Առցանց լսարանի երեւոյթը չէր վրիպած Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան, պատմութեան եւ արեւելագիտութեան հիմնարկներու տնօրէնութիւններուն կողմէ, որոնց հետ արդէն ճանապարհ անցած էր «Ազդակ»-ը տարբեր գիտաժողովներու մասնակցութեամբ: Յատուկ շնորհակալագիրներ յանձնուեցան «Ազդակ»-ին` գիտական այդ հիմնարկներուն հետ նպատակաուղղուած համագործակցութիւն իրականացնելու համար:
Այս պատուոյ գիրերէն առաջ Հայաստանի Ազգային գրադարանի եւ «Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնները ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր: Համագործակցութեան առանցքը կը վերաբերի «Ազդակ»-ի ամբողջ հաւաքածոյի մատենագիտութեան պատրաստութեան: «Ազդակ»-ի թուայնացուած հաւաքածոն իրենց տրամադրութեան տակ ունեցող հայրենի մատենագէտները արդէն երկու տարիէ ի վեր կ՛աշխատին այս կենսական առաջադրանքը իրականացնելու համար: «Ազդակ»-ի մատենագիտութեան պատրաստութեամբ յատկապէս սփիւռքահայ կեանքը ուսումնասիրողը պիտի ունենայ հսկայական շտեմարան եւ այդ շտեմարանէն օգտուելու կարեւորագոյն ուղեցոյց:
Հայրենի պետական-գիտական հաստատութիւններու հետ «Ազդակ»-ի համագործակցութիւնը շարունակելու նախադրեալներ ունի: Ակադեմիայի բազմաթիւ հմուտ գիտնականներ հիւրընկալուած են եւ պիտի շարունակեն հիւրընկալուիլ «Ազդակ»-ի լսարաններուն: Մինչ Ազգային գրադարանին հետ պիտի փոխանակուին հրատարակութիւններ, եւ յատկապէս պիտի կազմակերպուին մամուլի վերաբերող հրատարակութիւններու միացեալ ներկայացումներ, շնորհահանդէսներ:
Սփիւռքահայ մամուլի եւ հայրենի գիտական կեդրոններու հետ համագործակցութիւնը կենսական է: Մեզի կը պակսին մամլոյ մատենագիտութիւն պատրաստողներ, մամուլի պատմութեան գիտակներ, որոնց մենք պէտք է տրամադրենք նիւթեր եւ հարթակներ: Իսկ փաստը ցոյց տուաւ, թէ ինչքա՛ն կարեւոր է հայրենի ակադեմականներու ներդրումը հայրենիք-սփիւռք փորձագիտական մակարդակի վրայ կազմակերպուած քննարկումներուն:
Անվերջ կը խօսուի համահայկական օրակարգի մշակման կարեւորութեան մասին: Պետութենէն գալիք նախաձեռնութիւններու բացը կը թուի, որ պէտք է լրացնէ հայրենի գիտական մարդուժը: Կը գտնուինք շրջադարձային փուլերու նախաշեմին, յատկապէս արցախեան հակամարտութեան եւ Երեւան-Անգարա երկխօսութեան մեկնարկի առումներով: Երկուքին պարագային կը բացակայի հայեցակարգ, նոր ռազմավարութիւն եւ բանակցելու համար կարմիր գիծերու յստակացում, ներկայացուելիք կէտերու ճշդում: Մէկ խօսքով` համահայկական ամէնէն կարեւոր օրակարգի տակ տեղադրուող կէտերու քննարկում: Իսկ համահայկական օրակարգը նաեւ սփիւռքի մասնակցութիւն է:
Այս բոլորը կ՛ենթադրեն մասնագիտական քննարկումներու հիման վրայ մշակելի, խմբագրելի թղթածրարներ: Տարբեր խնդիր, թէ այսօրուան իշխանութիւնները որքանո՞վ պատրաստ են լսելու համահայկական մարդուժի քննարկած եւ եզրակացուցած տեսակէտները:
Համահայկական համակարգի մշակման համար հայրենիք-սփիւռք քննարկումներու հարթակները պէտք է ներառեն տարբեր ուղղութիւններ, տարբեր ձեւաչափեր:
Անշուշտ յաւակնութիւնը չունինք այդ մեծ բացը լրացնելու «Ազդակ»-ը պարզապէս մամլոյ հաստատութենէն ակնկալուած սահմաններուն մէջ կը փորձէ քննել այդ խնդիրները, ստեղծել այդ միացեալ հարթակը:
Բայց այս հրամայականը պէտք է սուր հնչեղութիւն գտնէ, եւ հայ հրապարակագրութիւնը, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, արծարծէ համահայկական օրակարգ մշակելու անյետաձգելիութիւնը:
Կար ժամանակ, որ հայ մտաւորականութիւնը բարոյապէս կրնար ճնշել եւ իշխանութիւններուն եղանակ պարտադրել: Ճնշման միջոցը մամուլն էր եւ հրապարակախօսութիւնը: Հիմա հեռո՞ւ ենք այդ ժամանակներէն: