Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ժամային Տարբերութեան Սլաքները Լիբանանը Ետ Տարին Մինչեւ 1975

Մարտ 28, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ ժամային տարբերութեան երեւոյթը հասաւ միջազգային լրահոս, որուն ուղեկցեցաւ քաղաքական վերլուծում երկրին մէջ տիրող բաժանումի պարարտ ենթահողի մասին: Այս անհեթեթ իրողութեան տուն տուող պատճառները կը սկսին հապճեպ, չկշռադատուած որոշումէն եւ կը հասնին մինչեւ քաղաքական բաժանարար ծրագիրներու, հերթական անգամ ամրագրելով, որ այս երկրին մէջ համայնքայնութիւնն ու հատուածականութիւնը կը շարունակեն գերիշխել` համակեցութեան սկզբունքը փոխարինելով պառակտուածութեան արդիւնքներու յանգող միտումներով:

Համոզիչ չեն ներկայացուող պատճառները ամառնային ժամանակացոյցի գործադրութիւնը մէկ ամիսով յետաձգող որոշումին: Անկէ ետք բարձրացուած աղմուկին ի տես` իբրեւ թէ արձանագրուած արտահոսքով տեսագրութեան մը շրջանառութիւնը, ուր խորհրդարանի նախագահ-վարչապետ զրոյցէն այս խնդիրին անդրադարձող հատուած մը կը փորձէր պարզաբանել, թէ որո՛ւ պահանջով ընդունուած էր այս որոշումը:

Այս երեւոյթները լիբանանեան քաղաքական մշակոյթին մաս կը կազմեն, ստեղծուած իրավիճակի պատասխանատուութիւնը կողմերէն մէկուն վրայ բարդելու եւ լարուածութեան սլաքները այլ ուղղութեամբ ուղղելու տեսակէտէն:

Խնդիրները սակայն մետասաներորդ պահու յանկարծակիութեան գործօնով առնուած որոշումով չեն աւարտիր: Բնականաբար դժգոհ զանգուած պիտի ըլլար այս որոշումէն: Եւ ինչպէս ամէն բան, Լիբանանի մէջ շատ արագ կը համայնքայնանար եւ կը քաղաքականանար: Մէկ օրուան լռութենէ ետք, շատ արագ իրերայաջորդականութեամբ առաւելաբար համայնքներու հոգեւոր բարձրագոյն ներկայացուցիչներ կը յայտնէին իրենց անհամաձայութիւնը նման որոշումին` աւելցնելով, որ չեն ենթարկուիր կառավարութեան որոշումին: Այդ անհամաձայնութեան կը հետեւէր  գործնապէս միջազգային ժամանակացոյցին հետեւելու որոշումը` երկրին մէջ ստեղծելով ժամային տարբերութիւն:

Կար աւելի խորքային եւ որոշ առումով իրաւական ընկալումի խնդիր: Այն հատուածը, որ ընդհանրապէս ոչ սահմանադրական եւ անվաւեր կը ճանչնայ հրաժարեալ կառավարութեան մնացորդացը, ընդհանրապէս չ՛ընդունիր անոր կայացուցած որոշումները: Հարցը կարելի է այս շրջածիրին մէջ եւս վիճարկելի նկատել եւ հարցականի տակ առնել, թէ ընթացիկ աշխատանքներ վարող հրաժարեալ վարչապետը, որ կառավարութեան նիստ կայացնելու իրաւասութիւն չունի, իրաւասո՞ւ է նման որոշում ստորագրելու:

Մանաւանդ որ լիբանանցի քրիստոնեայ համայնքներուն կազմած այսօրուան թիւին  մասին չհաստատուած, համապատասխան վիճակագրութեան եւ մարդահամարի կանոններէն չանցած եզրակացութիւն կը բարձրաձայնէ, աւելի սրելով միջհամայնքային, աւելի ճիշդը միջկրօնական երկփեղկուածութեան տրամադրութիւնները:

Այդ պարագային կը տարուինք մտածելու, որ հարցը միայն հապճեպութեան եւ չկշռադատուածութեան մէջ չէ: Իսլամական գերակայութիւն պարտադրելու միտում կը նկատուի  այս բոլորին մէջ, ինչ որ հակազդեցութեան բուռն ալիք կը բարձրացնէ: Գուցէ նաեւ նուիրականացնելու սիւննի-շիի-քրիստոնեայ մէկ երրորդական համեմատութեան խօսոյթը:

Տարբեր խնդիր է, որ գործադիր հաստատութիւն-համայնքներու ներկայացուցչութիւն այսօր չի գործեր բնական երկխօսութեան ընթացակարգը: Չեն կայանար հարցերուն լուծում բերող հանդիպումներ, երկխօսութիւններ, եւ հակազդեցութիւնը կ՛ըլլայ չենթարկուելու որոշումներով ամէնէն բարձր մակարդակներէն հրապարակուած:

Ետդարձի, որոշումի վերանայման բոլոր նախադրեալներն ու պատճառները կային բաժանարարութիւնը չխորացնելու եւ վերջ տալու համար այս անհեթեթ կացութեան: Ուշացումով կատարուած վերանայումը եւ վերադարձը միջազգային ժամանակացոյցին դժուար թէ մեղմեն կացութիւնը, գործնական լուծում բերելով հանդերձ: Այլապէս ժամային տարբերութեան քառօրեան կրնար հիմնական շարժիչ գործօնի վերածուիլ երկրի բաժանումին` սկսելու համար իսլամ- քրիստոնեայ յարաբերակցութեամբ:

Իւրաքանչիւրին որդեգրած ժամը, անկախ աշխարհագրական տեղաբաշխումէն, կրնայ ցուցանիշ նկատուիլ կրօնական պատկանելիութեան, քաղաքական հայեացքի, այս կամ այն տեսակի լիբանանցի ըլլալուն: Ժամացոյցի սլաքներու կողմնորոշման տարբերութիւնը Լիբանանի ժամացոյցը կրնայ 48 տարիով ետ տանիլ երկիրը եւ ոչ թէ սոսկ մէկ ժամու տարբերութեամբ բաժնել ամբողջ հասարակութիւնը: Ժամը բեւեռացուց լիբանանեան հասարակութիւնը եւ իւրաքանչիւր բեւեռի մէջ ստեղծեց «համաձայնութիւն»: Սկզբունքով ներբեւեռեան համաձայնութիւններէ ետք պէտք էր յուսալ միջբեւեռային երկխօսութիւն` սկսելու համար նախագահի ընտրութեան օրակարգով: Հոն տակաւին ժամերը շատ ետ են: Եւ այդքան ետ մնալուն մէջ փաստօրէն համաձայն են երկու բեւեռներն ալ:

Նախորդը

Ազրպէյճան Խախտեց Եռակողմ Յայտարարութիւնը Եւ Որոշակի Դիրքային Յառաջխաղացում Կատարեց

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?