէ, 37 ճերմակ քուէ, 14 «գերիշխանութիւն եւ սահմանադրութիւն», 4 ջնջուած քուէներ եւ 2 Շըպլի Մալլաթ: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի քուէարկութեան արդիւնքին լոյսին տակ «յաւելեալ խորհրդակցութիւններու համար» առկախեց նիստը:
Դադարի ընթացքին Հըզպալլայէն եւ Ամալ շարժումէն պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ բանակի հրամանատարին հետ: Հանդիպումի աւարտէն ետք շիի զոյգէն աղբիւրներ «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեցին. «Բանակի հրամանատարին հետ հանդիպումը հոյակապ էր, եւ բոլոր կէտերուն շուրջ փոխհասկացողութիւն գոյացաւ»:
Եգիպտոսի դեսպան Ալլա Մուսա խորհրդարանէն լրագրողներուն ըսաւ. «Լաւատես եղէք»:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի իր կարգին ըսաւ. «Երկրորդ քուէարկութեան ընթացքին բացարձակ մեծամասնութեամբ Լիբանանի նախագահ պիտի ընտրենք»:
Կէսօրէ ետք ժամը 2:10-ին շարունակուեցաւ նիստը, եւ Ժոզեֆ Աուն 99 քուէ ստանալով ընտրուեցաւ Լիբանանի հանրապետութեան 14-րդ նախագահ: Շըպլի Մալլաթ ստացաւ 2 քուէ, Գերիշխանութիւն եւ սահմանադրութիւն` 13 քուէ, ճերմակ քուէ` 9, ջնջուած` 5:
Ընտրութեան աւարտին նորընտիր նախագահը հասաւ խորհրդարան, ուր նախագահական երդումը կատարելէ ետք արտասանեց երդման ճառը:
ԵՐԴՄԱՆ ՃԱՌԸ
Նախագահ Աուն խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Մեծարգոյ երեսփոխանները պատուեցին զիս նախագահ ընտրելով, ինչ որ մեծագոյն շքանշանն է, որ կը ստանամ»:
«Պէտք է փոխենք քաղաքական աշխատանքի ձեւը», ըսաւ ան` նշելով. «Լիբանանցիներուն, ուր որ ալ անոնք ըլլան, եւ թող ամբողջ աշխարհը լսէ, այսօր Լիբանանի պատմութեան մէջ նոր փուլ սկսաւ»:
Ան խոստացաւ Ազգային ուխտին պահպանման առաջին պաշտպանը ըլլալ, եւ իբրեւ նախագահ իր իրաւասութիւնները լիարժէք կերպով օգտագործել հաստատութիւններուն միջեւ արդար իրաւարարութիւն կատարելու համար:
«Եթէ կ՛ուզենք հայրենիք կառուցել, ապա պէտք է բոլորս ենթակայ ըլլանք օրէնքին ու արդարադատութեան: Արդարադատութեան մէջ միջամտութիւնը արգիլուած է, ոճրագործին ու փտածին անձեռնմխելիութիւն չկայ, մաֆիաներ, թմրեցուցիչի մաքսանենգներ Եւ դրամի լուացում չկան», նշեց ան:
«Խոստումս է գործակցիլ նոր կառավարութեան հետ` որդեգրելու համար արդարադատութեան անկախութեան նախագիծ մը, եւ բողոքարկել որեւէ օրէնք, որ կը հակասէ սահմանադրութեան: Խոստումս է շուտով խորհրդարանական խորհրդակցութիւններու հրաւիրել` նշանակելու համար վարչապետ մը, որ գործընկեր ըլլայ եւ ոչ թէ հակառակորդ», յայտնեց նախագահը:
«Աշխատանք պիտի տանիմ զէնք կրելու իրաւունքի պետութեան մենաշնորհի հաստատման համար», նշեց նորընտիր նախագահը:
«Բանակին մէջ ներդրում պիտի կատարենք վերահսկելու համար սահմանները եւ զանոնք ամրապնդելու հարաւի մէջ եւ սահմանագծելու արեւելքի ու հիւսիսի մէջ, ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու, միջազգային որոշումներու գործադրութեան համար, ինչպէս նաեւ արգիլելու համար Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները», ըսաւ նախագահ Աուն:
«Դիւանագիտական, տնտեսական ու զինուորական մակարդակներու վրայ պաշտպանութեան ամբողջական ռազմավարութիւն պիտի քննարկենք, ինչ որ լիբանանեան պետութեան կ՛արտօնէ վերացնել իսրայէլեան բռնագրաւումը եւ զսպել անոր յարձակումը», աւելցուց ան:
