Խմբագրական

Editorial

Ակնարկ.   Խորհրդարանի Նիստ Նախագահ Չընտրելու Համար

Ակնարկ. Խորհրդարանի Նիստ Նախագահ Չընտրելու Համար

Խորհրդարանի այսօրուան նիստը կը գումարուի չընտրելու համար հանրապետութեան նախագահ: Քրիստոնեայ քաղաքական դաշտի թէական միաւորման բուն շարժառիթները նախագահի թեկնածուի շուրջ կը շարունակեն կրել որոշ հարցականներ: Քուէարկութեան համապատկերը սակայն միանշանակ չէ: Թուաբանութիւնը յստակ թիւերու գումարումներ չի պարզեր, այն առումով, որ իւրաքանչիւր դաշտ բացարձակ ամբողջութեամբ չէ դիրքորոշուած: Համայնքային առումով եւ ընդհանուր հաշուով մարոնի-շիի միջհամայնքային մրցում կը նախատեսուի, տիւրզի համայնքի դիրքորոշումով` ի նպաստ առաջինին:...

Ուաշինկթըն. «Հիւլէական Գործարքի  Վերականգնման Վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան  Առաջարկին Թեհրանի Պատասխանը Կառուցողական Չէ»

Ակնարկ. Հեռաձայնային Առաջին Ուղերձները

Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ նորանշանակ նախարարներուն միջեւ եղած հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին արծարծուած են հետեւեալ հարցերը. - Հացահատիկի գործարքի իրականացումը, - Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան խնդիրը, - Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը, - Թուրքիոյ կողմէ Միացեալ Նահանգներէն «Էֆ-16» կործանիչներու ձեռքբերումը եւ անոնց արդիականացումը, - Ուքրանիոյ պատերազմը: Արծարծուած խնդիրները բոլորն ալ առնչուած են Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններուն: Պարզ է, որ Միացեալ Նահանգներ...

Ակնարկ.  Հազիւ Եւ Դիւրաբեկ Մեծամասնութեամբ Չի Պայմանաւորուիր Նախագահի Ընտրութիւնը

Ակնարկ. Հազիւ Եւ Դիւրաբեկ Մեծամասնութեամբ Չի Պայմանաւորուիր Նախագահի Ընտրութիւնը

Լիբանանի նախագահական ընտրութեան օրակարգը թեւակոխեց նոր փուլ, երբ ընդդիմութեան առաջադրած թեկնածուին իր համաձայնութիւնը պաշտօնապէս յայտնեց Ազգային ազատ հոսանքը: Թեկնածուի շուրջ կայացած այս առաջադրումի միաւորումը այլ երանգ կը պարփակէ իր մէջ: Նախագահական աթոռը քրիստոնեայ թիւով մեծագոյն համայնքին առանձնաշնորհուած է: Այս ձեւով քրիստոնեայ քաղաքական դաշտի յենասիւները կազմող գլխաւոր ուժերը, որոնք այլապէս քաղաքականօրէն հակոտնեայ դիրքերու վրայ են, կը համաձայնին նոյն թեկնածուն առաջադրելու: Միանշանակ...

Ակնարկ.  Երաշխաւորման Շղթայական Ընթացքը

Ակնարկ. Երաշխաւորման Շղթայական Ընթացքը

Քիշնեւի մէջ կայացած հնգակողմ հանդիպումը իբրեւ երեւոյթ նախ քանի մը հանգամանք կը պարզէ: Նախ պէտք է նկատել, որ առաջին անգամն է, որ հնգակողմ ձեւաչափով տեղի կ՛ունենան բանակցութիւնները: Պրիւքսելը աշխուժութիւն ցոյց կու տայ եւ յաւելեալ տարողունակութիւն կը հաղորդէ գործընթացին` հրաւիրելով նաեւ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ առաջին դէմքերը մասնակցելու հանդիպումին: Ի վերջոյ երկու երկիրները կ՛ընկալուին իբրեւ Եւրոպական միութեան գլխաւոր յենասիւները: Երկրորդը այն է,...

Խմբագրական.  Ամերիկեան Խաղաթուղթերը Եւ Թուրքիան  (Էրտողանի Վերընտրութենէն Ետք)

Խմբագրական. Ամերիկեան Խաղաթուղթերը Եւ Թուրքիան (Էրտողանի Վերընտրութենէն Ետք)

Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւնները երկու փուլով կայացնելը գործող նախագահին կողմէ վերահսկուած գործընթացի համոզումը կը փոխանցէ: Թուրքիան ժողովրդավարութենէ հեռու է տակաւին. գործող կառավարութիւնը զանազան վարչական լծակներ ունի իր տրամադրութեան տակ` ընտրակեղծիքներով կանխորոշուած արդիւնքներ ձեռք ձգելու: Այս պարագային առաջին փուլին, ընտրարշաւի ընթացքին արդէն սկսած էին շրջանառուիլ արդիւնքներու անկանխատեսելիութեան մասին տեսակէտներ: Առաջին փուլի համապետական ընտրութիւնները ներառած էին նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Այնտեղ այս սուր երկուութիւնը...

Խմբագրական.  Կասեցնելու Համար Գահավիժումը  (Մայիս 28-ի Խորհուրդներու Կենսագործման Համար)

Խմբագրական. Կասեցնելու Համար Գահավիժումը (Մայիս 28-ի Խորհուրդներու Կենսագործման Համար)

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 105-րդ տարեդարձը կը նշենք  ծանրագոյն պայմաններու մէջ: Պաշտօնական Երեւանի կողմէ յայտարարուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է ճանչնալու Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Ընդհանուր միտումը, յայտարարութիւններուն եւ իրադարձութիւններուն ընթացքը մտածել կու տային, որ ի վերջոյ նման դիրքորոշում պիտի հնչէր պաշտօնապէս: Նախ` նշաձողի իջեցման յորդորներ, ապա` ինքնորոշման իրաւունքի բառակապակցութեան դուրս մղում պաշտօնական հռետորաբանութենէն, յետոյ` կեդրոնացում անբովանդակ իրաւունքներու եւ Արցախի...

Խմբագրական. Հակապետական Յայտարարութիւններ

Խմբագրական. Հակապետական Յայտարարութիւններ

Պրիւքսելեան հանդիպումներէն բխած Շարլ Միշելի յայտարարութեան հիմնական նորութիւնը` Հայաստան-Ազրպէյճան տարածքային ամբողջականութիւններու փոխճանաչումին առընթեր, թուանշաններով տարածքներու յստակացումն էր: Փաշինեանի մամլոյ ասուլիսով վերահաստատուեցաւ այդ մէկը, ինչ որ համազօր է Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելուն: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հնչած յայտարարութիւնները նոր բաժին եւս աւելցուցին հայկական կողմէն արձանագրուող հիմնական զիջումներուն վրայ: Սահմանազատման եւ սահմանագծման համար նկատի կ՛առնուի 1975-ի քարտէսը, ուր առանց որեւէ իրաւական հիմքի ...

Ակնարկ.  Ուքրանիոյ Ներկայութիւնը Արաբական Լիկայի Վեհաժողովին

Ակնարկ. Ուքրանիոյ Ներկայութիւնը Արաբական Լիկայի Վեհաժողովին

Ուքրանիոյ նախագահին Արաբական վեհաժողովին յայտնուիլը անակնկալ էր: Ժողովի ձեւաչափն ու օրակարգը նկատի ունենալով նոյնիսկ հակաօրինաչափ երեւոյթի համազօր էր անոր ժամանումը Ժետտա եւ մասնակցութիւնը Արաբական լիկայի սպասուած վեհաժողովին: Նախապէս Զելենսքիի մասնակցութեան մասին յայտարարութիւններ չկային: Գրեթէ նոյն օրն էր, որ անոր մասնակցութեան լուրը պաշտօնականացաւ: Ուքրանիոյ նախագահը  արաբական երկիրներուն կոչ ուղղեց օգնելու ուքրանացի ժողովուրդին` վստահեցնելով, որ իր երկիրը երբեք պիտի չընդունի ռուսական ախորժակները:...

Ակնարկ.  Երկրորդ Փուլի Արդիւնքէն Անկախ

Ակնարկ. Երկրորդ Փուլի Արդիւնքէն Անկախ

Թուրքիոյ  համապետական ընտրութիւններու խորհրդարանական պատկերը պարզ է: Կայ յստակ համաձայնական մեծամասնութիւն: Էրտողանի վերընտրուելու պարագային այս մեծամասնութիւնը աւելի կ՛ամրապնդէ նախագահական համակարգով ղեկավարուող Թուրքիան: Ներքին առումով Էրտողանը կ՛ունենայ օրէնսդիրի հեզասահ համաձայնութիւնները նախագահական գերլիազօրութիւնները կատարելու ընթացքին: Քըլըչտարօղլուն խոստացած էր ընտրուելու պարագային հետամուտ ըլլալ Սահմանադրական հիմնական փոփոխութիւններ իրականացնելու եւ համակարգը դարձնելու խորհրդարանական, փոխհակակշիռ հաստատութիւններու կայացման առաջադրանքով: Քաղաքագիտական կանխատեսումները ընդհանրապէս կեդրոնացած էին արդէն երկրորդ փուլի...

Ակնարկ.  Թիւերով Ականապատումը

Ակնարկ. Թիւերով Ականապատումը

Պրիւքսելեան հանդիպումներէն կարելի է արձանագրել քանի մը կէտ: Նախ այն, որ Պրիւքսելի միջնորդութեամբ ընթացող բանակցութիւնները կը վերականգնուին այս ձեւով: Ազրպէյճանը, փաստօրէն դէմ ըլլալով Փարիզի միջնորդական մասնակցութեան, առկախած էր քառակողմ ձեւաչափը, որմէ ետք ընդհանրապէս սառած էր նաեւ պրիւքսելեան միջնորդութիւնը: Ազրպէյճանական արգելքը վերցուած է փաստօրէն, որովհետեւ Պրիւքսելի վերագործարկումով չ՛աւարտիր այս նոր գործընթացը: Յայտարարուած է արդէն, որ շուտով Քիշնեւի մէջ կը հանդիպին կողմերու...

Ակնարկ.  Յետընտրական Ցնցումներու Տեսութիւնը

Ակնարկ. Յետընտրական Ցնցումներու Տեսութիւնը

Թուրքիոյ մէջ կիրակի տեղի ունենալիք համապետական ընտրութիւնները ամէնէն անկանխատեսելին են թերեւս Թուրքիոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ: Բեւեռացած է հասարակութիւնը, եւ ամբողջ լուսարձակները կեդրոնացած են գործող նախագահին հեռանալո՞ւ, թէ՞ մնալու հաւանականութիւններուն վրայ: Թուրքիան աշխարհին կը ներկայանայ ընտրական մշակոյթի ժողովրդավարական դիմագիծով, երկրորդ փուլի կայացման հաւանականութիւնը բարձր ցուցադրելով եւ գործող իշխանութեան վերընտրուելու  եւ այդ առաջադրանքով դիրքերը չարաշահելու տեսութիւնը փորձել հեռացնելով: Ժողովրդավար այս շղարշը անշուշտ...

Ակնարկ.   Խաղաթուղթերու Բացայայտման Նախաշեմին

Ակնարկ. Խաղաթուղթերու Բացայայտման Նախաշեմին

Ֆրանսական մամուլը յատուկ լուսարձակի տակ առած է կառավարութեան ներգրաւումը Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններու թղթածրարին: Ցուցանիշը այդ բոլորին միայն Ֆրանսայի դեսպանին կողմէ կատարուող մագոգային հանդիպումները չեն: Ֆրանսական մամուլը, յղում կատարելով Ֆրանսայի դիւանագիտական աղբիւրներու, կը խօսի ամէնէն շատ հաւանական համախոհութիւն գոյացնելու տուեալներ ունեցող թեկնածուի մասին: Այստեղ արդէն քննադատական սլաքները կ՛ուղղուին գործող կառավարութեան, որովհետեւ նոյն այդ աղբիւրները կը կեդրոնանան Հըզպալլայի առաջադրած թեկնածու Ֆրենժիէի վրայ:...

Ակնարկ.  Միջազգային Գործիքակազմի Ներդրումի Բուն Շարժառիթը

Ակնարկ. Միջազգային Գործիքակազմի Ներդրումի Բուն Շարժառիթը

Արլինկթընեան բանակցութիւններուն մասին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւններու պաշտօնական լրահոսներուն բովանդակութեան մէջ չկայ էական տարբերութիւն: Հիմնական բաժինը այն է, որ խաղաղութեան ծրագիրի կէտերէն ոմանց շուրջ գոյացած է համաձայնութիւն, իսկ որոշ կէտերու շուրջ` ոչ: Սակայն մինչեւ արլինկթընեան բանակցութիւններ բազմաթիւ նիւթեր կային Մոսկուայի մէջ ըլլալիք հանդիպման նախապատրաստութիւններուն մասին: Ուաշինկթընի միջամտութիւնը յանկարծակի էր եւ  Մոսկուայէն առաջ անցնելու յստակ քայլ: Կեդրոնանանք Ուաշինկթընի...

խմբագրական.  նոր ճանապարհային քարտէսի գաղտնաբառը

խմբագրական. նոր ճանապարհային քարտէսի գաղտնաբառը

Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք մայիսեան եռատօնի նշումը ա՛յլ նշանակութիւն ստացած է: Տօնական մթնոլորտը չքացած է հասկնալիօրէն: Որքան ալ եռատօնը կապուած ըլլար հայրենական պատերազմի յաղթանակին կամ պաշտպանութեան բանակի նուիրուած օրուան, այնուամենայնիւ ամէնէն շատ անիկա կը յատկանշուէր Շուշիի ազատագրումով: Հիմա 8 մայիսին վրայ պարտութեան, կորուստի ստուերը կայ ճնշիչօրէն, ինչ որ հիմնովին կ՛այլափոխէ եռատօնով խորհրդանշուող յաղթանակներու խորհուրդը: 8 մայիսը սակայն վերականգնումի համազգային յանձնառութեան...

Ակնարկ.  Վերականգնելու Համար Մայիս 6-ի Ինկած Պատուանդանը

Ակնարկ. Վերականգնելու Համար Մայիս 6-ի Ինկած Պատուանդանը

Լիբանան քաղաքական դժուարագոյն պայմաններու մէջ կ՛ոգեկոչէ Նահատակաց օրը: Համեմատաբար աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ ալ արդէն օրը կորսնցուցած էր իր բուն իմաստը եւ վերածուած Մամլոյ նահատակներու օրուան: Ազգային օրացոյցի ամբողջական ձեւախեղում տեղի կ՛ունենար, խորհուրդի վերափոխում` զուտ քաղաքական նպատակներով: Մայիս 6-ը լրագրողներու, մտաւորականներու կամ հանրային կարծիքի ձեւաւորման վրայ ազդող հասարակական գործիչներու կախաղան բարձրացման օրուան նշումն էր, այդուհանդերձ անիկա կը խորհրդանշէր Օսմանեան կայսրութեան...

Ակնարկ.  Չէ Հասած Լիբանանեան Թղթածրարին Հերթը

Ակնարկ. Չէ Հասած Լիբանանեան Թղթածրարին Հերթը

Իրանի արտաքին գործոց նախարարին Պէյրութ այցելութիւնը որեւէ բեկումնային կամ շրջադարձային նշանակութիւն չունեցաւ: Կար որոշ նախատեսութիւն, որ այցելութիւնը կը կապուէր նախագահական ընտրութեան հանգոյցին հետ, եւ թէ համաձայնութեան ուղղութեամբ թելադրանքներ պիտի հնչէին Թեհրանի ներկայացուցիչէն` արագացնելու համար հանգուցալուծումը: Այս ենթադրութիւնը կամ նախատեսութիւնը բնականաբար ուղղակիօրէն կը բխէր Սէուտական Արաբիա-Իրան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի մեկնարկէն: Համակողմանի համոզում կայ, որ տարածաշրջանի գլխաւոր խաղցողներուն միջեւ է, որ պէտք ...

Խմբագրական.  Մայիս Մէկի Այլափոխումը  Կամ Ժողովուրդներու Զգայազրկումը

Խմբագրական. Մայիս Մէկի Այլափոխումը Կամ Ժողովուրդներու Զգայազրկումը

Լիբանանի մէջ ամբողջ ժողովրդային խաւի մը ցնցոտիացման պայմաններուն մէջ կը նշուի աշխատաւորական տօնը: Արժեզրկուող աշխատավարձեր, գործազրկութիւն, կենսաթոշակի փոշիացում, հիւանդանոցային բուժման կարելիութիւններէ ամբողջական զրկում եւ նուազագոյն կենսական առումով պետական ծառայութիւններու ի սպառ բացակայութիւն: Լիբանանի դէմ կիրարկուող տնտեսական պաշարումի քաղաքականութենէն կը տուժէ հիմնականին մէջ  քաղաքացին, ծայրայեղ աղքատութեան իրավիճակի խորերը ներքաշուելով: Խնդիրը այս բոլորին զանգուածային ձեւով չհակազդելու իրականութեան մէջ կը կայանայ: Նախապէս, ամբողջ...

Ակնարկ. Փոխընդունելի Լուծումներ.Կամ` 9-րդ Կէտը 6-րդին Դիմաց

Ակնարկ. Փոխընդունելի Լուծումներ.Կամ` 9-րդ Կէտը 6-րդին Դիմաց

Գորիս Ստեփանակերտ ճանապարհի փակումով Արցախի շրջափակումը ածանցեալ նոր արգելքներ կ՛արձանագրէ: Բերձորի  միջանցքին վրայ` Հայաստանի սահմանին մօտ եւ ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան գօտիին մէջ Հակարի գետի կամուրջին կից Ազրպէյճանը իր հսկիչ-անցակէտը տեղադրած է, Պաքուն յայտարարած է, որ անցագրային վերահսկողութիւնը կ՛իրականացուի ռուս խաղաղապահներու հետ համագործակցութեամբ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը կը հաստատէր, որ Մոսկուան ջանքեր կը գործադրէ Բերձորի միջանցքին շուրջ իրավիճակի կարգաւորման եւ...

Խմբագրական.  Համայն Հայութեան Իղձեր, Պատմական Արդարութեան Վերականգնում Եւ Ազգերու Ինքնորոշման Կենսագործում

Խմբագրական. Համայն Հայութեան Իղձեր, Պատմական Արդարութեան Վերականգնում Եւ Ազգերու Ինքնորոշման Կենսագործում

Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցը կ՛ոգեկոչուի ազգային-քաղաքական ծանր պայմաններու մէջ: Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին առընթեր նախապատրաստուող հատուցման իրաւական թղթածրարի կազմութեան աշխատանքները առկախուած են: 100-րդ տարելիցին առիթով ընդունուած Համահայկական հռչակագիրը պետութեան արտաքին-ներքին քաղաքականութեան օրակարգէն դուրս մղուած է: Պաշտօնական Երեւանի բարձրագոյն բեմերէն կը յայտարարուի, որ որեւէ երկրէ տարածքային պահանջ չունինք, աւելցնելով, որ պէտք է ճանչցնել տանք Հայաստանի Հանրապետութեան 29.800 քառ. քմ տարածքը: Երբ իրերայաջորդ...

Ակնարկ.  Եթէ Այդպէս Էր, Ինչո՞ւ Պաքուն Կը Մերժէր Մատրիտեան Սկզբունքները

Ակնարկ. Եթէ Այդպէս Էր, Ինչո՞ւ Պաքուն Կը Մերժէր Մատրիտեան Սկզբունքները

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստին վարչապետ Փաշինեան կատարեց յայտարարութիւն այն մասին, որ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման ուղղութեամբ հայկական կողմը ունեցած է հայեցակարգային երկու ուղղութիւն: Մինչեւ մատրիտեան սկզբունքներ հայկական կողմը շեշտած է, որ Արցախը Խորհրդային Միութեան կազմաքանդումին առընթեր, ինչպէս միւս հանրապետութիւնները, ինքնորոշուած է եւ դուրս եկած Խորհրդային Միութենէն, իսկ մատրիտեան սկզբունքներու որդեգրումով հայկական կողմը ընդունած է, որ Արցախը մաս կազմած է...

Page 22 of 62 1 21 22 23 62

Արխիւներ