Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Սենտիքայական Շարժումին Յուշումները

February 3, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան հասարակութիւնը միանշանակ կեցուածք չունի երէկ սկսած գործադուլին նկատմամբ: Մինչ ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը կը յայտարարէ, որ երէկ սկսած  բողոքի գործողութիւնը եռօրեայ է, այդուհանդերձ գործադուլը մագլցում ապահովելու նախադրեալներ չի ստեղծեր:

Պահանջը` անցնող հոկտեմբերին վարչապետ Միքաթիի հետ համաձայնեցուած կէտերու վաւերացումն է, որ փաստօրէն առկախուած է:

Քաղաքացիական շրջանակներէ կը հնչեն զօրակցութեան  կոչեր: Ուրիշներ ուղղակի դէմ են նման միջոցներու, որոնք, իրենց համոզումով, որեւէ հանգուցալուծում չեն կրնար ապահովել: Փոխադրական ոլորտին մէջ կան այլ տրամադրութիւններ` ցոյցերը, փակումները ուղղորդուած ձեւով թիրախային եւ հասցէական կազմակերպելու: Կը նշուին պետական հաստատութիւններ` խորհրդարան, կառավարութիւն, նախարարութիւններ, Կեդրոնական դրամատուն:

Երէկուան համապատկերը, բողոքի գործողութիւն ըլլալով եւ  քաղաքացիներու տեղաշարժը որոշ առումով արգելակելով, այդուհանդերձ կողմնակի ճանապարհներ ազատ ձգելով, կիսանդամալուծեց բնականոն կեանքը: Թէեւ բնականոն հասկացողութիւնը Լիբանանի մէջ շատ համեմատական է: Չարձանագրուեցան միջադէպեր, ցուցարարներ-իրաւապահ մարմիններ բախումներ, չեղան քանդումի դէպքեր, յարձակումներ կամ չարձանագրուեցան  խուլիգանական երեւոյթներ:

Ցուցական աքթերու երրորդ ուղղութիւնն էր, որ կ՛արձանագրուէր երկրին մէջ: Առաջինը, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կոչերով, քաղաքացիական շարժումի անուան տակ փողոց դուրս եկած մարդոցմով ժողովրդային շարժումն էր, որ որոշ փուլի վերափոխուեցաւ բռնարարքային եւ յարձակողական գործողութիւններու շղթայի: Եթէ առաջինի պարագային համերգներն ու ժամանցի երեւոյթները տարածականութիւն ապահոված էին, ապա երկրորդը քաղաքացիական անհնազանդութեան բռնարարքով յատկանշուած դէպքերու գիշերային շղթայ էր:

Հիմա երրորդն է, որ դասական է եւ աւանդական` որոշ առումով: Սենտիքայական թուլցած համակարգի վերյիշեցումն է: Իսկ սենտիքաներ կը նշանակեն աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութիւն, գործադիր իշխանութեան հակակշիռ աշխատաւորական շարժում:

Եռօրեայ ժամանակահատուածն ալ աւանդական եղանակի վերյիշում է: Նուիրականացած հասկացողութիւն էր, որ եռօրեայ գործադուլը կ՛ենթադրէ կառավարութեան հրաժարում: Թէեւ այս պարագային, նման պահանջ չէ հրապարակուած: Գոնէ մինչ այժմ:

Զուգահեռ` ի՞նչ կը կատարուի Լիբանանի մէջ: Լիբանանեան դրամանիշի արժեւորման միտումներ, առանց սակագնային իրավիճակի վրայ որեւէ ազդեցութիւն ունենալու: Հակառակ ուղղութեամբ արձանագրուած ոստումներուն առընթեր կայծակնային արագութեամբ գիներու բազմապատկում կը գրանցուէր: Հիմա, բարձրացած գիներու կայունութիւն է, հակառակ ազգային դրամանիշի համեմատական արժեւորման:

Մարդիկ համոզուած են, որ լիբանանեան դրամանիշի արժեւորումը ֆինանսական ժամանակաւոր քաղաքականութեան արդիւնք է եւ դրամական համակարգի յենասիւներու բացակայութեան`   թաւալգլոր վերարժեզրկումը անխուսափելի է:

Այս մթնոլորտին մէջ է, որ ընտրարշաւներու մեկնարկային փուլեր կ՛արձանագրուին: Միջազգային ընտանիքը կը պահանջէ անխախտ պահել խորհրդարանական ընտրութիւններու թուականը: Լիբանանցի քաղաքացիներուն անուղղակի յուշումներ կը կատարուին, որ ընկերային-տնտեսական իրավիճակի փոփոխութեան համար անհրաժեշտ է համակարգային փոփոխութիւնը:

Եւ ահա ձեւ ու մարմին կը ստանայ առաջադրուած օրակարգը: Փոխել խորհրդարանը, որպէսզի փոխուի լիբանանցիներուն կենսակերպը: Այդ օրակարգի ծաւալումն ու զանգուածայնացումը պատուիրողներուն համար ժամանակավրէպ կը թուի սենտիքայական շարժումը, որ դասական է, որ գրաւիչ չէ իր կարգախօսներով, իր արհեստագիտութեամբ:

Լիբանանեան հասարակութիւնը զանգուածային տարողութիւն ապահովեց «մայրիներու յեղափոխութեան», որ ունեցաւ քաղաքական շրջադարձային հետեւանքներ: Միջազգային բռունցքի խորհրդանիշը օգտագործող «յեղափոխութիւն»-ը յայտարարեց համակարգաքանդ իր նպատակները: Սենտիքայականը կը թուի, որ կը մնայ անհաղորդ ժողովուրդին:

Կը վերականգնի պետութիւնը, կը վերագործարկեն պետական հաստատութիւնները այն ատեն, երբ քաղաքացիները կարենան զանազանել ազգայինը արտալիբանանեանէն եւ քաղաքական ներմուծուած օրակարգին սատարելը` համալիբանանեան շահեր առաջադրող, տեղական արտադրութիւն նկատուող ծրագիրներէն:

«Ա.»

 

Նախորդը

Միրզոյեան. «Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւն Կառուցելու Համար Կը Պահանջուի Նաեւ Ազրպէյճանի Նոյնատիպ Դիրքորոշումը»

Յաջորդը

«Ֆրանսան Ռուսիոյ Կողմէն Ուքրանիոյ Տարածք Զինուորական Ներխուժում Կատարելու Ցանկութիւն Չի Տեսներ» Կ՛ըսէ Լը Տրիան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.