Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Համազգայինը Զարգացման Ուղիին Վրայ (Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով)

March 17, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յոբելենական տարեթիւերու նշումը տօնակատարութեան առընթեր, պահ է արժեւորումի եւ մանաւանդ յառաջիկայի ընելիքները ուղենշելու: Խորքին մէջ ա՛յս է հիմնական առաջադրանքը` գործին շարունակականութիւնը ապահովելու, ո՛չ միայն պահպանման սկզբունքով, այլեւ ծաւալման ու զարգացման նպատակով: Պահպանումը գոյավիճակային հասկացողութիւն է եւ կրնայ նահանջի իմաստ ստանալ, եթէ անոր հիման վրայ չկայանայ կարեւորագոյն առաջադրանքը` զարգացումը: Ժառանգութեան պահպանում եւ անոր հիման վրայ նորի կերտում: Կարելի է ըսել, որ այս է բանաձեւը. եւ երբ համոզուածօրէն նկատենք, որ սերնդափոխութիւնը կ՛աշխատի, ուրեմն ճիշդ հունի վրայ է աշխատանքը: Եթէ չներգրաւուի երիտասարդութիւնը, ապա առաքելութիւնը  կը սահմանափակուի գոյավիճակին դաշտով: Որոշ ժամանակ ետք` նահանջով:

Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը փաստա՛ծ է, որ երիտասարդ շրջանակներ ներգրաւած միութիւն է: Երիտասարդներէ կը բաղկանան Համազգայինի աշխարհատարած կառոյցներուն վարչականները, թատերախումբերը, երգչախումբերը, պարախումբերը. երիտասարդներ են այս միաւորներու աշխատանքները համակարգող յանձնախումբի անդամները: Երիտասարդներ են ֆորումի, տարբեր սեմինարներու, աշխատանոցներու ծրագիրները մշակողներն ու մասնակիցները: Երիտասարդներ են Համազգայինի նախաձեռնած տարբեր հարթակներուն վրայ իրար հանդիպող եւ մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին առնչուած նիւթեր քննարկողները:

Կա՛յ ուրեմն, առկա՛յ է երիտասարդացման գործընթացը: Ժառանգութեան պահպանումով նորը ստեղծելու առողջ ընթացքը:

Ներկայ աշխարհակարգի միտումները հարթիչ գլաններու տակ կ՛առնեն աւանդականը, կազմակերպ զանգուածները, գաղափարականութեամբ յատկանշուած կազմակերպութիւնները եւ յանուն նորին կը ձեւաւորեն հակաաւանդականը, չէզոքացնելով դասականը: Գլանային այս ալիքին տակ կ՛իյնան դասական կուսակցութիւններ աշխարհի տարածքին, մշակութային միութիւններ, որոնք կը զիջին իրենց տեղը յանկարծակի յայտնուածներուն, զանգուածներուն նոր եղանակներով հասնողներուն եւ դիրքեր գրաւողներուն:

Այս ալիքը կը հասնի հայրենիք, սփիւռք, հայկական աշխարհ եւ իր կանոններուն կը փորձէ ենթարկել մեր քաղաքական, մշակութային դաշտը: Մարդկայինը կը հակադրուի ազգայինին, քաղաքացիականը` քաղաքականին, մեթոտը` բովանդակութեան, արհեստագիտութիւնը` մշակութայինին, մասնագիտութիւնը` հայրենասիրութեան, արդիականը ռազմահայրենասիրութեան: Այսպէս է, որ կամաց- կամաց դուրս կը մղուին առանցքային նիւթեր կրթական ծրագիրներէ, մշակութայինի ազգային բաղադրիչը կը փոխարինուի համամարդկայինով, եկեղեցին հակադրական յարաբերակցութեամբ կը ներկայացուի պետականին ու աշխարհիկին, սեռային փոքրամասնութիւններու խնդիրները  կը վերածուին մարդու իրաւունքներու առաջնային օրակարգի, պատմութիւնը` ժամանակավրէպ դրուագներու, ազգային տեսլականը` հեգնանքի ենթակայ առաւելապաշտութեան, ակադեմիան` աւելորդ հաստատութեան:

Համազգայինը իբրեւ համահայկական կառոյց` Հայաստանէն ու Արցախէն մինչեւ Աւստրալիա, Ամերիկաներ, Եւրոպա ու Միջին Արեւելք, իր կրթամշակութային քաղաքականութեան անպայման կը ներառէ նոր գործառոյթներու ստանձնման հրամայականով նոր հայեցակարգեր, համաշխարհային  այս միտումներուն դէմ ազգին քաղաքակրթական ու մշակութային դիմադրողականութիւնը վերաամրացնելու նոր միջոցներ: Մանկականէն պատանեկան, արեւմտահայերէնի կենսունակացումէն խաղերու ճամբով հաճելին եւ օգտակարը համատեղելու նոր դրոյթներու որդեգրումով` Համազգայինը ոչ միայն դիրքերը չլքելու  խրամատներ կ՛ամրացնէ, այլ նաեւ մշակութային նոր տարածքներ նուաճելու փաղանգներ կը պատրաստէ: Այդ փաղանգները երիտասարդներէ բաղկացած են եւ երիտասարդութեան համար կ՛աշխատին:

Հաւանաբար առանցքային ա՛յս խորհուրդն է, որ 95-ամեայ Համազգայինին նոր զսպանակում կ՛ապահովէ անվերջ նորոգուելու, սերնդափոխութիւնը առողջ ու բնական աշխատացնելու թէ՛ իր կառոյցին եւ թէ՛ իր անմիջական շրջապատներուն մէջ, եւ նայելու ապագային անվերջ երիտասարդացուող մարդուժով: Ժառանգութիւնը պահող եւ զարգացումը ապահովող մարդուժով:

Նախորդը

Միրզոյեանն Ու Լաւրովը 20 Մարտին Պիտի Քննարկեն Բերձորի Միջանցքին Շուրջ Իրավիճակի Կարգաւորումը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.