Երէկ, Լիբանանի տարածքին արձանագրուած ցասումի օրը բնականաբար պիտի չյաջողէր նոր հունաւորում ապահովել լիբանանեան տնտեսական, ֆինանսական, քաղաքական գործընթացներուն: Չորեքշաբթի գիշեր պատահած դէպքերը, հինգշաբթիի համատարած գործադուլն ու անհնազանդութեան շարժումի ծիրին մէջ տեղադրուող ճամբաներու փակումը ժողովուրդի ցասումը արտայայտող սահմանափակ գործողութիւններ են, որոնք չունին յստակ թիրախաւորում: Չունին նաեւ պատկերացում` իրավիճակի փոփոխութեան համար առաջադրելի ընթացակարգերու` քաղաքական, իրաւական կամ ընդհանուր բարեկարգումի ծրագիրի առումներով:
Այս անյստակութիւնն ու անորոշութիւնն են հաւանաբար, որ չեն նպաստեր շարժումի զանգուածայնացման: Չկան գաղափարներ, հայեցակարգեր, ծրագիրներ: Ճիշդ է, որ համատարած համոզում է, որ եղածը արտաքին պաշարումի հետեւանք է եւ թէ այդ արտաքին պաշարումը ոչ թէ տնտեսական կամ բարեկարգչական շարժառիթներ ունի, այլ, ըստ էութեան, քաղաքական դրդապատճառներ, աւելի ճիշդը` նախապայմաններ, որոնք կը դրուին Պէյրութի առջեւ միջազգային ընտանիքին կողմէ:
Ո՛չ միայն քաղաքական, այլ նաեւ քաղաքացիական ենթահողը միակամ չէ, կոտորակուած է, եւ իւրաքանչիւր հատուած կը շարժի հովանաւորի թելադրանքներով. ցասումին մասնակցելու կամ չմասնակցելու որոշումներով. իսկ քաղաքական հոսանք ըսելով այլեւս միայն դասական համայնքային համակարգին մասին չէ խօսքը: Քաղաքացիական շրջանակները եւս զուտ ներլիբանանեան մղումներէ եւ ներշնչումներէ չեն շարժիր բնականաբար:
Եթէ գաղափարական ենթահողը կայացած ըլլար, եթէ արտալիբանանեան ներշնչումներէ զերծ ըլլային քաղաքական դիրքորոշումները, երկխօսութեան կամ բազմախօսութեան հրաւէրը ի սկզբանէ պիտի չմերժուէր: Այստեղ կայ նաեւ հարուած հանրապետութեան նախագահութեան հեղինակութեան: Սահմանադրութեամբ ամրագրուած հանրապետութեան նախագահութեան հրաւէրի մերժումը ո՛չ միայն հանգուցալուծման համար խորհրդակցութիւններու մերժում է, այլ նաեւ նոյնինքն նախագահութեան հեղինակազրկման հաւասարազօր քայլ է:
Եթէ կայացած ըլլար համալիբանանեան գաղափարական ենթահողը, հասարակական մակարդակի վրայ, համատարած ցասումի բողոքը կը վերածուէր պարտադրանքի` խորհրդակցութեան սեղանի շուրջ համախմբելու երկիրը բաղկացնող բոլոր համայնքներու քաղաքական ներկայացուցիչները: Այդ երեւոյթը նաեւ կը նկատուէր համայնքային – հատուածականէն դուրս գալու եւ համալիբանանեան քաղաքացիական պետութեան ձեւաւորման կարեւորագոյն փուլ նուաճելու միջոց:
Կեղծ է ուրեմն օրակարգը` համայնքայինէն քաղաքացիական անցումի: Համայնքային կառավարումէն դժգոհները կրնային զանգուածայնացնել շարժումը իրենց համայնքներու ղեկավարներու մերժումը դատապարտելով եւ համախմբուելու առաջադրանքին սատարելու պարտադրանք ստեղծելով:
Խորհրդակցութեան սեղանին կրնային բերել համակարգային փոփոխութեան խնդիրը: Ճգնաժամը յաղթահարերու բարեկարգումներուն անցնելու, իրաւական պետութիւն ստեղծելու համար միջոցներ անմիջապէս որդեգրելու հրամայականները: Եթէ փողոցի պարտադրանքը կայանար, երկխօսութեան օրակարգով համախմբուած պատասխանատուները ստիպուած կ՛երթային այդ ընտրանքներուն:
Փողոցն ու պալատը այս պարագային, կամ` հասարակութիւնն ու պետական համակարգը կարեւոր քայլով մը իրար կրնային մօտենալ, եթէ ըլլար ծրագիրը, եթէ ըլլար լիբանանեան աղբիւրներէ ջուր խմող ժողովրդային շարժումը:
Հիմա ունինք պառակտուած պետութիւն եւ չկայացած ժողովրդային շարժում: Թոյլ պետութիւն եւ չկայացած քաղաքացիութիւն: Բանաձեւը այս բոլորին` հակաենթահողը, որուն հիման վրայ երկիրը տեսականօրէն պիտի ուղղուի դէպի խորհրդարանական ընտրութիւններ: Միջանկեալ իրաւական հարթակի վրայ մէկ քայլ առաջ երկու քայլ ետի դատական որոշումներ, ճամբորդութեան արգելքներ, բայց նաեւ զուգահեռ հովանաւորչութիւններ, քաղաքականութեան եւ արդարադատութեան համախառն իրավիճակներ:
Մերժուող նախագահութենէն մինչեւ անգործութեան դատապարտուած կառավարութիւն, անցնելով դռներ բացող-փակող օրէնսդիրէն եւ քաղաքականացուած արդարադատութենէն` Լիբանանը կը տուայտի աղքատութեան, դրամանիշի արժեզրկման եւ ցնցոտիացուող քաղաքացիական հասարակարգի երեւոյթներուն մէջ:
Իսկ գերտէրութիւնները ո՛չ միայն կը հեռակառավարեն քաղաքական դաշտը, այլ նաեւ քաղաքացիական հասարակարգը. այդ իսկ պատճառով հասարակութիւնը չի յաջողիր համախմբման օրակարգ պարտադրել պետութեան:
Այս բոլոր հանգամանքները պէտք է նկատի ունենալ գիտակցելու համար, թէ ինչո՛ւ հայկական գործօնը կարեւոր նկատեց երկխօսութեան ընդառաջումն ու մասնակցութիւնը` երկրին մնացորդացը փրկելու:
«Ա.»