– ԻՍՐԱՅԷԼԻ նախարարաց խորհուրդէն աղբիւրներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին պնդած են. «Լիբանանի մէջ կան վայրեր, ուրկէ Իսրայէլ երկար տարիներով պիտի չհեռանայ»:
– ԱՂԲԻՒՐ մը իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին յայտնած է. «Ամերիկեան իշխանութիւնները Իսրայէլի բանակին հարաւային Լիբանանի մէջ մնալուն պատճառ չեն տեսներ, եթէ Լիբանանի բանակը իր տեղակայումը ներկայիս պէս շարունակէ»: