Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Սումկայիթէն Բերձոր. Լիբանանահայութեան Համակարգուած Աշխատանքի Փաստը

Փետրուար 25, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սումկայիթեան եղեռնագործութեան ոգեկոչումը Լիբանանի մէջ կը կատարուի միացեալ: Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները հանրութեան կը ներկայանան միասին` նոյն պահանջներով եւ առաջադրանքներով, պայքարը շարունակելու եւ զոհերուն արդար հատուցում պահանջելու նոյն մօտեցումներով:

Լիբանանցի քաղաքացին այսօր հեռու է մարդկութեան դէմ գործադրուած ոճիրներու նկատմամբ զգայնութիւն ցոյց տալու, հակազդելու եւ արդար պայքարին իր զօրակցութիւնը յայտնելու սկզբունքներէն: Ան կը տուայտի տնտեսական տագնապի ծանրագոյն հետեւանքները կրելու դժնդակ պայմաններու մէջ եւ պարզապէս վերապրելու միջոցներ կ՛որոնէ:

Այդ պայմաններուն մէջ է նաեւ լիբանանահայը, որ ընդառաջելով հայ քաղաքական կուսակցութիւններու կոչին, իր յարգանքը կը մատուցէ ազրպէյճանական ահաբեկչական պետութեան զոհ գացած հայերու յիշատակին եւ ոճրագործ պետութեան ծալքերը հանրայնացնելով իրադրութիւններու ամբողջ պատկերը կը փոխանցէ լիբանանեան հասարակութեան, պետութեան եւ միջազգային ընտանիքին:

Սումկայիթեան եղեռնագործութեան շարժառիթներն ու ծալքերը բացայայտելը անհրաժեշտ է ամբողջ հակամարտութեան էութիւնը իւրացնելու համար: Ըմբռնելու, թէ ինչո՛ւ ինքնապաշտպանութեան մարտերու դիմեց Արցախի հայութիւնը, թէ ինչո՛ւ անհամատեղելի նկատեց Արցախն ու Ազրպէյճանը եւ թէ ինչո՛ւ մերժեց մաս կազմել Ազրպէյճանի կազմին եւ հռչակեց անկախութիւն ու հանրապետութիւն:

Ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը հիմնուած էր ցեղային զտումի չենթարկուելու անմիջական սպառնալիքին վրայ: Ցեղային զտումի քաղաքականութիւնը փաստ էր Սումկայիթի մէջ, ապա նաեւ Կիրովապատի ու Պաքուի: Հետագային այդ քաղաքականութիւնը շարունակուեցաւ արցախեան պատերազմի իւրաքանչիւր արարին ու փուլին, երբ ռազմական յանցագործութեան ամէնէն վայրագ դրսեւորումները առարկայացան ո՛չ միայն հայ զինուորին, այլ նաեւ հայ անզէն քաղաքացիին նկատմամբ: Սպաննելու, բնաջնջելու եւ ոչնչացնելու պետական վարքագիծի շարժառիթը հայկական պատկանելիութիւնն էր:

Սումկայիթի դատապարտումը միջազգային ատեանի կողմէ կրնար կանխել հետագայ ոճիրները: Նոյնն է տրամաբանութիւնը` ցեղասպանութեան ճանաչումը կանխարգիլումն է հետագայ ցեղասպանութիւններու, իսկ ժխտումը` ցեղասպանութեան շարունակութիւնը:

Սումկայիթեան ջարդերուն միջազգային գնահատականի բացակայութիւնն էր, որ Սաֆարովները մղեց սառնասրտօրէն կացինահարելու հայ սպան Պուտափեշտի մէջ: Դատապարտանքի նոյն բացակայութիւնն էր, որ հերոսացուց ոճրագործը փոխանակ դատավճիռի գործադրութեան շարունակութեան կամ արտայանձնումի մերժումին:

