Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Չինական Առանցքը Աշխարհակարգային Տարողութեամբ

Մարտ 11, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրան- Սէուտական Արաբիա դիւանագիտական յարաբերութիւններ վերահաստատելու որոշումը նոր գործընթացներու միտումներ կը նախանշէ: Նախ անմիջապէս պէտք է անդրադառնալ, որ համաձայնագիրը ստորագրուած է Փեքինի մէջ, ինչ որ Չինաստանի միջնորդութեան մասին կը խօսի: Ոչ միայն միջնորդութիւն, այլ նաեւ քաջալերանք կ՛ենթադրէ ստորագրութեան վայրը:

Չինաստանը նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման գործընթացին մէջ առ այս պահը տնտեսական բեւեռի կարգավճակ ունի: Տակաւին ռազմաքաղաքական առումով բեւեռայնացումի քայլեր չեն երեւիր մոլորակի տարբեր աշխարհագրական միջավայրերուն մէջ: Թայուանի հանգոյցը եւ անկէ ետք Միացեալ Նահանգներու երկինքին վրայ երեւցած չինական արբանեակները այդ հարթութեան անցումի նախադրեալներ կրնան սեպուիլ:

Նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման բախումներուն մէջ յստակ կ՛երեւի սակայն ամերիկեան անհանգստութիւնը նոր ռազմավարական առանցքի կազմութեան նախադրեալներուն ի տես: Այդ առանցքը Չինաստանէն սկսեալ անցնելով Հնդկաստան, կ՛անցնի Ռուսիայէն եւ կը հասնի Իրան: Այս առանցքը կ՛ունենայ ճիւղաւորումներ տարբեր տարածաշրջաններուն մէջ եւ կրնայ ներգրաւել ամերիկեան քաղաքականութեան հակադրուած պետութիւններ:

Նոր բեւեռը ուրեմն հիմա կը միջնորդէ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ: Երանգներ կան այստեղ, եւ քաղաքականօրէն անշուշտ ճիշդ չ՛ըլլար իւրաքանչիւրը միագոյն ընկալելու մօտեցումը: Իրանը կ՛ապաշրջափակուի դանդաղօրէն, Ռուսիոյ արագ մեկուսացման աշխարհաքաղաքականութեան դիմաց: Մինչ Ռիատը դանդաղ քայլեր կ՛առնէ Ուաշինկթընէն հեռանալու վարքագիծ որդեգրելով:

Երկուքին պարագային նշուած գործընթացները դանդաղ են: Այդ գործընթացներու վերահսկողութեան ղեկը ստանձնելու գործողութիւն է, որ Չինաստանը կ՛իրականացնէ այս ձեւով:

Հիմա` քիչ մը հայկական ոսպնեակով փորձենք հեռուէն դիտարկել իրադարձութիւնը: Իրանը յատկապէս «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի կառուցման ամէնէն վճռական խոչընդոտողն է: Կը դիմագրաւէ սակայն իր սահմանամերձ շրջաններուն մէջ օտար ուժերու տեղակայման վտանգը: Իսրայէլի զինումը Ազրպէյճանին եւ իսրայէլեան սպառազինութեան տեղակայումը իրանամերձ տարածքներու վրայ անվտանգային օրակարգի վերածուած է հրատապօրէն: Հայաստանը ոչ միայն իրանամերձ իր աշխարհագրութեամբ, այլ նաեւ տնտեսական առումով կարեւորագոյն պատուհան է ապաշրջափակուող Իրանին համար: Ահա այստեղ է, որ այժմէական նշանակութիւն կ՛ունենայ Պարսից ծոց-Սեւ ծով ցամաքային տարանցիկութիւնը` Իրան- Հայաստան-Վրաստան-Սեւ Ծով-Եւրոպա կենսաճանապարհով: Ծոցը ոչ հեռու կտրուածքով կրնայ տնտեսական հարթակ դառնալ նաեւ Ռիատ- Թեհրան համագործակցութեան դէպի նոյն ճանապարհով ծաւալային արտահանումներու:

Ռիատը մինչ այժմ չունի դիւանագիտական յարաբերութիւններ Հայաստանի հետ: Այս հարցը սակայն ապրած է դանդաղ հոլովոյթ. Անգարայի հետ Ռիատի յարաբերութիւններու վատթարացման առընթեր սաստկացան Հայոց ցեղասպանութեան մասին համաարաբական բարձրաձայնումները, ղեկավարուած Ռիատէն: Սէուտական Արաբիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարները սկսան շնորհաւորել զիրար` երկիրներու ազգային տօներուն առիթով: Աննախադէպ քայլով Սէուտական Արաբիոյ Լիբանանի մէջ դեսպանը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն եւ այնտեղ գտնուող Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած մատուռ` այնուհետեւ իր այցելութիւնները կրկնելով:

Չի բացառուիր, որ Իրան-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւներու բնականոնացումը որոշակի ազդեցութիւն ունենայ Ռիատ-Երեւան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման վրայ: Ծոց-Սեւ ծովը բնականաբար պիտի աշխատի երկու ուղղութեամբ:

«Ա.»

Նախորդը

Հայաստան ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալի` Իր Չափաբաժինէն Հրաժարելու Առաջարկ Ներկայացուցած Է

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 103-ի Լուծում

RelatedPosts

Շուշի Շրջանի 4 Գիւղեր Կտրուած Են  Արցախի Միւս Բնակավայրերէն
Գլխաւոր լուրեր

Շուշի Շրջանի 4 Գիւղեր Կտրուած Են Արցախի Միւս Բնակավայրերէն

Մարտ 30, 2023
Քալիֆորնիոյ Համագումարի Դատական Յանձնախումբը Ընդունած Է Արցախի Շրջափակումը  Դատապարտող Հայ Դատի Յանձնախումբի  Պաշտպանած Բանաձեւը
Գլխաւոր լուրեր

Քալիֆորնիոյ Համագումարի Դատական Յանձնախումբը Ընդունած Է Արցախի Շրջափակումը Դատապարտող Հայ Դատի Յանձնախումբի Պաշտպանած Բանաձեւը

Մարտ 30, 2023
Կալուզին Կը Հաստատէ Հայ-Ազրպէյճանական  Սահմանին Վրայ ՀԱՊԿ-ի Առաքելութեան  Տեղակայման Պատրաստակամութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին Կը Հաստատէ Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ ՀԱՊԿ-ի Առաքելութեան Տեղակայման Պատրաստակամութիւնը

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In