Ան խոստացաւ վերաշինել հարաւային Լիբանանի, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն, Պեքայի ու Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ Իսրայէլի քանդածները` աւելցնելով. «Ժամանակն է մեր արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ Լիբանանի ներդրումին վրայ գրաւը դնելու եւ ոչ թէ իրարու վրայ առաւելութիւն ձեռք բերելու համար արտասահմանին վրայ գրաւ դնելու»:
«Կը մերժենք պաղեստինցիներու բնակեցումը եւ կը հաստատենք գաղթակայաններու անվտանգութիւնը ստանձնելու մեր վճռականութիւնը: Դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւն պիտի վարենք եւ երկիրներուն միայն լաւագոյն ապրանքներն ու արդիւնաբերութիւնները պիտի արտածենք, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջիկները ներգրաւենք», յայտարարեց հանրապետութեան նախագահը:
Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ պետութեան հետ լուրջ երկխօսութեան սկսելու` քննարկելու համար բոլոր յարաբերութիւններն ու առկախ թղթածրարները` մասնաւորաբար անհետ կորսուածներուն եւ սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարները:
«Կառչած կը մնանք ազատ տնտեսութեան եւ կարիքը ունինք դրամատուներու, ուր միայն օրէնքն է իշխողը, եւ պիտի չտատամսինք պահեստի գումարներ ունեցողներուն գումարները պաշտպանելու, եւ կը խոստանամ յառաջիկայ կառավարութիւնը մղել զարգացնելու ընտրական օրէնքներ եւ աշխատանք պիտի տանիմ վարչական լայն ապակեդրոնացման օրինագիծի որդեգրման համար», նշեց ան:
«Կը խոստանամ կեանքի կոչել ընկերային պաշտպանութեան ցանցերը, պաշտպանել լրատուամիջոցները եւ նեդրում կատարել գիտութեան մէջ: Ժամանակ չկայ վատնելու կամ առիթներ կորսնցնելու», յայտնեց նախագահ Ժոզեֆ Աուն:
Խորհրդարանի նիստէն անմիջապէս ետք նորընտիր նախագահը հասաւ Պաապտայի նախագահական պազատ, ուր ստանձնեց նախագահական իր լիազօրութիւնները: Նախագահական պալատի մուտքին նորընտիր նախագահը դիմաւորուեցաւ բանակի շեփորախումբին եւ նախագահական պահակագունդին կողմէ:
Կենսագրական Գիծեր`
Նախագահ Ժոզեֆ Աունի
Ժոզեֆ Աուն ծնած է 10 յունուար 1964-ին, Մեթնի Սին Էլ Ֆիլ շրջանին մէջ: Ան ծագումով հարաւային Լիբանանի Այշիէ գիւղէն է: Ան 1983-ին մուտք գործած է Սպայից վարժարան եւ զայն աւարտած 1985-ին: Միացեալ Նահանգներու մէջ բազմաթիւ զինուորական աշխատանոցներու մասնակցած է:
Մարտ 2017 թուականէն ի վեր կը վարէր բանակի հրամանատարի պաշտօնը:
Ան իր զինուորական ասպարէզի ընթացքին ստացած է բազմաթիւ շքանշաններ` երեք անգամ պատերազմի շքանշանը, երկու անգամ վիրաւորներու շքանշանը, «Ազգային միասնականութիւն» շքանշանը, «Հարաւի արշալոյս» շքանշանը, Լիբանանի արժանեաց երրորդ, երկրորդ, ապա առաջին աստիճանի շքանշանները, Ասպետի կոչումով «Մայրիներու ազգային» շքանշանը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շքանշանը:
Աուն օգոստոս 2017-ին լիբանանեան բանակը ղեկավարեց Սուրիոյ հետ լեռնային շրջաններուն մէջ տեղակայուած ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դէմ պատերազմին:
Ան արաբերէնի կողքին կը տիրապետէ ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի:
Ամուսնացած է Նեհմաթ Նեհմէի հետ եւ ունի որդի մը` Խալիլը եւ աղջիկ մը` Նուրը: