Գերմանիոյ վարչապետին կատարած յայտարարութիւնը գրաւած է բոլոր լուսարձակները: Երկար ատենէ ի վեր միջազգային նման մակարդակէ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի իրաւադրոյթը չէր հնչած. յատկապէս` 44-օրեայ պատերազմէն ետք:
Ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի բարձրաձայնումը եւ զայն հաւասարազօր նկատելը` տարածքային ամբողջականութեան հիմնադրոյթին, ըստ էութեան ԵԱՀԿ-ի Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի հիմնարար սկզբունքներու կարեւորագոյն եռակէտին կ՛անդրադառնայ: Աւելի մասնակի` մատրիտեան սկզբունքներուն, ուր փոխզիջման առանցքային բանաձեւը հիմնուած էր կարգավիճակ` տարածքներու դիմաց յարաբերակցութեան վրայ, նկատի առնելով տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքները:
44-օրեան իրողապէս տապալեց բանակցային այս դրուածքը, իսկ Ուքրանիոյ պատերազմը խորքին մէջ չէզոքացուց, չըսելու համար` չեղարկեց, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի եռանախագահական միջնորդութիւնը` անհնարին դարձնելով Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու ու Ֆրանսայի համատեղ գործակցութիւնը:
Հիմա Գերմանիոյ վարչապետը կը վերարծարծէ այն սկզբունքները, որոնց շուրջ կ՛աշխատէին ԵԱՀԿ-ն ու Մինսքը:
Դժուար է եզրակացնելը, որ նման յայտարարութեամբ Պերլինը կ՛ուզէ վերագործարկել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի ձեւաչափը` աւանդական հասկացողութեամբ: Գերմանիան ԵՄ-ի արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր ճարտարապետներէն է եւ գործնապէս կը սատարէ տարածաշրջանէն ռուսական գործօնի դուրսմղման աշխարհաքաղաքականութեան:
Ուրեմն յայտարարութիւնը պէտք է փորձել դիտարկել ԵՄ-ի առած քայլերու ընդհանուր տրամաբանութեան պարունակին մէջ:
Այսպէս` «Սթաթուս քոն (գոյավիճակը) չի կրնար շարունակուիլ, եւ պէտք է երկարաժամկէտ լուծման յանգիլ` ի բարօրութիւն մարդկանց: Այս տեսանկիւնէն անհրաժեշտ է հասնիլ խաղաղ հանգուցալուծման, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներու ինքնորոշման իրաւունքի տեսանկիւնէն: Ընդ որում, այս բոլոր սկզբունքները հաւասարազօր են»:
Ներկայ գոյավիճակը անընդունելի է Գերմանիոյ վարչապետին համար: Ագուցելով այս հաստատումը արծարծուած հիմնական սկզբունքին` ինքնորոշման իրաւունքին, նման անընդունելիութիւն կը վերաբերի Շուշիի եւ Հադրութի բռնագրաւումին, քանի որ ինքնորոշման տարածքը ԼՂԻՄ-ն է:
Գերմանական եւ եւրոմիութենական հայեցակէտը կրնայ, այս իրողութեան առընթեր, այլ բան եւս յուշել: Գոյավիճակի ստեղծման հիմքը հրադադարի յայտարարութիւնն է, ուր յստակ է հիմնական ճարտարապետը, միջնորդը, երաշխաւորը: Մանաւանդ` խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնողը: Պաշտօնական Պերլինը այս ձեւով անընդունելի կը նկատէ նաեւ այսօրուան գոյավիճակի հիմնական երաշխաւորին դերակատարութեան շարունակութիւնը: Յայտարարութեան մղիչ գործօնի տեսանելիութիւնը աւելի կը յստականայ այս ձեւով:
«Անհրաժեշտ է հասնիլ երկարատեւ խաղաղութեան»-ը կ՛ենթադրէ խաղաղութեան համաձայնագիրի բանակցութիւններ: Բնականաբար Պերլինի ներկայացուցիչը կողմ է պրիւքսելեան բանակցութիւններուն, որոնք առայժմ կ՛ընթանան Մոսկուայի միջնորդութեան զուգահեռ, եւ որոնք վաղը կրնան ուղղակի հակադրուիլ այսօրուան գոյավիճակի խաղաղապահութիւնը ստանձնողին:
Ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի վերարծարծումը նշաձողի ճիշդ աստիճանաչափի վերաճշդումն է Գերմանիոյ կողմէ: Գերմանիան ԵՄ-ի ընդհանուր քաղաքականութեան համահունչ յայտարարութիւն կատարած է: Հայկական կողմը անպայման պէտք է հաշուարկէր, որ աշխարհաքաղաքական բախումնային կէտերու մէջ ինքնորոշման իրաւունքի առաջադրանքը կրնար վերայայտնուէր իբրեւ երկարատեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու իրաւադրոյթ, հաւասարազօր, ըստ Գերմանիոյ ներկայացուցիչին, տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին: Առ այդ, աճապարանքը` յայտարարելու, թէ միջազգային հանրութիւնը հայկական կողմէն կ՛ակնկալէ նշաձողի իջեցում, նուազագոյն ըսելաձեւով քաղաքականօրէն սխալ քայլ է:
Երէկ լրատուական շրջանառութեան մէջ երեւցաւ նիւթ, ուր կ՛ըսուէր, որ Գերմանիոյ կառավարութեան բանբերի տեղակալը յայտարարած էր, թէ Արցախի հարցով Գերմանիոյ դիրքորոշումը չէ փոխուած: Գերմանիան միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքին ամբողջականութիւններու սկզբունքին վրայ կոչ կ՛ընէ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին խաղաղօրէն լուծելու հակամարտութիւնը: Այս յայտարարութիւնը մինչեւ երէկ երեկոյ կը բացակայէր Գերմանիոյ թէ՛ կառավարութեան եւ թէ՛ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքերէն: Չի բացառուիր, որ փոխբանբերը նման յստակացում կատարած ըլլայ ի պատասխան լրագրողի մը հարցումին:
Շոլցի յայտարարութիւնը կրկնուելու պարագային ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի վերարծարծման քայլին մէջ կ՛արձանագրուի համատեղում ԵՄ-ի եւ հայկական կողմի շահերուն: Այդ պարագային, յայտարարութիւնը հայկական կողմին համար յաղթաթուղթի հանգամանք կրնայ ունենալ, գիտակցելով, որ գերմանական հայեցակէտը այստեղ ռուսական գործօնով ստեղծուած գոյավիճակը մերժելն է եւ գոյավիճակի երաշխաւորին դուրս մղումը Հարաւային Կովկասի գործընթացներէն: Աշխարհաքաղաքական բախման այս կէտերը նկատի ունենալով է, որ հայկական կողմը պարտի կիրարկել շատ նուրբ դիւանագիտութիւն` հետագայ ցնցումներէն նուազագոյն վնասով դուրս գալու համար: