Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի Տարին (Դ. Եւ Վերջ). Յուշող Հանգամանքներ

December 31, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դժուար պայմաններու մէջ բոլորեցինք տարին: Կը թուի, որ այդ պայմանները շուտով բարելաւելի չեն, եւ հաւաքական տքնաջան թիավարումին պէտք է պատրաստուինք իբրեւ «Ազդակ»-ի ընտանիք նաեւ:

Կանոնաւոր կշռոյթով թիավարումը կապուած էր կարգ մը հանգամանքներու: Առաջին հերթին, մեր աշխատակազմի աննկուն կամքին տեղի չտալու, «Ազդակ»ի հրատարակութեան անխափանութիւնը սակարկելի չդարձնելու, շատ կարճատեւ հեռակայ աշխատանքէն ետք խմբագրատուն ներկայանալու  եւ մանաւանդ արժեզրկուող աշխատավարձերով  ի գին մեծ զոհողութիւններու անսակարկ աշխատելու: Աշխատակազմի հաւաքական նուիրուածութեան այս երեւոյթը կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի երթի յարատեւման մէջ: Նոյնիսկ աննախադէպ այս պայմաններուն մէջ:

Երկրին ապրած սղաճին ի տես մեր ընթերցողները շարունակեցին պահել իրենց բաժանորդագրութիւնը: Փնտռեցին «Ազդակ»-ը եւ վառելանիւթի տագնապի թէժ օրերուն ցրուումի ժամանակաւոր անկանոնութեան ի տես պահանջեցին թերթը: Հանապազօրեայ թերթը:

Եղան ինքնաբուխ աջակցութեան օրինակներ, երբ խմբագրատուն այցելեցին ընթերցողներ եւ իրենց լուման ներդրեցին «Ազդակ»-ի գործին: «Այս նեղ օրերուն «Ազդակ»-ը պէտք ունի բոլոիս աջակցութեան» ըսին: Եղան շատեր, որոնք ընդառաջեցին մեր դիմումին եւ իրենց անուններով կամ անանուն ձեւով համալրեցին «Ազդակ»-ի ֆոնտին նուիրատուներու ցանկը:

«Ազդակ»-ի փէյփալի հաշուեհամարի թիւերը անընդհատ փոխուեցան: Մեր արտասահմանի ընթերցողները ցանցային նուիրատուութիւններով իրենց մասնակցութիւնը ունեցան այս անխափանելիութեան:

Կարեւոր էր նաեւ «Ազդակ»-ի մնայուն նուիրատուներուն աջակցութիւնը. յատկապէս արտասահմանէն, զանազան շրջաններէն մեր ընթերցողները իրարու հետ խորհրդակցեցան նիւթական մասնակցութեամբ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու թերթին:

Այս համապատկերը խրախուսական էր. «Ազդակ» կը վայելէր բոլորին հոգատարութիւնն ու աջակցութիւնը:

Այս բոլորին առընթեր կար անշուշտ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի յատուկ հոգատարութիւնը, նիւթական ամբողջական զօրակցութիւնը եւ թերթը ամէն գնով հրատարակելու, նոյնիսկ ժամանակաւորապէս չառկախելու ամուր որոշումը: Ի վերջոյ թերթին լոյս չտեսնելը իբրեւ մեր նահանջի, կրճատումներու եւ դիրքեր լքելու համազօր երեւոյթ կրնար մեկնաբանուիլ: Այս մօտեցումը այլ տարբերակ չէր ձգեր մեզի, նոյնիսկ ամէնէն վհատեցուցիչ պայմաններուն մէջ:

Կար աւելի՛ն. կուսակցութիւնը հանգամանաւորապէս կը յայտարարէր, որ «Ազդակ»-ը միայն մամուլի հրատարակման գործառոյթ չէ, որ կատարած էր եւ կը կատարէ: Մարդուժի պատրաստութեան միջավայր է, եւ այդ միջավայրը պէտք է շարունակէ բանիլ ի գին ամէն տեսակ զոհողութեան:

Մրցանակներու առաջին հորիզոնականները, չզիջուող դիրքերը, պատուոյ գիրերն ու շնորհակալագիրները անշուշտ քաջալերական են  եւ կը փոխանցեն գնահատական: Գործնական աջակցութիւնները եւս գնահատականի տեսակ են: Նամականիները, աշխատակցութիւնները, քաջալերական գրութիւնները, «Ազդակ»-էն ակնկալիքները` աշխատանքի վերանորոգ թափ: Նուիրատուութիւնները` շարունակականութեան երաշխիք: Իսկ  կուսակցութեան որոշումները թերթին անխափանելիութիւնը ապահովելու` բարոյական լիցք:

Այս բոլոր հանգամանքներուն գիտակցումով է, որ «Ազդակ»-ի ընտանիքը կ՛ամփոփէ ծանր տարին եւ  տակաւին ծանր օրեր դիմակայելու իրատեսութեամբ կը դիմաւորէ նորը:

Բայց այս բոլոր հանգամանքները կը յուշեն մեզի, որ մենք կը յաջողինք յաղթահարել գալիք դժուարութիւնները եւս:

Շնորհաւոր Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ:

Նախորդը

Թրքական Ապրանքներու Հայաստան Ներածման Արգելքը Վերցուեցաւ

Յաջորդը

Միասի՛ն Երաշխաւորենք Ապագայի Մեր Հաւաքական Երթը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.