Խմբագրական

Editorial

Ակնարկ.  Սենտիքայական Շարժումին  Յուշումները

Ակնարկ. Սենտիքայական Շարժումին Յուշումները

Լիբանանեան հասարակութիւնը միանշանակ կեցուածք չունի երէկ սկսած գործադուլին նկատմամբ: Մինչ ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը կը յայտարարէ, որ երէկ սկսած  բողոքի գործողութիւնը եռօրեայ է, այդուհանդերձ գործադուլը մագլցում ապահովելու նախադրեալներ չի ստեղծեր: Պահանջը` անցնող հոկտեմբերին վարչապետ Միքաթիի հետ համաձայնեցուած կէտերու վաւերացումն է, որ փաստօրէն առկախուած է: Քաղաքացիական շրջանակներէ կը հնչեն զօրակցութեան  կոչեր: Ուրիշներ ուղղակի դէմ են նման միջոցներու, որոնք, իրենց համոզումով, որեւէ...

Խմբագրական.    Հայոց Բանակին Վերականգնման Համար  (Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Հայոց Բանակին Վերականգնման Համար (Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով)

Հայոց բանակի օրուան  նշումը ներկայ պայմաններուն մէջ բոլոր առումներով բարդ է.  այդ կարգին` արժեւորում կատարող որեւէ վերլուծումի փորձ կատարողին համար: Բազմաթիւ պատճառներ եւ դիտանկիւններ կային յաղթանակած բանակի մասին, բանակի օրուան առիթով, նիւթեր հրապարակելու եւ յիշելու, որ մեր զինեալ ուժերը տարածաշրջանին ամէնէն մարտունակն են: Միջազգային իրաւունքի եւ արտաքին դիւանագիտութեան իրաւաչափութիւնները յարգելով միշտ անջատ միաւոր իբրեւ կը ներկայացուէին հայոց բանակն ու Արցախի...

Խմբագրական.    Սփիւռքն Ու Համազգային Օրակարգը` Նախագահի Հրաժարականի Հիմնաւորումներուն Մէջ

Խմբագրական. Սփիւռքն Ու Համազգային Օրակարգը` Նախագահի Հրաժարականի Հիմնաւորումներուն Մէջ

Նախագահ Սարգսեանի հրաժարականը յանկարծակիութեան գործօնով կը յատկանշուի: Հակառակ անոր որ օրեր առաջ հայաստանեան որոշ լրատուակայքեր շրջանառութեան մէջ դրին նախագահի հեռանալու մասին լուրեր` բժշկական քննութիւններու պատճառով արձակուրդի երթալու առիթով: Հրաժարականի մասին իր հրապարակած յայտարարութիւնը ամէնէն շատ կը խօսի բացակայող լիազօրութիւններու մասին: Նախագահը չունի գործառոյթներ կարեւորագոյն գործընթացներու վրայ ազդելու առումով: Նախագահ Սարգսեան կանխած է հարցումը, թէ ինչո՞ւ հիմա է, որ կ՛երթայ այդ...

Ակնարկ.   Միջանցքներ, Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցուած Թղթածրարներ

Ակնարկ. Միջանցքներ, Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցուած Թղթածրարներ

9 նոյեմբերի հրադադարի յայտարարութեան 3-րդ եւ 9-րդ կէտերու վերընթերցումը զուգահեռային գիծեր կը ներառէ եւ կ՛առնչուի այսօր ընթացող Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացին: 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 3-րդ կէտը կ՛արձանագրէ. «Լեռնային Ղարաբաղում շփման գծի երկայնքով եւ Լաչինի միջանցքի երկայնքով տեղակայւում է Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբ, այդ թւում` հրաձգային զէնքով զինուած 1960 զինծառայող, 90 զրահամեքենայ, 380 միաւոր աւտոմոպիլային եւ յատուկ տեխնիքա»: Իսկ 9-րդը` «Տարածաշրջանում բոլոր...

