Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Միջանցքներ, Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցուած Թղթածրարներ

January 22, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

9 նոյեմբերի հրադադարի յայտարարութեան 3-րդ եւ 9-րդ կէտերու վերընթերցումը զուգահեռային գիծեր կը ներառէ եւ կ՛առնչուի այսօր ընթացող Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացին:

9 նոյեմբերի յայտարարութեան 3-րդ կէտը կ՛արձանագրէ.

«Լեռնային Ղարաբաղում շփման գծի երկայնքով եւ Լաչինի միջանցքի երկայնքով տեղակայւում է Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբ, այդ թւում` հրաձգային զէնքով զինուած 1960 զինծառայող, 90 զրահամեքենայ, 380 միաւոր աւտոմոպիլային եւ յատուկ տեխնիքա»:

Իսկ 9-րդը` «Տարածաշրջանում բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերն ապաշրջափակւում են: Հայաստանի Հանրապետութիւնը երաշխաւորում է փոխադրական կապերի անվտանգութիւնը Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջանների եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ` երկու ուղղութիւններով քաղաքացիների, փոխադրական միջոցների եւ ապրանքների անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու համար: Փոխադրական հաղորդակցութեան հսկողութիւնն իրականացնում են ՌԴ ԱԴԾ Սահմանապահ ծառայութեան մարմինները»:

3-րդ կէտին մէջ օգտագործուած է «միջանցք» եզրը: 9-րդ կէտին մէջ առանց եզրի օգտագործման կայ միջանցք հասկացողութեան գաղափարը:

Միջանցքը կ՛ընկալուի արտատարածքային յղացքով: Այսինքն` տուեալ պետութեան սահմաններուն մէջ այլ պետութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածք: Լաչինի կարգավիճակը ամրագրուած է իբրեւ միջանցք:

Մեկնաբանելի է 9-րդ կէտին մէջ նշուած վերջին բաժինը: Հաստատելէ ետք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, որ կ՛երաշխաւորէ Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ փոխադրամիջոցային կապերը, կ՛արձանագրէ, որ հսկողութիւնը կը կատարեն ռուսական զօրքերը: Անվտանգութեան երաշխաւորումը` հայաստանեան, հսկողութիւնը` ռուսական: Խառն է բնութագրումը: Կրնայ մեկնաբանուիլ թէ՛ հայաստանեան գերիշխանութեան անխախտելիութեան, թէ այլ պետութեան հսկողութեամբ` միջանցքային տրամաբանութեան:

Երկրորդ բաղադրիչի գերադասման պարագային արդէն կը մօտենանք արտատարածքայինի յղացքին եւ միջանցքային տրամաբանութիւնը տեսանելի կը դառնայ: Որով նաեւ անընդհատ նոյն նիւթի արծարծումը` Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ:

Միջանցք միջանցքի դիմացն է, որ այս պարագային տեսք կը ստանայ: Լաչինի միջանցքի դիմաց Զանգեզուրեան միջանցքը: Նկատելին այն է, որ երկուքն ալ կը վերահսկուին ռուսական զօրքերուն կողմէ:

Արցախեան հակամարտութեան եւ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու թղթածրարներու փոխկապակցուածութեան կարեւոր ուղղութիւն է նաեւ միջանցքներու զուգահեռը:

Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացը միայն այս պարագային է, որ կը թեւակոխէ բովանդակային բանակցային փուլ: Անգարան ի՛նք շահագրգռուած կ՛ըլլայ Ազրպէյճանին միանալով: Թէկուզ ռուսական հսկողութեամբ, այնուամենայնիւ Թուրքիան Նախիջեւանի եւ Հայաստանի վրայով Ազրպէյճանին միացնող ճանապարհով:

Այդ ճանապարհի տրամադրումը գործընթացային նպատակը կը վերածէ բովանդակայինի եւ բաւարարած կ՛ըլլայ Զանգեզուրեան միջանցքի նախապայմանը:

Դասական նախապայմաններէն երկուքէն` Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ տարածքային պահանջներէ հրաժարումը կրնայ վերադառնալ այլ տեսքով: Անվտանգային այլ հարթակներու ձեւաչափերով (3+3 կամ 3+2), ուր պէտք է հարթուած ըլլան անդամակցող պետութիւններուն միջեւ պատմական կամ տարածքային վէճերը:

 «Ա.»

Նախորդը

Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Երեւան Քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը

Յաջորդը

Թուրքիան Մօտ Է Ազրպէյճանի Հետ 1 Միլիառ Եւրոյի Գործարք Կնքելուն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.