Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Սփիւռքն Ու Համազգային Օրակարգը` Նախագահի Հրաժարականի Հիմնաւորումներուն Մէջ

January 25, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սարգսեանի հրաժարականը յանկարծակիութեան գործօնով կը յատկանշուի: Հակառակ անոր որ օրեր առաջ հայաստանեան որոշ լրատուակայքեր շրջանառութեան մէջ դրին նախագահի հեռանալու մասին լուրեր` բժշկական քննութիւններու պատճառով արձակուրդի երթալու առիթով:

Հրաժարականի մասին իր հրապարակած յայտարարութիւնը ամէնէն շատ կը խօսի բացակայող լիազօրութիւններու մասին: Նախագահը չունի գործառոյթներ կարեւորագոյն գործընթացներու վրայ ազդելու առումով: Նախագահ Սարգսեան կանխած է հարցումը, թէ ինչո՞ւ հիմա է, որ կ՛երթայ այդ քայլին, հակառակ անոր որ պաշտօնը ստանձնելու համաձայնութիւն տուած օրէն, ան կը գիտակցէր գործիքակազմի բացակայութեան իրականութեան:

Չի բացառուիր անշուշտ առողջական պատճառը: Արմէն Սարգսեան նոյն պատճառով հրաժարած էր վարչապետի պաշտօնէն: Այդուհանդերձ իր հիմնաւորումները քաղաքական բնոյթ ունին եւ անուղղակի ակնարկութիւն կը կատարեն  առողջական պատճառներու մասին. «Իմ անձի հանդէպ այդ «մտահոգուածութիւնը» դուրս է գալիս նաեւ բարոյականութեան սահմաններից` վերջնական արդիւնքում ուղղակիօրէն բացասաբար ազդելով առողջութեան վրայ»:

Անշուշտ խոցելի է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս նման յայտարարութեամբ հանդէս գալը: Երեւոյթը աւելի յարիր է  պետական հարուածով իշխանափոխութիւններ ընդգրկող ոչ ժողովրդավար պետութիւններուն, որոնց կը հետեւին ապաստանելու դիմումները:

Ա.- Տարբեր փուլերուն փոխուած է նախագահին մասնակցութեան աշխուժութեան չափը, այդուհանդերձ «ես չէի դադարում հաւատալ մեր վերջնական համազգային յաջողութեանը»: Պարզ է ըսուածը. նախագահը չէ յաջողած ձեւաւորել համազգային յաջողութիւն: Չէ յաջողած համախմբել համահայկական ներկայացուածութիւն պետութեան շուրջ:

Բ.-  Նախագահական հիմնարկը պիտի ունենար հնարաւորութիւններ եւ գործիքներ` ազդելու արտաքին քաղաքական եւ տնտեսական, ներդրումային քաղաքականութեան վրայ, սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ միջազգային ասպարէզին մէջ համազգային շահերը յառաջ մղելու եւ նոր գիտակրթական ու բարձր արհեստագիտական միջավայր ձեւաւորելու համար: Ուրեմն` սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու վերաիմաստաւորում` նախագահին կողմէ կատարուելիք ուղենշային հունաւորումներով, չէ կայացած:

Գ.- Գործող Սահմանադրութիւնը, ըստ նախագահին, սփիւռքի յայտնի մասնագէտներուն համար ստեղծած է խոչընդոտներ պետական կառոյցներու մէջ ներգրաւուելու առումով: Ուղղակի արգելք երկքաղաքացիներուն ստանձնելու պետական պաշտօններ թէ՛ օրէնսդիրին, թէ՛ գործադիրին եւ թէ՛ Սահմանադրութեամբ ճշդուած այլ պետական կառոյցներուն մէջ:

Դ.- «Երբ անհրաժեշտ է համազգային միասնութիւն, նախագահական հիմնարկը պէտք չէ դառնայ բամբասանքներու ու դաւադրութեան տեսութիւններու թիրախ` անով իսկ շեղելով հասարակութեան ուշադրութիւնը կարեւորագոյն խնդիրներէն»: Դարձեալ համազգային միասնութեան բացակայութեան մասին է, զոր նախագահը չէ յաջողած կայացնել:

Վերջապէս`

Ե.- «Կրկին կրնայ հարց յառաջանալ, թէ ինչո՞ւ նախագահը չկրցաւ ազդել այն քաղաքական իրադարձութիւններուն վրայ, որոնք մեզ հասցուցած են ներկայ համազգային ճգնաժամին»: Անկախ հարցումին հռետորական բնոյթէն, այստեղ կայ բանաձեւ` «համազգային ճգնաժամ»: Եւ կայ յստակ ուղերձ. համազգային ճգնաժամը չի վերաբերիր միայն պատերազմին եւ պատերազմով ստեղծուած իրավիճակին, որ համազգային է անպայման, քանի որ հայրենիքը համազգային յղացք է, եւ ճգնաժամը ամբողջ ազգին կը վերաբերի: Շեշտուած են քաղաքական իրադարձութիւնները, որոնք միայն ներքին չեն, այլ նաեւ արտաքին: Հայկական կողմը կը գտնուի թոյլ վիճակի մէջ բանակցելու` տարի մը առաջ պատերազմ յաղթած թուրքեւազրպէյճանական դաշինքին հետ: Այս եւս համազգային ճգնաժամ է, որովհետեւ բանակցութեան նիւթերը կը վերաբերին հայրենի տարածքներուն համակողմանիօրէն: Բանակցելի կէտերուն, կարմիր գիծերուն, նախապայմաններուն չընդառաջելու հայկական կողմի մօտեցումներուն ճշդումին մասնակից չեն ո՛չ սփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչները, ո՛չ ալ սփիւռքի մասնագէտները:

Այս բոլորի չկայացման պատասխանատուութիւնը հրաժարականի  հիմնաւորումներուն մէջ կեդրոնացած է գործող Սահմանադրութեան վրայ: Սահմանադրութիւնը չէր արգիլեր սակայն, որ սկսելու համար խորհրդատուական եւ քննարկման համահայկական կամ համազգային ձեւաչափեր եւ հարթակներ ստեղծուէին նախագահին նախաձեռնութեամբ: Պիտի յառաջանար հարց` այդ քննարկումներու եզրակացութիւնները որքանո՞վ պիտի ազդէին իշխանութիւններու ներքին-արտաքին քաղաքականութեան վրայ:

Տարակուսանքը ունի իր տրամաբանութիւնը. այդուհանդերձ նախագահը պէտք էր նախաձեռնէր համահայկական մարդուժի պետականութեան շուրջ համախմբումին:

 

 

Նախորդը

Նիկոլ Փաշինեան. «Հայաստան Կ՛ուզէ Առանց Նախապայմաններու Յարաբերութիւններ Հաստատել Թուրքիոյ Հետ»

Յաջորդը

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին. Պայտըն Պալթեան Եւ Արեւելեան Եւրոպական Երկիրներուն Մէջ 1000-5000 Զինուոր, Օդուժ Ու Նաւատորմիղ Տեղակայելու Կարելիութիւնը Կը Սերտէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.