Ակնարկ.    Ուղերձներ Պարփակող Բացատրողական

Ակնարկ. Ուղերձներ Պարփակող Բացատրողական

Հայ-թուրք երկխօսութեան  մեկնարկային հանգամանքներուն մասին պաշտօնական Երեւանի  ներկայացուցիչին Ազգային ժողովին ներկայացուցած բացատրողականը հետեւեալն էր. «Եթէ կը յիշէք, դեռեւս նախորդ տարի Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործերի նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը յայտարարեց, որ կայ գործընթաց, եւ հայկական կողմը խօսել է ռուսական կողմի հետ Թուրքիայի հետ հնարաւոր գործընթաց սկսելու վերաբերեալ, որը հետագայում հաստատեց Հայաստանի արտաքին գործերի  նախարարութիւնը, որից յետոյ Թուրքիան յայտարարեց յատուկ ներկայացուցչի նշանակման մասին,...

Խմբագրական.    Դասական Նախապայմաններու Շրջանցումը Եւ Թուրանական Կամուրջի Առաջնահերթութիւնը

Խմբագրական. Դասական Նախապայմաններու Շրջանցումը Եւ Թուրանական Կամուրջի Առաջնահերթութիւնը

Երեւան-Անգարա եւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու գործընթացները կ'ընթանան զուգահեռ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախ նախարարի տեղակալով, ապա պաշտօնական յայտարարութեամբ հաստատեց, որ Մոսկուայի մէջ սկսած երկխօսութիւնը պիտի ընթանայ առանց նախապայմաններու: Հանդիպումէն ետք պաշտօնական լրահոսը ընդգծեց, որ կողմերը համաձայնած են առանց նախապայմաններու շարունակել երկխօսութիւնը: Նախաբանակցային այս փուլի նախաշեմին գոյացաւ համաձայնութիւն Հայաստան-Թուրքիա թռիչքներ իրականացնելու:Թէ՛ թրքական եւ թէ՛ հայկական օդանաւային ընկերութիւնները փոխադարձաբար դիմած են եւ արտօնութիւն...

Ակնարկ.    Պառակտուած Պետութիւնն Ու  Չկայացած Շարժումը

Ակնարկ. Պառակտուած Պետութիւնն Ու Չկայացած Շարժումը

Երէկ, Լիբանանի տարածքին արձանագրուած ցասումի օրը բնականաբար պիտի չյաջողէր նոր հունաւորում ապահովել լիբանանեան տնտեսական, ֆինանսական, քաղաքական գործընթացներուն: Չորեքշաբթի գիշեր պատահած դէպքերը, հինգշաբթիի համատարած գործադուլն ու անհնազանդութեան շարժումի ծիրին մէջ տեղադրուող ճամբաներու փակումը ժողովուրդի ցասումը արտայայտող սահմանափակ գործողութիւններ են, որոնք չունին յստակ թիրախաւորում: Չունին նաեւ պատկերացում` իրավիճակի փոփոխութեան համար առաջադրելի ընթացակարգերու` քաղաքական, իրաւական կամ ընդհանուր բարեկարգումի ծրագիրի առումներով: Այս անյստակութիւնն ու...

Ակնարկ.    Թուրանական Գարուն Կամ Ուքրանիա 2

Ակնարկ. Թուրանական Գարուն Կամ Ուքրանիա 2

Ղազախստանի իրադարձութիւններու քաղաքական տարատեսակ ընթերցումներն ու մեկնաբանութիւնները` յաճախ հակասական, երբեմն  իրար լրացնող, այնուամենայնիւ պատահարներուն բուն շարժառիթները չեն կրնար տեղադրել յստակ շրջագիծի մէջ: Թուրանական գարունի տեսութիւնը կը շրջագայի միջազգային վերլուծաբանութեան մէջ. յետխորհրդային հանրապետութիւններու մէջ գործող եւ չհեռացող ղեկավարներու փոփոխութեան գործընթացին մէջ իրադարձութիւնները մեկնաբանելու երեւոյթները ուշագրաւ են: Ռուսական ազդեցութեան պայքարի ղազախստանեան գործողութիւնը եւս տեսանելի է: Անշուշտ` իշխող հարստապետական կարգերուն դէմ ժողովրդային ընդվզումի...

