Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Կը Հեռակառավարուին Թէ՛ Պետական Դաշտը Եւ Թէ՛ Քաղաքացիական Հասարակութիւնը

Մարտ 3, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան դրամանիշի անսանձ  գահավիժումի իւրաքանչիւր նոր փուլ իր  քաղաքական բացատրութիւնները ունի: Ներլիբանանեան անհամաձայնութիւններ, հակոտնեայ դիրքորոշումներ, հրաժարեալ կառավարութեան լիազօրութիւններէն դուրս քայլերու անօրինականութեան հետ կապուած հարցեր, քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերու անարձագանգ մնացող կոչեր` հանրապետութեան նախագահ ընտրելու, եւ ընդհանրապէս ճգնաժամէն դուրս գալու համար տարբեր կողմերու միջեւ երկխօսութեան բացակայութիւն: Զուգահեռ սակայն, Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցի ընդհանուր տնօրէնի հանգստեան կոչում, Պեքաայի եւ Պաալպեքի մէջ թմրեցուցիչի դէմ կատարուող գործողութիւններ եւ ուշագրաւ ձերբակալութիւններ, ֆինանսական քաղաքականութեան հետ կապուած կառավարութեան եւ Կեդրոնական դրամատան կողմէ յայտարարուող նոր որոշումներ: Եւ` խորհրդարանական յանձնախումբերու գործնական ընթացիկ նիստեր:

Այս բոլորին մէջ երկու ուղղութիւն ուշագրաւ  լուսարձակի տակ կ՛առնուին: Թէ՛ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի հանգստեան կոչումը եւ թէ՛ բանակի կողմէ արձանագրուող գործողութիւնները կը խօսին երկու իրաւական-ապահովական ոլորտներու գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը պահպանելու մօտեցումի մասին:

Մնացեալ մարզերը ո՛չ միայն անդամալուծուած, այլ նաեւ հետզհետէ կազմաքանդման ընթացքի մէջ են` գործադիրէն դատական, տնտեսականէն ֆինանսական:

Համակարգի որոշ բաժիններու բանումն ու այլոց կազմաքանդումը ընդհանուր համակարգումի եւ հունաւորման տեսութիւնը կը շեշտէ: Լիբանանը  այն պայմաններուն մէջ է, որ ինքնուրոյն չի  կրնար աշխատցնել իր պետական կառոյցները. շատ արագ կրնան բախումի տանիլ նոյն ոլորտի պատասխանատուները, չէզոքացնել ամբողջ պետական համակարգ մը, միեւնոյն ժամանակ պահպանելով այլ գերատեսչութիւն մը կամ այս պարագային ամբողջ բանակը:

Ապահովական մարզի կամ զինեալ ուժերու տարանջատումը արդէն բոլորովին նոր իրավիճակ կը ստեղծէ եւ ըստ էութեան իրողական քաոսի մէջ կը ներքաշէ ամբողջ երկիրը:

Քաոսը հիմա կը վերաբերի տնտեսականին, ֆինանսականին, կառավարչականին եւ պետական ծառայութիւններուն` անդամալուծուած պահելով գործադիրն ու արդարադատութիւնը, պահելով խորհրդարանական օրինականութիւնը պարզապէս:

Ի դիմաց սակայն ժողովուրդի ցնցոտիացումին, թշուառացումին կամ քաղաքացիին մարդկային իրաւունքներէ զրկումին կամ իր վաստկած գումարներու բռնագրաւումին, չի գոյանար քաղաքացիական շարժում, պոռթկումի դրսեւորում, կառավարութենէն կամ ֆինանսական համապատասխան մարմիններէն պահանջներ զանգուածային ձեւով բարձրացնելու ժողովրդային դրսեւորում:

Եւ այս առումով պահպանուող իրաւապահ մարմիններն ու բանակը ընդհանրապէս ժողովրդային ցասումի ելոյթներ զսպելու իրենց գործառոյթները իրականացնելու անհրաժեշտութեան առջեւ չեն:

Ասկէ շատ աւելի համեմատաբար տանելի պայմաններու մէջ, քաղաքացիական շարժումը զանգուածայնացաւ եւ ընկերային հարցերու մէջ իր բողոքները լսելի դարձուց բոլորին: Այդ բոլորին արդիւնքը գործնապէս եղաւ այն, որ հանրային կարծիքի որոշակի ազդեցութեամբ արձանագրուեցաւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդհանուր համապատկերի ճեղքուածք, եւ խորհրդարան հասան այդ շարժումներու ետին կանգնած կեդրոններու ներկայացուցիչները:

Համոզիչ չէ այն տեսակէտը, որ ժողովուրդը իրավիճակ փոխելու նախադրեալներ չի տեսներ, այդ պատճառով ալ փողոց դուրս չի գար: Լիբանանի մէջ աւելի համոզիչ է հեռակառավարուելու տեսութիւնը: Կոճակներու սեղմումը չի վերաբերիր միայն քաղաքական դաշտին. կը վերաբերի նաեւ քաղաքացիականին: Զանգուածը ոտքի հանելու մղիչ ուժը ոչ թէ անարդարութիւնն է, ոչ թէ իրաւազրկումն է, ոչ թէ երկրին ու պետութեան հանդէպ նախանձախնդրութիւնն է, ոչ թէ ծառայութիւններու բացակայութիւնն է եւ ո՛չ ալ օրէ օր աւելիով գահավիժուող ընթացքն է:

Դժբախտաբար ժողովուրդը նման կարգախօսերով ոտքի հանողները նոյն կեդրոններն են, որոնց ֆինանսական պաշարումին պատճառով ստեղծուած է հիմնականին մէջ այս իրավիճակը: Իրավիճակի ստեղծում, համատարած կրաւորականութիւն, բայց անհրաժեշտ պահուն կոճակային շարժումներու յառաջացում. Լիբանանի մէջ ահա՛ հեռակառավարումի ամբողջ քերականութիւնը, որուն կանոններուն կ՛ենթարկուի թէ՛ պետական -քաղաքական դաշտը եւ թէ՛ քաղաքացիական հասարակութիւնը:

 

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ. «Լիբանան-Կիպրոս Ծովային Սահմանագծումի Մանրամասնութիւնները Աւարտեցինք» Շեշտեց Ալի Համիէ

Յաջորդը

Պաքուն Արցախի Ներկայացուցիչներու Հետ Երկխօսութիւնը Կայացած Կը Նկատէ

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?