Սումկայիթեան ջարդեր կազմակերպած Պաքուն անպատիժ ձգելն էր, որ այսօր բնապահպանական տարազին տակ Բերձորի միջանցքի փակումին կ՛առաջնորդէ նոյն ահաբեկչական պետութեան ներկայացուցիչները, որոնք չեն վարանիր բացայայտ խօսելու իրենց ցեղային զտման քաղաքականութեան մասին:

Լա Հէյի միջազգային ատեանի որոշումը` Բերձորի միջանցքով երկու ուղղութեամբ ազատ տեղաշարժ ապահովելու, իրաւական պայքարի վերամեկնարկի նոր նախադրեալներ կը փոխանցէ: Գիտակցելով, որ չկայ զուտ իրաւական հարթութիւն եւ թէ` անպայման գործընթացները պէտք է ընկալել իրաւաքաղաքական ամբողջականութեան մէջ, պայքարը նաեւ այդ դաշտին մէջ տանելու հրամայականին առջեւ կանգնած ենք:

Սումկայիթէն Բերձոր ահաբեկչական նոյն պետութեան ձեռագիրն է, որ կը շարունակէ ստորագրել ցեղային զտումի ամէն մէկ գործողութեան տակ: Քաղաքական պահերու բացած իւրաքանչիւր կարելիութիւն լիարժէք օգտագործելով հայկական կողմը պարտաւոր է տեսնել իրաւական գետնի վրայ առաւելներ ձեռք ձգելու առիթները:

Շուտով ականատես կ՛ըլլանք նաեւ Լիբանանի մէջ թերեւս, Խոջալուն հակադրելու Սումկայիթին եւ զայն ներկայացնելու իբրեւ հայերու կողմէ կիրարկուած «ցեղասպանութիւն» ազրպէյճանցի ժողովուրդին դէմ: Այս նենգափոխումը չէզոքացնելու հարկադրանքին առջեւ ենք նաեւ իբրեւ լիբանանահայութիւն եւ լիբանանահայ քաղաքական կուսակցութիւններ: Այստեղ եւս կայ հրամայական` իրողութեան բոլոր ծալքերը լոյսին բերելու, հրապարակաւ վերարծարծելու ազրպէյճանական խոստովանանքները, թէ ո՛վ եւ ինչո՛ւ ծրագրեց Խոջալուի ազրպէյճանական ինքնաոչնչացումը: Իսկ իրաւական հարթութեան վրայ եթէ պէտք է  նաեւ պայքարելու, որ Խոջալուն չհակակշռէ Սումկայիթը:

Համահայկական օրակարգի կէտեր են այս բոլորը: Լիբանանահայութիւնը նման օրակարգերու գծով միասին ու համակարգուած աշխատելու հերթական փաստը կու տայ:

Նախորդը

Արթուր Մոսիեան. «Կարճ Ժամանակի Մէջ Ռուբէն Վարդանեան Դարձած Է Պայքարի Խորհրդանիշը, Եւ Զայն Հեռացնելը Լաւ Բան Չի Յուշեր»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 25 Փետրուար 2023)

RelatedPosts

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն.  «Հինգ Կէտի Մէջ Ազրպէյճանական Կողմը Սահմանէն  100-էն 300 Մեթր Աւելի Առջեւ Տեղակայուած Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն. «Հինգ Կէտի Մէջ Ազրպէյճանական Կողմը Սահմանէն 100-էն 300 Մեթր Աւելի Առջեւ Տեղակայուած Է»

Մարտ 31, 2023
Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Աղաւնոյ  Եւ Տեղ Գիւղերուն Միջեւ Փակած Են  Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Աղաւնոյ Եւ Տեղ Գիւղերուն Միջեւ Փակած Են Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին

Մարտ 31, 2023
Հայաստանը Վերապահութեամբ Միացած Է  «Յանուն Ժողովրդավարութեան»  Վեհաժողովի Հռչակագիրին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանը Վերապահութեամբ Միացած Է «Յանուն Ժողովրդավարութեան» Վեհաժողովի Հռչակագիրին

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In