«Ազդակ»-ի Տարին (Դ. Եւ Վերջ).   Յուշող Հանգամանքներ

«Ազդակ»-ի Տարին (Դ. Եւ Վերջ). Յուշող Հանգամանքներ

Դժուար պայմաններու մէջ բոլորեցինք տարին: Կը թուի, որ այդ պայմանները շուտով բարելաւելի չեն, եւ հաւաքական տքնաջան թիավարումին պէտք է պատրաստուինք իբրեւ «Ազդակ»-ի ընտանիք նաեւ: Կանոնաւոր կշռոյթով թիավարումը կապուած էր կարգ մը հանգամանքներու: Առաջին հերթին, մեր աշխատակազմի աննկուն կամքին տեղի չտալու, «Ազդակ»ի հրատարակութեան անխափանութիւնը սակարկելի չդարձնելու, շատ կարճատեւ հեռակայ աշխատանքէն ետք խմբագրատուն ներկայանալու  եւ մանաւանդ արժեզրկուող աշխատավարձերով  ի գին մեծ զոհողութիւններու...

Խմբագրական.    «Ազդակ»-ի Տարին (Գ.)    Դարձեալ Երիտասարդութեան Մասին

Խմբագրական. «Ազդակ»-ի Տարին (Գ.) Դարձեալ Երիտասարդութեան Մասին

Ապագայ լրագրողներու մեր ծրագիրը համավարակի սահմանափակումներուն պատճառով առկախուեցաւ. սկսած շարքը իր լրումին չհասաւ: Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ աշխատանքը պիտի մնայ առկախ: Եթէ սահմանափակումներու պայմանները չվերանան, ամենայն հաւանականութեամբ «Ազդակ» առցանց պիտի շարունակէ այս աշխատանքը: Այստեղ այլ հնարաւորութիւն եւս կը ստեղծուի: Երիտասարդ յօդուածագիրներ պատրաստելու մեր նախաձեռնութիւնը Լիբանանէն դուրս եկաւ. մենք ունեցանք առաջին յաջող փորձը, եւ այս ծրագիրի պատասխանատուն գործուղուեցաւ Իրաքի Պասրա...

Խմբագրական.  «Ազդակ»-ի Տարին (Բ.)   Հայրենի Գիտական Հաստատութիւններու Հետ Մեր Համագործակցութիւնը

Խմբագրական. «Ազդակ»-ի Տարին (Բ.) Հայրենի Գիտական Հաստատութիւններու Հետ Մեր Համագործակցութիւնը

Առցանց լսարանի երեւոյթը չէր վրիպած Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան, պատմութեան եւ արեւելագիտութեան հիմնարկներու տնօրէնութիւններուն կողմէ, որոնց հետ արդէն ճանապարհ անցած էր «Ազդակ»-ը տարբեր գիտաժողովներու մասնակցութեամբ: Յատուկ շնորհակալագիրներ յանձնուեցան «Ազդակ»-ին` գիտական այդ հիմնարկներուն հետ նպատակաուղղուած համագործակցութիւն իրականացնելու համար: Այս պատուոյ գիրերէն առաջ Հայաստանի Ազգային գրադարանի եւ «Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնները ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր: Համագործակցութեան առանցքը կը վերաբերի «Ազդակ»-ի ամբողջ հաւաքածոյի մատենագիտութեան...

Խմբագրական.   «Ազդակ»-ի Տարին (Ա.)    Առցանց Լսարաններու Երեւոյթը

Խմբագրական. «Ազդակ»-ի Տարին (Ա.) Առցանց Լսարաններու Երեւոյթը

«Ազդակ» շարունակեց գործել ծանր պայմաններու մէջ: Համավարակի հետ կապուած սահմանափակումները թէեւ որոշ ժամանակի համար մեղմացան, այսուհանդերձ ժամանակաւոր մեղմացման զուգահեռ երկրի տնտեսական եւ ֆինանսական ճգնաժամը գրանցեց նոր ճգնաժամի տարողութիւններ: Ասիկա անշուշտ պատճառ դարձաւ աշխատակարգի վերանայման, որոշ սեղմումներու, բայց մանաւանդ նոր ծրագիրներու մեկնարկման յետաձգման: Այս բոլորին նկատառումով «Ազդակ» փորձեց իրականացնել այն ծրագիրները, որոնք պիտի չազդուէին երկրին մէջ տիրող իրավիճակէն եւ անոր ստեղծած...

Ակնարկ.     Ինքնորոշման Իրաւունքը`  Նոր Գործարքներու Լոյսին Տակ

Ակնարկ. Ինքնորոշման Իրաւունքը` Նոր Գործարքներու Լոյսին Տակ

Ազրպէյճանի վարչապետին յայտարարութիւնը, թէ Արցախի հայերը վաղ թէ ուշ պէտք է որոշեն իրենց հետագայ ճակատագիրը, նոր բաղադրիչներ կը պարփակէ իր մէջ: Մինչեւ հիմա տեղի ազգաբնակչութեան ճակատագիրը որոշելու իրաւունքի մասին պաշտօնական Պաքուի ոեւէ ներկայացուցիչ նման հրապարակում չէր կատարած: Ան նաեւ այս առիթով յիշեցուցած է, որ 44-օրեայ պատերազմով Ազրպէյճանը իր վերահսկողութեան տակ առած է 7 շրջաններն ու Շուշին եւ Հատրութը` յարակից տարածքներով:...

Ակնարկ.  Քառօրեայ Այցելութեան Ընթացքին  Փոխանցուած Ուղերձները

Ակնարկ. Քառօրեայ Այցելութեան Ընթացքին Փոխանցուած Ուղերձները

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին քառօրեայ այցելութիւնը աւարտած է արդէն: Նման ծանր պայմաններու մէջ միջազգային ընտանիքի բարձրագոյն պատասխանատուին տուած այցելութիւնը բնականաբար հանրային ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ միջազգային օժանդակութիւններու նոր հոսքի հաւանականութեան վրայ: Մանաւանդ որ ՄԱԿ-ը` իբրեւ միջազգային կառոյց եւ հաստատութիւն, առաւելաբար խաղաղապահութեամբ եւ տարբեր բնոյթի օժանդակութիւններով կը յատկանշէ իր ընդհանուր գործունէութեան հիմնական առանցքները: Լիբանանի հետ յարաբերակցաբար ՄԱԿ-ը ունի աշխատանքային գերակայ ուղղութիւններ: Առաջինը Լիբանան...

Ակնարկ.    Անգարան Պաշտօնապէս Առաջադրեց  Առաջին Նախապայմանը

Ակնարկ. Անգարան Պաշտօնապէս Առաջադրեց Առաջին Նախապայմանը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, կատարած է յայտարարութիւն, ուր կ՛ամփոփուին հետեւեալ կէտերը. Ա.- Բոլոր քայլերը Անգարան կը համակարգէ Պաքուին հետ: Բ.- Սահմանի բացման որոշումը Թուրքիան կը կատարէ Ազրպէյճանի հետ համաձայնելէ ետք միայն: Գ.- Թուրքիան Հայաստանին կը կատարէ առաջարկ`  Ազրպէյճանի հետ  համընդգրկուն խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու: Թուրքիան միջնորդի դեր կը կատարէ այդ պայմանագիրի կնքման: Դ.- Սահմաններուն բացումը կ՛առնչուի...

Խմբագրական.  Ցիւրիխ 2-ի Նախաշեմին.   Անկախութեան Հռչակագիրին 2-րդ, 4-րդ Տողերն ու 11-րդ Կէտը

Խմբագրական. Ցիւրիխ 2-ի Նախաշեմին. Անկախութեան Հռչակագիրին 2-րդ, 4-րդ Տողերն ու 11-րդ Կէտը

Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիոյ դաշնութիւնը ողջունեցին Անգարա-Երեւան երկխօսութեան գործընթացի մեկնարկի մասին յայտարարութիւնները: Գործընթացը ազդարարեց Անգարան, պաշտօնապէս յայտարարելով նաեւ իր որոշած պատուիրակին տուեալները: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարներու հանդիպման զուգահեռ: Երեւան-Պաքու ուղղութեան վրայ սկսած ուղղակի բանակցութիւններուն առընթեր Երեւան-Անգարա ուղղութեան վրայ մեկնարկելիք երկխօսութեան մասին պաշտօնական հրապարակումները նշանակութիւն ունին անշուշտ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը աւելի առաջ ալ կ՛անցնի եւ...

