Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Հրաժարական, Պայմաններ Եւ Օժանդակութիւններ

December 6, 2021
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տեղեկատուութեան նախարարի հրաժարականը հիմնական հանգուցալուծում չէ անշուշտ: Քաղաքական եւ հասարակական դաշտին մէջ չկան անտեղի նախատեսութիւններ` իրավիճակի բարելաւման ուղղութեամբ:

Այս հարցին նման ելք ապահովելը անկակնկալ չէր: Աւելի՛ն. նախատեսուած էր արդէն: Ժամանակի հարց էր, թէ ե՞րբ ընդառաջում կը  տրուի պաշտօնական Ռիատի պահանջին, որ իր պետութեան դիրքորոշումին հիմնական փոփոխութիւն չի խոստանար այս հրաժարականով: Ընդամէնը տնտեսական սառեցուած յարաբերութիւններու, քաղաքացիներու Լիբանան մեկնումի արգելքի կամ դեսպանական եւ հիւպատոսական բոլոր ծառայութիւնները առկախելու որոշումն է, որ այս քայլով վերատեսութեան պիտի ենթարկուի: Կը հետեւին նաեւ Արաբական ծոցի երկիրներու համանման դիրքորոշումներու վերացումները: Այս բոլորը սակայն Լիբանանի դէմ կիրարկուող անպաշտօն պատժամիջոցային քաղաքականութեան վերջակէտ դնելը չէ:Երկիրը դժբախտաբար պիտի շարունակէ մնալ փակուղիի մէջ:

Տեղեկատութեան նախարարի որոշումը տարընթերցումներու կ’առաջնորդէ: Եթէ մէկ կողմէ ազգային շարժառիթներով կը մեկնաբանուի անիկա, այն առումով, որ կառավարութեան առկախուած աշխատանքի վերագործարկման կ’առաջնորդէ, միւս կողմէ սակայն կը նուիրականացնէ երկրի գերիշխանութեան դէմ հասցուած հարուածը:

Լիբանանեան պետութիւնը ինքնուրոյն կամ ներլիբանանեան  հանգամանքներով չէ, որ կը պաշտօնազրկէ իր նախարարը: Սէուտական Արաբիան կը պահանջէ, Ֆրանսան կը միջնորդէ, առնչուած ուժերը կ’ընդառաջեն եւ նման ելք իբրեւ համաձայնութիւն ընդունելի կը դառնայ լիբանանեան պետութեան կողմէ. այս պարագային նախագահով եւ վարչապետով արտայայտուած:

Որոշումին երկիմաստութիւնը հակասական է: Մէկը առաջնորդուած` երկրի հանգոյցները լուծելու ազգային նախանձախնդրութենէն, միւսը` գերիշխանութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելու ի հաշիւ:

Իսկ Փարիզը փաստօրէն կը շարունակէ միջնորդի կարգավիճակով հանդէս գալ լիբանանեան թնճուկներ լուծելու առաքելութեամբ: Փարիզի առաջադրած մեր օրակարգերը չեն լուծուած անշուշտ: Որովհետեւ կեդրոնացած են միայն  վարչակառավարման դրութեան բարեկարգման հրամայականին վրայ: Պատճառահետեւանքային մօտեցումը կը բացակայէր Ֆրանսայի ներկայացուցիչներու յայտարարութիւններուն եւ պահանջներուն մէջ:

Ինչ կը վերաբերի արտաքին ազդեցութիւններու վերացման եւ միայն լիբանանեան ուժերով կամքի դրսեւորման պահանջին, ապա այստեղ եւս բազմիմաստ մօտեցումներ կան: Մէկ կողմին համար արտաքին ազդեցութիւնը իրանեանն է, միւս կողմին համար Սէուտական Արաբիան է, այլ պարագաներու` Միացեալ Նահանգները կամ եւրոպական այս կամ այն պետութիւնը:

Ահա այստեղ է բարդութիւնը: Եմէնի պատերազմին իւրայատուկ ընկալումը նախարարին կողմէ հաշտ չէ Սէուտական Արաբիոյ շահերուն.  այլ կողմի համար կրնայ հաշտ չընկալուիլ ամերիկեան Քոնկրեսի գովերգանքը` նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը կատարող դատաւորին որոշումներուն: Եւ այսպէս շարունակ:

Այս իրականութիւնը կը մղէ մտածելու այն մասին, որ վաղը այլ խաղաթուղթ կրնայ օգտագործուիլ որեւէ պետութեան կողմէ այս անգամ այլ նախարարի հրաժարականի պահանջով: Նուազագոյն պահանջ կրնայ վերստին անդամալուծել կառավարութիւնը, որ կոչուած է լիբանանեան նաւը առաջնորդել ընտրութեան նաւահանգիստ:

Արդիւնքը այն է, որ անվերջ գերիշխանութիւնը հարուածելով եւ երկիրը առաւելագոյն ձեւով օտար ազդեցութիւններու հրապարակ դարձնելով մենք կը հասնինք կանգառի մը, որ պիտի յատկանշուի նոր խորհրդարանի ձեւաւորման ծրագիրով:

Մինչ այդ, նման պայմանային մօտեցումներու անսալը կամ չանսալը իր հերթին տեղի կու տայ օժանդակութիւններու տրամադրման կամ առկախման: Բնականաբար օժանդակութիւններու պարագային միջազգային ընտանիքը պիտի  շարունակէ շրջանցել կառավարական օղակները եւ եղանակները ապահովել տարբեր կազմակերպութիւններու ճամբով ուղղակի հասնելու ժողովուրդին:

Իսկ ժողովուրդը, որ մէկ կողմէն պիտի նկատէ պետական հաստատութիւններու անգործունէութիւնը եւ միւս կողմէ ընդունի անդադար բուսնող կազմակերպութիւններու օժանդակութիւնները, պիտի ձեւաւորէ հաւաքական տրամադրուածութիւն: Ահա ծրագիրին ընդհանուր գիծերը:

Այս տրամաբանութիւնը կրնայ համոզել դիպաշարին հետեւողը, որ տնտեսական  իրավիճակի ստեղծումը կամ կառավարութեան անդամալուծումը պարարտ ենթահող են ոչ լիբանանեան կազմակերպութիւններու կամ անոնց ֆինանսաւորումով գործող լիբանանեան նոր կազմակերպութիւներու ընկերային աջակցութիւններու հայթայթման ճամբով խորհրդարանի կազմութեան հոլովոյթին վրայ ազդելու:

«Ա.»

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

Յաջորդը

Ալճերիա. «Մարոքի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Գործարքը «Կեղտոտ Ռազմական Միութիւն» Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.