Խմբագրական. Պահանջատիրութեան Առաջին Դիրքերուն Վրայ
Մամուլի բազմապատկուած էջերը նեղ եկան լուսաբանելու համար լիբանանահայութեան կազմակերպած ապրիլքսանչորսեան ոգեկոչական, ցուցական, պահանջատիրական, եկեղեցական ձեռնարկներն ու արարողութիւնները: Յարանուանականէն կուսակցական, երիտասարդականէն ուսանողական եւ պատանեկան, հոգեւորէն միութենական, տեղեկատուականէն, Հայ դատէն, մշակութային եւ սկաուտական բազմաբնոյթ ձեռնարկներ, ոգեկոչումներ, քայլարշաւներ եկան ամբողջացնելու տեղեկատուական եւ քարոզչաքաղաքական գործողութիւններու շարքը: Լրատուամիջոցներու արտադրութիւններուն ուղղութեամբ մշտադիտարկումներու եզրայանգումները առաջին հորիզոնականին վրայ կը տեղադրեն լիբանանահայութիւնը` ա՛յս պայմաններուն մէջ նման ձեռնարկներու առատութիւն արձանագրելու...




















