Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Պահպանելու Համար Ազգին Ծինայատկութիւնները (Կիներու Եւ Ուսուցչաց Տօներուն Առիթով)

March 8, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի համար արդէն գրեթէ աւանդութեան վերածուեցաւ Կիներու միջազգային եւ Ուսուցչաց տօներուն համատեղումը: Տօներուն միջեւ միայն ժամանակի առումով անմիջական իրերայաջորդականութիւն չէ այս պարագային, որ նոյն խմբագրականի սիւնակներով կ՛անդրադառնայ երկու երեւոյթներուն եւ խորհուրդներուն:

Կը թուի, որ իրաւունքներու պաշտպանութեան հասարակաց խորհուրդն է, որ երկու տօները կը համատեղէ. եւ այս իրականութիւնը աւելի կը շեշտուի, եթէ նկատի ունենանք մանկավարժական ասպարէզին հետզհետէ միասեռ դիմագիծը: Կանայք են, որոնք հետզհետէ կը կազմեն բացարձակ մեծամասնութիւնը մանկավարժական ասպարէզը որդեգրողներուն մէջ:

Եթէ իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին կը խօսինք, անուղղակիօրէն կ՛ընդգծենք իրաւազրկումի հարցը: Այսօր հետզհետէ նոր եզրաբանութեամբ կ՛արծարծուին այս հարցերը: Կիներու միջազգային տօնին առիթով աւելի կ՛արծարծուի սեռային իրաւահաւասարութեան հարցը: Այս առաջադրանքը բնականաբար կը տարբերի երկրէ երկիր եւ աշխարհագրական իւրաքանչիւր միջավայր յատկապէս ընկերաբանական առումով ունի եւ  կը թելադրէ իր իւրայատկութիւնները:

Կիներու իրաւունքներու սկզբունքը այսպէս կը ձեւափոխուի: Կնոջ լիարժէք մասնակցութեան իրաւունքը քաղաքական, մշակութային, մարզական, նոյնիսկ ռազմական ոլորտներուն մէջ այլ տեղ բոլորովին այլանդակ մեկնաբանութիւններ կը ստանայ, կ՛ենթարկուի աւանդական ընտանիքի հասկացողութեան ձեւախեղման, սեռային փոքրամասնութիւններու իրաւունքի, մինչեւ իսկ ներառելով սեռափոխման հարցերը: Այս բոլորը արուեստականօրէն կը վերածուին մարդու իրաւունքներու խնդիրներու եւ մաս կը կազմեն նախընտրական արշաւներու թեմաներու, որոնց նպատակը կ՛ըլլայ քուէահաւաքը:

Արժէքներու փոփոխութեան ներկայ յորձանուտին մէջ Կիներու միջազգային օրը, կամ կիներու իրաւունքներու կամ հասարակարգերու մէջ անոնց լիարժէք դերակատարութեան ապահովման աշխատանքները կը ձեւափոխուին: Աւելի ճիշդը` էական փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուին:

Արժեհամակարգի պահպանման կամ զայն արմատապէս տապալելու եւ իբրեւ թէ նորը ստեղծելու այսօրուան պայքարը զգալի է ամէնուրեք: Մարդու իրաւունքները կը տարանջատուին ազգային իրաւունքներէն, հինը նորով փոխարինելու կեղծ օրակարգերը կը հարուածեն ազգերու աւանդութիւններն ու բոլոր արժէքները:

Այս շրջածիրին մէջ ալ պէտք է դիտարկել Կիներու միջազգային օրուան առաջադրած սկզբունքներու, իրաւունքներու ձեւախեղումը:

Այս արժէքափոխութիւնը մուտք կը գործէ կրթակարգեր, նոր դասագիրքեր նորովի կը ներկայացնեն ընտանեկան հասկացողութիւնները միասեռ ծնողքներով, սեռափոխման իրաւունքով եւ նման աւանդականը «արդիականացնելու» համախտանիշներով:

Այս նոր երեւոյթներն են նաեւ, որոնք կը համատեղեն երկու խորհուրդները: Ի վերջոյ յատկապէս մեր պարագային ազգային արժեհամակարգը պահպանելու, մեր ընկերաբանական հասկացողութիւնները տակնուվրայ չընելու, կամ այլանդակութիւնները իբրեւ նորարարութիւն չընկալելու համար կրթութիւնը խիստ ռազմավարական նշանակութիւն ունի:

Ազգի ծինային յատկութիւնները գլխիկոր շրջելու միջազգային միտում կայ, եւ մեր ուսուցիչները պարտաւոր են ազգային դիմադրողականութեան զօրացման ինքնակայացման համապատասխան դաստիարակութիւնը ջամբելու:

Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ տարածուած է այս համախտանիշը: Մեր կանայք եւ մանկավարժները մեր ազգային ծինայատկութիւնները պահպանելու խնդիր ունին բոլոր ժամանակներէն աւելի:

Նախորդը

Մոսիեան. «Կտրուկ Քայլերը Պիտի Յանգեցնեն Մագլցումի, Որովհետեւ Արցախցիները Իրենց Ըսելիքը Արդէն Ըսած Են»

Յաջորդը

Արդեօք Կ՛օգնէ՞ք, Որ Ձեր Զաւակը Ինքնուրոյն Դառնայ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.