Ակնարկ. Դամասկոսի Նախապայմանները
Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Սուրիոյ, Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարներու ժողովին առիթով հնչած յայտարարութիւններու ամէնէն հիմնական բաժինը Դամասկոս- Անգարա յարաբերութիւններու վերականգնման կը վերաբերի: Հանդիպումին ձեւաչափը փոխնախարարներու մակարդակով է, ինչ որ հանգուցալուծման մօտալուտ ըլլալուն մասին չի խօսիր: Միայն ձեւաչափը չէ, որ հանգուցալուծում չի նախանշեր, որքան ալ ընդհանուր միտումը յայտարարուած առաջադրանքը կ՛ենթադրէ: Օրակարգը` նոյնպէս. Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ տեսակէտներու մերձեցումն...




















