Պայտըն. «Շնորհիւ Ուաշինկթընի Ճնշումներուն, Լիբանան Կրցաւ Ընտրել Վարչապետ Մը, Որ Հըզպալլայի Ազդեցութեան Տակ Չէ»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց. «Շնորհիւ Ուաշինկթընի ճնշումներուն, Լիբանան տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կրցաւ ընտրել վարչապետ մը, որ Հըզպալլայի ազդեցութեան տակ չէ, եւ Համասը, Իրանը, Հըզպալլան, բոլորն ալ տկարացան շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու ջանքերուն»:



















