Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Թուրանական Գարուն Կամ Ուքրանիա 2

Յունուար 10, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ղազախստանի իրադարձութիւններու քաղաքական տարատեսակ ընթերցումներն ու մեկնաբանութիւնները` յաճախ հակասական, երբեմն  իրար լրացնող, այնուամենայնիւ պատահարներուն բուն շարժառիթները չեն կրնար տեղադրել յստակ շրջագիծի մէջ:

Թուրանական գարունի տեսութիւնը կը շրջագայի միջազգային վերլուծաբանութեան մէջ. յետխորհրդային հանրապետութիւններու մէջ գործող եւ չհեռացող ղեկավարներու փոփոխութեան գործընթացին մէջ իրադարձութիւնները մեկնաբանելու երեւոյթները ուշագրաւ են: Ռուսական ազդեցութեան պայքարի ղազախստանեան գործողութիւնը եւս տեսանելի է: Անշուշտ` իշխող հարստապետական կարգերուն դէմ ժողովրդային ընդվզումի զանգուածայնացումը հիմնական ենթահողն է: Տակաւին` Արեւմուտքի դիրքորոշումը եւ յատկապէս հակաժողովրդավար վարչակարգի տապալման  եւ հետեւաբար ռուսական խաղաղապահութեան մերժումը գործընթացներու վրայ ազդելու համար յայտարարուած օրակարգեր են:

ՀԱՊԿ-ի հայաստանեան նախագահութիւնը ազդեցիկ գործօն չէ: Չափազանցուած են եւ քարոզչական հիմնաւորուածութեամբ բացատրուող` ՀԱՊԿ-ի մեքանիզմները առաջին անգամ ըլլալով Երեւանի կողմէ բանեցուած ըլլալու յայտարարութիւնները: Աներկբայ է այստեղ ռուսական պատուէրը, չըսելու համար` հրահանգաւորումը: Եւ պարզ է, որ Երեւանը չէր կրնար այլ բան ընել:

Երկրորդական հանգամանք ունի նաեւ պաշտօնական Նուրսուլթանի դիրքորոշումը արցախեան 44 օրեային նկատմամբ. նաեւ` Ալիեւի ուղղուած նամակը կամ Ազրպէյճանին յղուած շնորհաւորանքները: Ներկայ պայմաններուն մէջ Երեւանը չունի այդ հարցերը արծարծելու կարելիութիւն կամ անոնց պատճառով առնուազն քննելի դարձնելու ուժ ուղարկելու կամ չուղարկելու ընտրանքները: Որոշումը բացառապէս Մոսկուային կը պատկանի:

Տարընթերցումներ, աւելի ճիշդը` տարատեսակ մեկնաբանութիւններ կան խաղաղապահ առաքելութիւն ուղարկելու իրաւականութեան շուրջ: Մէկ կողմէ կ՛ըսուի, որ ՀԱՊԿ-ը կը միջամտէ, եթէ իր կազմակերպութեան անդամ պետութեան սահմաններուն նկատմամբ ոտնձգութիւն կատարուի, հետեւաբար ՀԱՊԿ-ի գործառոյթը չունի կանոնադրական հիմք, միւս կողմէ կը շեշտուի, որ արտաքին թափանցումով ահաբեկչական գործողութիւններ սկսած են ՀԱՊԿ-ի անդամ Ղազախստանի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հաստատութիւններուն դէմ: Տրամագծօրէն հակոտնեայ դիրքերու վրայ են Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը առաջին հերթին. մանաւանդ, երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէ, որ անհրաժեշտութիւն չկար ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ առաքելութեան: Ամերիկացի նախարարը կ՛ըսէր, որ Մոսկուան կը փորձէ յետխորհրդային երկիրներու վրայ ազդեցութեան ոլորտը վերականգնել: Վերականգնելը արդէն կորսնցուցած ըլլալու փաստի մասին կը խօսի:

Զգուշ է Անգարան: Անոր արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէ, որ Թուրքիոյ համապատասխան գերատեսչութիւնները պիտի քննարկեն Ղազախստանին օժանդակելու միջոցները: Առայժմ չկայ որեւէ պաշտօնական հակադրութիւն ռուսական զօրքերու Ալմաթի տեղակայման: Ղազախստանի մէջ Անգարան ունի ենթահող ազգաբնակչային զանգուածի առումով, եւ Ղազախստանը ի վերջոյ թուրանական ցեղի երկիր է:

Ուշագրաւ է սակայն Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, որ Ղազախստանի դիմելը ՀԱՊԿ-ին անընդունելի է այն պատճառով, որ միջպետական այդ կազմակերպութեան նախագահը Հայաստանն է: Այս բանաձեւին մէջ կ՛ամփոփուի Անգարայի ամբողջ ուղղութիւնը: Զուտ հայկական գործօնով պայմանաւորելով դիմումին անընդունելիութիւնը` նախկին դիւանագէտը ծխածածկոյթ կը յառաջացնէ:

Նոյն յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Ղազախստանը թրքական աշխարհի ամէնէն կեդրոնական երկիրն է. ըստ էութեան, համաթրքական ծրագիրի գաղափարախօսութիւնն է, որ լուսարձակի տակ կ՛առնուի: Հայաստանի նախագահութիւնը շատ երկրորդական նշանակութիւն ունի այստեղ. սլաքը հիմնովին եւ ուղղակի ուղղուած է Մոսկուային, որ խորքային առումով կը ղեկավարէ ՀԱՊԿ-ն: Իսկ այս բաղադրիչը կը խօսի արդէն ռուս-թրքական մրցապայքարի, շահերու բախման նոր ռազմավարական կէտի մասին:

Թրքական ոչ պաշտօնական մեկնաբանութեան համաձայն, ուրեմն, ռուսական զօրքեր կը տեղակայուին թրքական աշխարհի ամէնէն կեդրոնական երկրին մէջ:

Թուրանական գարուն, ռուսական ազդեցութեան վերականգնման փորձ, Ուքրանիա 2 եւ ռուս-թրքական շահերու բախման նոր կէտ: Ահա մինչ այժմ երեւցած նոր ուղղութիւնները Ղազախստանի մէջ:

«Ա.»

Նախորդը

Հայաստանը Պիտի Կազմակերպէ ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ. 100 Հայ Խաղաղապահներ Հասած Են Ղազախստան

Յաջորդը

Զիտան Յառաջիկայ Ամառ Պիտի Գլխաւորէ Փարիզ Սեն Ժերմենը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?