Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Միջազգային Դատարանի Որոշումին Աշխարհաքաղաքական Բաժինը

Փետրուար 28, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջազգային դատարանի միջանկեալ որոշումը` Պաքուին պարտաւորեցնելու Բերձորի միջանցքով քաղաքացիներու եւ բեռներու երկու ուղղութեամբ ազատ տեղաշարժը ապահովելու, կարելի է իրաւական հարթութեան վրայ առաւել նկատել հայկական կողմին համար: Մանաւանդ որ միաժամանակ մերժուած է Ազրպէյճանի դիմումը նոյն դատարանին, ուր Հայաստանը կը մեղադրուէր Արցախն ու յարակից տարածքները ականապատելու յանցանքով: Այս պահանջը ըստ էութեան կը հիմնաւորէր Ազրպէյճանի կողմէ միջանցքի փակման գործողութիւնները:

Անհրաժեշտ է ընդունիլ, որ չկայ զուտ իրաւական որոշում: Անպայման քաղաքական բաժինը կ՛ընկերակցի կամ կը փոխշաղկապուի իրաւականին: Գործընթացները պէտք է ընկալել իրաւաքաղաքական ընդհանուր պարունակին մէջ:

Հիմա ընդհանուր խօսոյթը կեդրոնացած է այդ որոշումի կատարման պարտադիր ըլլալու բնոյթին վրայ եւ հարց է, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, եթէ Պաքուն չգործադրէ միջազգային դատարանին որոշումները: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբերին հաստատումները, թէ որոշումի գործադրութիւնը պարտադիր է, այնքան բացարձակ եւ պարզ պէտք չէ ընկալել: Միջազգային ընտանիքը, իւրացնելով միջազգային ատանին որոշումը, ի՛նք կ՛որոշէ, թէ ե՛րբ եւ ի՛նչ ձեւերով կիրարկել կու տայ որոշումը: Աւելի ճիշդ, այդ որոշումը խաղաթուղթ է միջազգային ընտանիքի ձեռքին ընտրելու ժամանակը պատժամիջոցներ որդեգրելու կամ ուժ կիրարկելու: Նախընթաց դէպքերը այդ մասին կը յուշեն: Քաղաքական իրատեսութիւնը մտածել կու տայ, որ Պաքուն Բերձորի միջանցքը կը բանայ միայն հայկական կողմին հետ ընթացող բանակցութիւններուն իր կողմէ առաջադրուած պայմաններու բաւարարման պարագային: Այդ առաջադրանքները կապ չունին բնապահպանական, հանքերու շահարկման կամ ականապատման պատրուակներուն հետ: Անոնք ըստ էութեան միջանցք-միջանցքի դիմաց, անցակէտ-անցակէտի դիմաց կամ աւելին` Արցախի մէջ պաշտպանութեան բանակի լուծարման եւ նման արմատական խնդիրներու հետ կապուած են:

Շարունակենք քաղաքական վերլուծումը: Հայկական կողմը բողոքի դիմումը կատարած է ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային հռչակագիրին ներքեւ: Միջազգային դատարանին ընդունումը, բողոքը այդ յօդուածին ընդառաջ քննարկելու, կը նախանշէ արցախեան հակամարտութեան էութեան ընդգծումը: Հակամարտութիւնը եւ անոր հետեւանք Բերձորի փակումը առանցքայնօրէն ցեղային (էթնիք) խնդիր է: Այս ընդգծումը կատարեց նաեւ պատերազմի դադրեցման համար միջնորդի դիրքերէ հանդէս եկող Մոսկուան: Մոսկուայի արծարծած տրամաբանութիւնը այն էր, որ իր խաղաղապահ առաքելութիւնը արցախեան գօտիին մէջ  հրամայական է` կանխարգիլելու համար ցեղային զտումի գործողութիւնները:

Միջանցքի փակումին դէմ այս հարցին քննարկումը ընդունելով հիմա միջազգային ընտանիքին արդարադատութեան բաժանմունքը ըստ էութեան կ՛ազդարարէ հակամարտութեան ցեղային բնոյթ ունենալը: Ազրպէյճանցիները Բերձորի միջանցքը փակելով կը կիրարկեն ցեղային զտումի քաղաքականութիւն Արցախին դէմ:

