Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Դասական Նախապայմաններու Շրջանցումը Եւ Թուրանական Կամուրջի Առաջնահերթութիւնը

Յունուար 17, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւան-Անգարա եւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու գործընթացները կ’ընթանան զուգահեռ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախ նախարարի տեղակալով, ապա պաշտօնական յայտարարութեամբ հաստատեց, որ Մոսկուայի մէջ սկսած երկխօսութիւնը պիտի ընթանայ առանց նախապայմաններու: Հանդիպումէն ետք պաշտօնական լրահոսը ընդգծեց, որ կողմերը համաձայնած են առանց նախապայմաններու շարունակել երկխօսութիւնը:

Նախաբանակցային այս փուլի նախաշեմին գոյացաւ համաձայնութիւն Հայաստան-Թուրքիա թռիչքներ իրականացնելու:Թէ՛ թրքական եւ թէ՛ հայկական օդանաւային ընկերութիւնները փոխադարձաբար դիմած են եւ արտօնութիւն ստացած թռիչքներ իրականացնելու: Մինչ այդ, Հայաստան բացած էր իր օդային տարածքը ազրպէյճանական թռիչքներուն:

Երկրորդ ծրագիրը կեդրոնացած է երկաթուղիի վրայ: Խօսքը մէկ կողմէ Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի, միւս կողմէ Մեղրիի եւ Երասխ-Ազրպէյճանի սահման հատուածներու վերականգնման կը վերաբերի, որուն համար արդէն նշանակուած է աշխատանքային խումբ:

Երկու օրինակներն ալ կը յուշեն, որ գործընթացները կ՛ընթանան փոխկապակցուած շղթայով` հայ-ազրպէյճանական եւ հայ-թրքական ուղղութիւններու վրայ: Հայաստան կը բանայ օդային տարածքը Պաքուի առջեւ, Անգարան կը վերսկսի դէպի Երեւան թռիչքներուն: Երեւանը աշխատանքային խումբ կը նշանակէ դէպի Ազրպէյճան երկաթուղիները գործարկելու նպատակով, Թուրքիան օրակարգ կը բերէ Գիւմրին Կարսին կապող երկաթուղիի ծրագիրը:

Ըստ էութեան 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 9-րդ կէտի իրականացման գործողութիւններու նախապատրաստութիւնն է, որ տեղի կ’ունենայ եւ յայտնաբար այնտեղ արդէն կայ Մոսկուա-Անգարա որոշակի համաձայնութիւն` ընդհանուր զամբիւղի մէջ տեղադրելու ապաշրջափակումը եւ ուղղութիւնները իրարու հետ պայմանաւորելու:

Քաղաքական այս տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ պաշտօնական Անգարայի այն յայտարարութիւնը, թէ` ամէն ինչ պիտի համաձայնեցուի Պաքուի հետ, ի զօրու է: Սահմանի բացումը եւս ուրեմն պիտի հետեւի Ազրպէյճանի հետ սահմանազատման – սահմանագծման ուղղութեան:

Այստեղ կայ նաեւ ճնշում: Զախարովայի յայտարարութիւնը, թէ` եթէ կ’ուզէք, որ ազրպէյճանցիները չկրակեն, ուրեմն սահմանազատումն ու սահմանագծումը իրականացուցէ՛ք, ուղղակի կը խօսի այդ փաստին մասին:

Երկու ուղղութիւներուն վրայ զուգահեռները այնքան բացայայտ են, որ նոյնիսկ միջնորդը նոյնն է: Յայտարարուեցաւ որ Մոսկուան պիտի չմասնակցի երկխօսութեան նիստերուն: Երկխօսութիւնը սակայն, թէկուզ հայկական կողմի առաջարկով, կը կայանայ Մոսկուայի մէջ: Երկխօսութեան մեկնարկը կ’ողջունեն թէ Ռուսիոյ դաշնութիւնը, թէ՛ Ուաշինկթընը եւ թէ՛ Պրիւքսելը:

Երկու ուղղութեամբ սահմաններու բացումը ըստ էութեան Թուրքիոյ ապաշրջափակումն է նաեւ: Խնդիրը 9-րդ կէտով ամրագրուած Նախիջեւանին Ազրպէյճանի հետ ցամաքային միացումով չի սահմանափակուիր: Խորքին մէջ Թուրքիան է, որ Հայաստանի վրայով կը կապուի Ազրպէյճանին եւ անկէ Կեդրոնական Ասիոյ թրքացեղ պետութիւններուն: Թուրանական կամուրջի կառուցման առաջադրանքն է, որ փուլ առ փուլ գործադրութեան կը դրուի:

Այդ կամուրջի կառուցման դանդաղեցումը կամ արագացումը կախեալ է ռուս-թուրք յարաբերութիւններու ելեւէջներէն: Ուքրանիան եւ Ղազախստանը կը յուշեն, որ այդ կամուրջի կառուցումը կրնայ երկար տեւել: Այդ կամուրջը բնականաբար չի բխիր նաեւ Թեհրանի շահերէն, որ ռուս-թուրք մերձեցման  մարտավարութենէն գլխաւոր տուժողն է տարածաշրջանին մէջ:

Բացուող սահմաններու եւ ճանապարհներու անվտանգութեան երաշխաւորութիւնը ստանձնելու պատրաստ Մոսկուան այդ գործառոյթը կը պատկերացնէ յաւելեալ զօրքերու տեղակայումով. այսինքն` Հարաւային Կովկասի մէջ դիրքեր ամրապնդելով: Առանց այդ յաւելումին կամուրջի կառուցումը դժուար տեսանելի կը դառնայ:

Խնդիրներու փոխկապակցուածութիւնն ու թուրանական կամուրջի մեծ օրակարգը պարզ կը դարձնեն դասական նախապայմաններու երկրորդական կարգ անցնիլը, կամ երկկողմ պայմանաւորուածութիւնը` առանց նախապայմաններու գործընթացը շարունակելու:

Հրատապ օրակարգը` թուրանական կամուրջն է: Դասական նախապայմանները հետագային կը վերադառնան: Թէկուզ բաց սահմաններով եւ բաց ճանապարհներով:

 

 

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամները Եւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպումներ Ունեցած Են Մարզերուն Մէջ

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Նախագահը Առաջնահերթ Նկատած Է Ձգձգուած Տագնապներու Խաղաղ Լուծման Որոնումները

RelatedPosts

Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատ Ընդունեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսը Եւ Իրեն Ընկերակցող Պատուիրակութիւնը
Գաղութէ Գաղութ

Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատ Ընդունեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսը Եւ Իրեն Ընկերակցող Պատուիրակութիւնը

Մայիս 24, 2022
Ակնարկ.  Ինքնորոշման Իրաւունքը` Ուշադրութեան Յանձնելէն Եւ Դերակատարութեան Ճանաչումէն Առաջ
Անդրադարձ

Ակնարկ. Ինքնորոշման Իրաւունքը` Ուշադրութեան Յանձնելէն Եւ Դերակատարութեան Ճանաչումէն Առաջ

Մայիս 24, 2022
Միշել. «Յառաջիկայ Օրերուն Տեղի Պիտի Ունենայ  Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ  Սահմանազատման Յանձնախումբի Առաջին Նիստը»
Գլխաւոր լուրեր

Միշել. «Յառաջիկայ Օրերուն Տեղի Պիտի Ունենայ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Սահմանազատման Յանձնախումբի Առաջին Նիստը»

Մայիս 24, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In