Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Երաշխիքներ Լիբանանէն Դուրս, Լիբանանի Համար

Ապրիլ 4, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջազգային, շրջանային եւ լիբանանեան իրադարձութիւնները սկսած են հեռուէն իրար ագուցուիլ, շատ զգուշաւոր լաւատեսութիւն մը փոխանցելով ընդհանրապէս տարածաշրջանին եւ այս պարագային Լիբանանի մէջ:

Խօսքը նախ եւ առաջ Սէուտական Արաբիա-Իրան հետզհետէ բազմամակարդակ դարձող յարաբերութիւններու հաստատման մասին է: Շուտով երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները կը հանդիպին եւ կը ճշդեն տնտեսաքաղաքական համագործակցութեան ժամանակացոյցին սլաքները:

Այլեւս շատ յստակ է Սուրիոյ վերադարձը Արաբական լիկա: Ռիատը Դամասկոսը հրաւիրելու քայլ կ՛առնէ, այդպիսով համաարաբական դիրքորոշումի նախանշանը տալով Սուրիան նորովի ընկալելու համար:

Ռուսիա-Սուրիա-Իրան առանցքն է, որ ինքզինք զգալի կը դարձնէ այս ձեւով. Իրանի հետ նոր պայմանաւորուածութիւնը առանցքին հետ նոր յարաբերութիւններ կ՛ենթադրէ: Այս գործընթացը Սէուտական Արաբիա-Իրան ձեւաչափով արագ է. այդ արագութիւնը կ՛արտացոլայ նաեւ Սուրիան համաարաբական ընտանիքին վերաանդամագրելու առումով: Արագութեան նոյն կշռոյթը տակաւին չ՛երեւիր բեկումնային այս նոր իրադարձութիւններու կապուած միւս դաշտերուն վրայ: Հերթագրուած է նաեւ լիբանանեան թղթածրարը, որուն առաջին մեծ հանգոյցը, գէթ իբրեւ քաղաքական օրակարգ, հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն է:

Կը թուի սակայն, որ Իրան Սէուտական Արաբիա համաձայնութիւնը բաւարար չէ այս առումով նախագահական թեկնածուի շուրջ ներլիբանանեան համախոհութիւն յառաջացնելու համար: Որքան ալ վերլուծումները նկատեն Փարիզ-Ռիատ զուգահեռ մը նախագահի գլխաւոր թեկնածուի շուրջ երաշխաւորութիւններ ամրագրելու կամ համակարգումի, այնուամենայնիւ կայ լուռ մրցակցութիւն գլխաւոր երաշխաւոր դառնալու առումով:

Իսկ այս մրցակցութիւնը արդէն տարածաշրջանի սահմաններէն միջազգային մակարդակ անցում կ՛ենթադրէ: Ֆրանսական հոգատարութիւնը նոր չէ Լիբանանի հանդէպ. ունի պատմական, երկար աւանդութիւն, բայց նաեւ կորսնցուցած է իր եզակիութիւնը: Միայն Փարիզով չեն հանգուցալուծուիր խնդիրները: Ներգրաւումը գլխաւոր խաղցողներու վաղուց խախտած էր ֆրանսական առանձնաշնորհումը այս իմաստով:

Գործընթացը սակայն կ՛ընթանայ զուգահեռ ձեւով: Փարիզի մէջ է, որ նախագահի թեկնածուն կը ծանօթանայ ակնկալուած երաշխիքներուն: Ֆրանսայի մէջ է ենթադրաբար, որ նախագահութեան թեկնածուն պէտք է ամրագրէ երաշխիքներ, գոյացնելու համար համալիբանանեան համախոհութիւնը:

Այս բոլորով հանդերձ միանշանակ եւ բացարձակ չէ, որ ամէն ինչ  վերլուծուած եւ կանխատեսուած ձեւով կ՛աւարտի եւ զգուշաւոր լաւատեսութիւնը կը դառնայ իրականութիւն: Այս բոլորը նախապատրաստութիւններ են թերեւս մինչեւ Արաբական լիկայի վեհաժողով: Պատրաստութիւններ` Լիբանանի նախագահական թղթածրարը ամբողջացնելու:

Բեկումնային իրադարձութիւններ կ՛արձանագրուին տարածաշրջանին մէջ: Մեծ օրակարգերու լուծումը անպայման տարբեր երկիրներու մէջ հանգուցալուծման իրերայաջորդականութիւն կ՛ունենան: Կը թուի սակայն, որ Լիբանանի հերթը տակաւին չէ հասած: Չի բացառուիր սակայն, որ Արաբական լիկայի ժողովէն ետք սկսին երեւալ լիբանանեան լուծումները: Պարզ է, որ նախագահի ընտրութեամբ չի սկսիր եւ չ՛աւարտիր լիբանանեան սառած թղթածրարի քննութիւնը:

Լիբանանցիները կը սպասեն տարբեր տէրութիւններու միջեւ կայանալիք համաձայնութիւններուն: Եւ այդ առումով լիբանանեան աւանդութիւնը կը շարունակուի:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 4 Ապրիլ 2023)

RelatedPosts

Ակնարկ.  22-րդ Կէտը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 22-րդ Կէտը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Նեթանիահու. «Կը Զօրակցիմ Կազայի  Պատերազմին Վերջ Տալու Թրամփի Ծրագիրին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Կը Զօրակցիմ Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Թրամփի Ծրագիրին»

Հոկտեմբեր 1, 2025
Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?