Ակնարկ.   Նախկին Պաշտօնեային Զգուշացումները`  Միացեալ Նահանգներու Գերատեսչութիւններուն

Ակնարկ. Նախկին Պաշտօնեային Զգուշացումները` Միացեալ Նահանգներու Գերատեսչութիւններուն

«Ազատութիւն» կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ Ժիրայր Լիպարիտեան հետեւեալ խօսքերը ըսաւ. մէջբերումը` բառացի: «Ես հանդիպել եմ ԱՄՆ պետքարտուղարութեան վերջերս, տարիներ չէին խօսել հետս, վերջերս ուզեցին խորհրդակցիլ, եւ Անվտանգութեան խորհրդին ասեցի` դուք սխալ էք անում, երբ ձեր դեսպանը Երեւանում յայտարարում է, որ սթաթուսը չէ լուծուած: Ասեցի` դուք ուզում էք հարցի մէջ մտնել, բայց չէք հասկանում` ի՞նչ կը նշանակէ. մենք խոցելի իշխանութիւններ ունենք,...

Ակնարկ.    Մարդասիրականէն Սահմանազատում-Սահմանագծում,  Անցնելով Անգարա-Երեւանէն

Ակնարկ. Մարդասիրականէն Սահմանազատում-Սահմանագծում, Անցնելով Անգարա-Երեւանէն

Պրիւքսելի եռակողմ հանդիպումը եւս փաթեթային բովանդակութիւն քննարկեց: Արցախ-Ազրպէյճան, Հայաստան-Ազրպէյճան հակամարտութիւններ եւ անշուշտ` տարածաշրջանային համագործակցութիւններ ներառած է: Յստակ, ժամկէտային սահմանումներով գործողութիւններու պայմանաւորուածութեան մասին տակաւին գէթ հրապարակային պաշտօնական յայտարարութիւն չկայ: Կայ ընդհանուր միտում չհակադրուելու Մոսկուայի միջնորդութեամբ կայացած ընդհանուր համաձայնութիւններուն: Անոր նախաբանը կատարած էր նախագահ Փութինը Սոչիով կանխելով Պրիւքսելը եւ այդ առիթով յայտարարելով, որ Շարլ Միշելը կը սպասէ ձեզ շուտով: Երանգային ուղերձը այն...

Խմբագրական.    Շարունակելու Համար Պատմական Երթը  (ՀՅԴ 131-Ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Շարունակելու Համար Պատմական Երթը (ՀՅԴ 131-Ամեակին Առիթով)

Ծանր պայմաններու մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան 131-ամեակը: Ծանր են հայրենիքի պայմանները: Եւ բնականաբար հայրենիք հասկացողութեան մէջ կը ներառուին թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի հանրապետութիւնները: Դաշնակցութիւնը առանձին օրակարգեր չունի. անոնք բոլորը ըստ էութեան հայրենիքի եւ հայութեան առջեւ դրուած խնդիրներն են: Ռազմագերիներու վերադարձի հրամայականէն մինչեւ նահատակուածներու ընտանիքներու հոգատարութիւն, աճիւններու հայրենադարձման անյետաձգելիութենէն մինչեւ բռնագրաւուած տարածքներու վերաազատագրում` Դաշնակցութեան մեծ օրակարգերն...

Հրաժարելով Տեղեկատուութեան  Նախարարի Պաշտօնէն`  Քըրտահի. «Հայրենիքս Գերիվեր Է,  Քան Ընտանիքս Եւ Անձնական Կեանքս»

Ակնարկ. Հրաժարական, Պայմաններ Եւ Օժանդակութիւններ

Տեղեկատուութեան նախարարի հրաժարականը հիմնական հանգուցալուծում չէ անշուշտ: Քաղաքական եւ հասարակական դաշտին մէջ չկան անտեղի նախատեսութիւններ` իրավիճակի բարելաւման ուղղութեամբ: Այս հարցին նման ելք ապահովելը անկակնկալ չէր: Աւելի՛ն. նախատեսուած էր արդէն: Ժամանակի հարց էր, թէ ե՞րբ ընդառաջում կը  տրուի պաշտօնական Ռիատի պահանջին, որ իր պետութեան դիրքորոշումին հիմնական փոփոխութիւն չի խոստանար այս հրաժարականով: Ընդամէնը տնտեսական սառեցուած յարաբերութիւններու, քաղաքացիներու Լիբանան մեկնումի արգելքի կամ դեսպանական...

Page 30 of 62 1 29 30 31 62

Արխիւներ