Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. «Ազդակ»-ի Տարին (Գ.) Դարձեալ Երիտասարդութեան Մասին

December 30, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ապագայ լրագրողներու մեր ծրագիրը համավարակի սահմանափակումներուն պատճառով առկախուեցաւ. սկսած շարքը իր լրումին չհասաւ: Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ աշխատանքը պիտի մնայ առկախ: Եթէ սահմանափակումներու պայմանները չվերանան, ամենայն հաւանականութեամբ «Ազդակ» առցանց պիտի շարունակէ այս աշխատանքը: Այստեղ այլ հնարաւորութիւն եւս կը ստեղծուի: Երիտասարդ յօդուածագիրներ պատրաստելու մեր նախաձեռնութիւնը Լիբանանէն դուրս եկաւ. մենք ունեցանք առաջին յաջող փորձը, եւ այս ծրագիրի պատասխանատուն գործուղուեցաւ Իրաքի Պասրա շրջանը` այնտեղի հայ երիտասարդութեան հետ աշխատանոց կազմակերպելու համար:

Նախնական փորձը քաջալերական է, եւ «Ազդակ» տարբեր համայնքներու պատասխանատուներու հետ խորհրդակցութեան մէջ է նման երիտասարդական աշխատանոցներ տեղւոյն վրայ կազմակերպելու համար:

Հայրենադարձութեան նիւթին մասին պատրաստուած հարցախոյզը եւ անոր հիման վրայ վիճակագրական տուեալներով յագեցած կանխատեսական վերլուծումներու հրապարակումները բացառապէս ամբողջութեամբ երիտասարդներու հաւաքական աշխատանքի արդիւնք էին:

Նոյն եղանակով կ՛ընթանայ «Ազդակ»-ի մասին հարցախոյզը. տակաւին չենք հասած ճշդուած թուային թիրախին` մասնակցութեան առումով: Նախաձեռնութիւնը, աշխատանքը «Ազդակ»-ի շուրջ հաւաքուած երիտասարդներուն կը պատկանի. նկատելի է, որ մինչեւ հիմա մասնակցողներու կարեւոր համեմատութիւնը եւս երիտասարդներն են: Ասոնք մեր մամուլին կապուածութեան երիտասարդութեան իւրայատուկ երեւոյթներ են: Անկասկած պէտք է շարունակել անոնց ներգրաւումը զանազան աշխատանքներու մէջ:

Երիտասարդական նախաձեռնութիւն էր նաեւ ընկերային հարցերու շուրջ (սեռային իրաւահաւասարութիւն, սեռային բռնութիւն…) յօդուածաշարքի հրատարակումը «Ազդակ»-ի էջերուն: Միջազգային օրակարգերու հայկական պատշաճեցման փորձ էր կատարուածը եւ դիտարկումի յատուկ ոսպնեակի ապահովում` մեր շուրջ արձանագրուող իրադարձութիւններու մասին լուսարձակներ բանալու, խիստ կարեւոր ընդգծումներ կատարելու եւ զանոնք հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու առումով:

Ծրագրած ենք համահայկական այլ օրակարգերու վերաբերող յօդուածաշարքերու հրատարակման աշխատանք իրականացնել: Դարձեալ երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ:

Անշուշտ բաւարարուած չենք այս աշխատանքներուն ծաւալով: Երիտասարդութեան ներգրաւումի յաջողութեան մասին կրնանք խօսիլ այն ատեն, երբ մեր էջերը ողողուին երիտասարդ ստորագրութիւններով, բայց մանաւանդ անոնց բերած նոր մտածողութեան օրինակներով: Երիտասարդութեան վերապահուած է հեռանկար` պայծառացնելու գաղափարական գործը: Նորարարութիւնը հրամցնելու եւ գաղափարախօսութեան ներկայացման գրաւիչ եղանակներ որդեգրել տալու պարտադրանքը:

Այս տեսութիւնը չի վերաբերիր միայն մամուլին,  այլ նաեւ ընդհանրապէս մեր ազգային հասարակական կեանքին: Մամուլը սակայն այս անհրաժեշտութիւնը շեփորողն ու երիտասարդական ենթահողի պարարտացման կարեւորագոյն պատասխանատուներէն է: Եւ եթէ չէ կայացած այդ ենթահողը, մենք եւս ունինք մեր պատասխանատուութեան բաժինը:

Վարժողական ծրագիրներ, գործուղումներ, քննարկումներ եւ երիտասարդական յօդուածաշարքեր նախատեսուած են  բացուող տարուան ընթացքին: Երիտասարդութեան ներգրաւման փորձերը պիտի շարունակուին:

Նախորդը

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի Հաղորդագրութիւնը՝ Հայ-թրքական Յարաբերութիւնների Վերաբերեալ

Յաջորդը

«ՕԹԱՆ-ը Վտանգաւոր Սադրանքներ Կը Կազմակերպէ ՀԱՊԿ-ի Անդամ Երկիրներու Սահմաններուն Մօտ» Կ՛ըսէ Զաս

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակային Տեսութիւնը
Խմբագրական

Ակնարկ. Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակային Տեսութիւնը

November 9, 2026
Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Խմբագրական

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.