Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Արցախը Նահանջելու Տեղ Չունի

Փետրուար 20, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
1
Share on FacebookShare on Twitter

Շրջափակուած Արցախը կը նշէ իր իրագործած ազատամարտի սկզբնաւորութեան 35-ամեակը: Պարզ է բոլորին համար, որ շրջափակումը որեւէ ձեւով բնապահպանական շարժառիթներու հետ կապուած չէ: Ո՛չ ալ հանքերու շահարկման օրակարգին հետ կապ ունի: Պաքուն կը ճնշէ, որպէսզի իրականութիւն դառնայ թուրանական կամուրջը, իր նախընտրած քարտէսներուն հիման վրայ սահմանազատուի եւ սահմանագծուի Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանը: Այս բոլորին ուղղութեամբ գործնական աշխատանքներու փուլի անցնելու համաձայնութիւնն է, որ կրնայ ապաշրջափակել Արցախը: Ինչ որ կը նշանակէ պարզապէս տեղի տալ Ազրպէյճանի պահանջներուն:

Անկանոն, հակասական եւ քաղաքականօրէն չհիմնաւորուած կեցուածքներն են Երեւանի յայտարարածները: Ինչպէ՞ս կարելի է մէկ թղթածարի մէջ ներառել` «Արցախի ճակատագիրին շուրջ Հայաստանի իշխանութիւնները իրաւասութիւն չունին բանակցելու» մօտեցումը, ապա` «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարութիւնը, յետոյ` «Արցախը իրաւունքի խնդիր է եւ ոչ թէ տարածքի» տարտամ եւ անբովանդակ հայեցակարգի որդեգրումը, կամ` «պարտաւոր ենք պաշտպանել Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնն ու իրաւունքները»: Այս բոլորը խուսափում են ինքնորոշման իրաւունքի եզրէն, որ ըստ էութեան կազմած էր հայկական կողմին բանակցային ռազմավարութեան առանցքն ու ամբողջ դիւանագիտութեան փիլիսոփայութիւնը:

Պաքուի պահանջներուն առաստաղը բարձր է: Այդ բոլորէն ետք կամ անոնց առընթեր հիմա Ազրպէյճան ի՛նք կ՛որոշէ, թէ Ստեփանակերտի հետ ե՛րբ եւ ի՛նչ օրակարգով կը բանակցի: Այստեղ կանգ չ՛առներ Պաքուի պահանջներուն չափը: Կը պահանջուի պետական նախարարի հեռացումը Արցախէն:

Ծայր կ՛առնեն ներարցախեան խմորումներ: Սահմանադրութեան փոփոխութիւն, նախագահին առընթեր խորհրդատուական մարմինի կազմութիւն, պաշտօնանկութիւններու մասին լրատուութիւններու շրջանառում: Այս բոլորը կապուած են Ստեփանակերտ-Պաքու նոր բանակցութիւններու հաւանական մեկնարկին հետ կամ ապաշրջափակման իբրեւ նախապայման կը պարտադրուին Պաքուին կողմէ:

Հարաւային Կովկասի անվտանգային ճարտարապետութեան երկու յենասիւները Մոսկուան ու Անգարան են: Հաւաքական Արեւմուտքը կը շարունակէ իր հակակշռելու քաղաքականութիւնը տարածաշրջանին մէջ գլխաւոր ճարտարապետներուն կողքին դեր վերցնելու առաջադրանքով: Իրանը չ՛ուզեր դուրս մնալ գործընթացներէն եւ կը կատարէ վճռական յայտարարութիւններ:

Աշխարհաքաղաքական այս հանգոյցներուն դիմաց չ՛առարկայանար համազգային միասնականութիւն: Երեւանը չի յաջողիր կամ չ՛ուզեր համակարգել եւ դերերու տեղաբաշխումով նուազագոյն վնասով դուրս բերել հայրենիքն ու հայութիւնը այս յորձանուտէն: Մոսկուան կլանուած է հիմնականին մէջ ոչ միայն Ուքրանիոյ, այլ նաեւ հաւաքական Արեւմուտքի դէմ պատերազմելով, իսկ Անգարան կը փորձէ յաղթահարել բնական աղէտի արհաւիրքը: Պաքուն կ՛աճապարէ, նախքան աշխարհաքաղաքական իրադրութեան որեւէ փոփոխութիւն իրականացնել իր ճշդած կանոններով խաղաղութեան համաձայնագիրը:

Արցախը տարբեր առիթներու դրսեւորեց օրինակելի երեւոյթ թէ՛ պետական եւ թէ՛ հասարակական մակարդակներով համախմբուելու եւ իր իրաւունքներուն զանգուածային տարողութեամբ տէր կանգնելու: Ստեփանակերտի մէջ առարկայացաւ 88-ի ոգին: Ճիշդ 35 տարի առաջ յառաջացած երեւոյթը:

Տարբերութիւնը այն էր, որ 88-ին այդ ոգին Արցախէն արագօրէն անցաւ Երեւան եւ ապա ամբողջ հայկական աշխարհ, ոտքի հանելու համար ամբողջ ազգը: Ազատագրուեցաւ Արցախը եւ կերտուեցաւ մեր երկրորդ հանրապետութիւնը:

Հիմա այդ ոգիի տարածման համար կան արգելքներ ըստ երեւոյթին: Կան պատնէշներ: Այդ ալիքաւորումը չի հասնիր Երեւան եւ չի տարածուիր հայկական աշխարհին մէջ:

Արցախը ետքայլ չի կրնար արձանագրել սակայն: Նոյնիսկ եթէ իր ոգին չի թեւածեր հայկական աշխարհի միւս մոլորակներուն վրայ: Արցախի ապաշրջափակման համար գին կը պահանջուի:

Յայտարարուած օրակարգերէն անկախ անիրատեսական չէ, որ պիտի ձեւաւորուի Ստեփանակերտ-Պաքու բանակցային հարթակի ձեւաչափ: Մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այն, թէ ինչի՛ շուրջ պիտի բանակցին կողմերը: Հիմա որեւէ պաշտօնանկութիւն կամ բանակցողի փոխարինում ենթարկուիլ է Պաքուի թելադրած կանոններուն:

Արցախի հայութիւնը միակ գրաւականն է մեր գոյերթի վերականգնման: Իսկ Արցախը նահանջելու տեղ չունի:

Նախորդը

Միւնիխի Մէջ Փաշինեան-Պլինքըն-Ալիեւ Հանդիպում

Յաջորդը

«Քալչիօ». Հենրիխ Մխիթարեան Նշանակեց Ինթեր Միլանի Երկրորդ Կոլը

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Comments 1

  1. Յարութ Չէքիճեան says:
    2 years ago

    Ստորեւ նշուածը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց 17-րդ «Վալտայ» խորհրդաժողովին 22 հոկտեմբեր 2020, եւ զետեղուած է նախագահական կայքէջին մէջ http://en.kremlin.ru/events/president/news/64261 ,որ սակայն հայկական դիւանագիտութեան եւ լրատուամիջոցներուն կողմէ ցարդ կը մնայ անտեսուած:
    Միւնիխի մէջ այժմ «միջնորդութիւն» կատարողներէն, մանաւանդ Միացեալ Նահանգներէն կ՚ակնկալուի նման կեցուածք որդեգրել կանխարգիլելու համար արդէն շրջափակումով սկսուած ցեղասպանութիւնը:
    Փութին ըսաւ. «Սակայն, վստահաբար, մենք չենք կրնար մոռնալ Ա. համաշխարհային պատերազմի տարիներուն հայ ժողովուրդին ապրած ողբերգութեան մասին, որ հայ ժողովուրդին համար հսկայական ողբերգութիւն է: Այս մէկը (հարցումիդ պատասխան) երկրորդ մասն է: (Այսինքն իբրեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի` մենք յատուկ կեցուածք ունինք*):

    «Երրորդ մասը հիմնուած է այն փաստին վրայ, որ այս հակամարտութիւնը բռնկեցաւ ոչ միայն իբրեւ միջպետական հակամարտութիւն կամ տարածքներու համար պայքար: Ան սկսաւ իբրեւ ցեղային հակամարտութիւն: Ցաւալիօրէն փաստ է նաեւ, որ վայրագ ոճիրներ գործադրուեցան հայ ժողովուրդին դէմ (Ազրպէյճանի կողմէ*) նախ Սումկայիթի մէջ եւ ետքը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Այս բոլորը պէտք է հիմք ընդունինք` մէկ պարունակի մէջ:

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?