Առաջին հայեացքով տեսանելի է համատեղելիութիւն ռուսական եւ միջազգային ընտանիքի դիրքորոշումներուն կամ հարցի ընկալման մօտեցումներուն մէջ: Կայ սակայն կարեւոր երանգային տարբերութիւն, որ քաղաքական հակոտնեայ դիրքերու մասին կը խօսի:

Միջազգային դատարանը յղում կը կատարէ 9 նոյեմբերի յայտարարութեան եւ կը յիշեցնէ, որ այնտեղ կայ պայմանաւորուածութիւն Բերձորի միջանցքով ազատ տեղաշարժի ապահովման: Նախ եւ առաջ այս մէկը 9 նոյեմբերի օրինականութեան ճանաչում է եւ ատով իսկ նաեւ ռուսական միջնորդութեան ընդունումը: Բայց նաեւ ռուսական երաշխաւորութիւնը այդ բոլորի գործադրութեան:

Միջազգային դատարանը միջազգային ընտանիքին, ՄԱԿ-ին արդարադատութեան բաժանմունքն է: Վերադառնանք այն տեսութեան, որ չկայ զուտ իրաւականութիւն. կայ իրաւաքաղաքականութիւն:

9 նոյեմբերի յայտարարութեան յղում կատարելով միջազգային դատարանը ըսել կ՛ուզէ, որ ռուս խաղաղապահ առաքելութիւնը չի յաջողիր կատարել իր պարտաւորութիւնը: Չի յաջողիր կանխարգիլել ցեղային զտման Պաքուի քաղաքականութիւնը: Հետեւաբար իր որոշումներու գործադրութեան համար ի պահանջեալ հարկին կրնան անհրաժեշտ նկատուիլ այլ ուժեր:

Մոսկուան պիտի աշխատի արագացնել Բերձորի միջանցքի բացումը` կանխարգիլելու համար այլոց ներգրաւուածութիւնը. մինչ Անգարան եւ Պաքուն պիտի փորձեն առաւելագոյնս օգտագործել այս  խաղաթուղթին շահարկումը բոլոր ուղղութիւններով:

Իրաւական այս որոշումին քաղաքական ենթաբնագիրը կը վերաբերի Հարաւային Կովկասի մէջ ռուսական գործօնին. աւելի ճիշդը` զայն փոխարինելու հեռանկարին:

«Ա.»

Նախորդը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Արցախի Շրջափակման Հիմքին Մէջ Կայ Ազրպէյճանի Ձգտումը` Արցախի Ժողովուրդը Զրկելու Հայրենիքէն Եւ Ի Վերջոյ` Ոչնչացնելու»

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Շուշի Շրջանի 4 Գիւղեր Կտրուած Են  Արցախի Միւս Բնակավայրերէն
Գլխաւոր լուրեր

Շուշի Շրջանի 4 Գիւղեր Կտրուած Են Արցախի Միւս Բնակավայրերէն

Մարտ 30, 2023
Քալիֆորնիոյ Համագումարի Դատական Յանձնախումբը Ընդունած Է Արցախի Շրջափակումը  Դատապարտող Հայ Դատի Յանձնախումբի  Պաշտպանած Բանաձեւը
Գլխաւոր լուրեր

Քալիֆորնիոյ Համագումարի Դատական Յանձնախումբը Ընդունած Է Արցախի Շրջափակումը Դատապարտող Հայ Դատի Յանձնախումբի Պաշտպանած Բանաձեւը

Մարտ 30, 2023
Կալուզին Կը Հաստատէ Հայ-Ազրպէյճանական  Սահմանին Վրայ ՀԱՊԿ-ի Առաքելութեան  Տեղակայման Պատրաստակամութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին Կը Հաստատէ Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ ՀԱՊԿ-ի Առաքելութեան Տեղակայման Պատրաստակամութիւնը

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In