Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Հայկական Կողմը Շտապելու Պատճառ Պէտք Չէր Ունենար

Փետրուար 18, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկրաշարժային դիւանագիտութեան հետեւող իրադարձութիւնները փոխօղակուած ըլլալու տպաւորութիւնը կը ձգեն: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ուշագրաւ բաժինը, առաւելաբար թուրք առաջին դիւանագէտին կատարած յայտարարութիւններն էին: Մասնաւորաբար` հետեւեալ բաժինը.

«Հարաւային Կովկասի մէջ կը շարունակուի յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթը: Համոզուած ենք, որ այս օրերուն տեղի ունեցած համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ այս հոլովոյթին: Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ բնականոնացման հոլովոյթները, կը կարծեմ, պիտի նպաստեն մեր շրջանին մէջ կայունութեան եւ բարօրութեան հաստատման:

Մեր երեք երկիրները իրենց անկեղծ քայլերով կրնան յարատեւ կայունութիւն բերել կովկասեան շրջանին մէջ», եզրափակեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Միեւնոյն նախապայմանային քաղաքականութեան ամենահրատապ օրակարգն է, որ վերստին կ՛արծարծուի, այս անգամ` երկրաշարժային դիւանագիտութեան շրջածիրին մէջ: Ո՛չ Մարգարայի ժամանակաւոր բացումը, ո՛չ Անիի կամուրջի վերանորոգման որոշումը, ո՛չ երրորդ քաղաքացիներու կամ դիւանագիտական անձանց վերաբերող սահմանը հատելու արտօնութիւնները կամ ալ սահմանի բացման համար ենթակառուցուածքներու նախապատրաստութեան աշխատանքներու արագացման համաձայնութիւնը էական նշանակութիւն ունին: Այս բոլորը փուլ առ փուլ, կաթիլ առ կաթիլ իրականացուելիք գործողութիւններ են, որոնք կրնան միանգամայն չեղարկուիլ, եթէ չկատարուի թուրք դիւանագէտին պայմանը, որ բանաձեւուած է վերի մէջբերումին մէջ:

Չաւուշօղլուն շատ պարզ կը դարձնէ, որ Անգարան կը շարունակէ Երեւանի հետ յարաբերութիւնները ընկալել եռակողմ ձեւաչափով: Երեւան- Անգարան կ՛արդիւնաւորուի փուլ առ փուլ, եթէ սկսի արդիւնաւորուիլ Երեւան -Պաքուն:

Տարբաղադրենք եւ վերլուծենք Թուրքիոյ նախարարին յայտարարութիւնը: Միանգամայն ան կը սկսի Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանով` այնտեղ գծելու համար Երեւան-Անգարա-Պաքու գիծը: Աւելի՛ն. այս երեք երկիրներուն միջեւ ստեղծուելիք յարաբերութիւններու բնականոնացումը ամբողջ տարածաշրջանին կայունացումը պիտի ապահովէ: Մէկ թղթածրար է, ուրեմն, Հայաստան- Թուրքիա եւ Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումը: Ասիկա բացարձակ եւ ամբողջական փոխկապակցումն է Հայաստան-Ազրպէյճան հակամարտութեան լուծման եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հաստատման:

Այս թղթածրարին մէջ կ՛իյնայ թէ՛ «Զանգեզուրեան միջանցք»-ը, թէ՛ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատում- սահմանագծումը, թէ՛ Հայաստան-Ազրպէյճան տարածքային ամբողջականութիւններու փոխճանաչումը (իմա՛ Արցախի հարցը անցեալ նկատելու Պաքուի առաջադրանքը), թէ՛ աւելի հեռուն երթալով` Հայաստան-Թուրքիա ընդհանուր սահմանի պաշտօնական փոխճանաչումը:

Եթէ նկատենք տակաւին, որ իր հայ գործընկերոջ հետ կայացած հանդիպումէն անմիջապէս ետք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր ազրպէյճանցի պաշտօնակիցին հետ, ապա շատ աւելի պարզ կը դառնայ, որ Անգարան այսպիսով ինքնակոչ միջնորդութիւն կ՛իրականացնէ` միաժամանակ երկու ուղղութեամբ ընթացող բանակցութիւնները մէկ ընդհանուր օրակարգի տակ բերելով:

Տեսութիւնը  աւելի կը հիմնաւորուի, երբ այս անգամ Երեւանը կը յայտարարէ, որ   խաղաղութեան ծրագիրին առնչութեամբ իր առաջարկները յղած է   եւ կը սպասէ Պաքուի պատասխանին: Առընթեր, վարչապետը կը յայտարարէ, որ պատրաստ է ստանձնելու պատասխանատուութիւն` խաղաղութեան ծրագիրը ստորագրելու:

Այս բոլոր տուեալները կը նախանշեն, որ Անգարայի միջնորդութիւնը, կամ երկխօսութեան եւ բանակցութեան մէկ թղթածրարի կազմութիւնը, ճամբայ կտրած է արդէն:

Քաղաքականօրէն  կ՛ուրուագծուի հետեւեալ հարցը: Հարուածուած կողմին կը պարտադրեն պայմաններ, կը ստիպեն համաձայնութիւններ: Կ՛արագացնեն պայմանագիրներու ստորագրութիւնները: Այդպէս եղաւ նոյեմբեր 9-ին: Այդպէս ալ կը շարունակուի:

Ընդունինք, որ ծանր հարուածի տակ յայտնուած է Թուրքիան: Համաշխարհային  մամուլը կը խօսի արդէն ծանրագոյն տնտեսական ճգնաժամի մասին եւ չի վարանիր ակնարկելու աշխարհաքաղաքական նոր ցնցումներու` իբրեւ հետեւանք Անգարայի ստացած ծանր հարուածին:

Կ՛ենթադրուէր, որ դիմացի խաղացողը կանգառի մարտավարութեան դիմէր, սպասէր աշխարհաքաղաքականութեան նոր միտումներուն` տեսնելու համար, որ հարուածի տա՞կ կ՛ուզեն պահել Թուրքիան, թէ՞ արագօրէն վերականգնել` յաղթահարելու համար երկրաշարժի հետեւանքները: Մանաւանդ որ նախագահական ընտրութիւններու թուականը կը մնայ անփոփոխ:

Հայկական կողմը ի՛նք շտապողականութիւն ցոյց կու տայ` իր պատրաստակամութիւնը յայտնելու խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան: Խաղի կանոնները փոխելու մարտավարական հնարաւորութիւնը չ՛օգտագործուիր հերթական անգամ, առնուազն կանգառ ապահովելու եւ սպասելու: Գոնէ`  չշտապելու:

Նախորդը

Զախարովա. «Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման Հոլովոյթին Մէջ Միացեալ Նահանգներու Միջնորդութիւնը Որեւէ Իրական Քայլ Չի Պարունակեր»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 100-ի Լուծում

RelatedPosts

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն.  «Հինգ Կէտի Մէջ Ազրպէյճանական Կողմը Սահմանէն  100-էն 300 Մեթր Աւելի Առջեւ Տեղակայուած Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն. «Հինգ Կէտի Մէջ Ազրպէյճանական Կողմը Սահմանէն 100-էն 300 Մեթր Աւելի Առջեւ Տեղակայուած Է»

Մարտ 31, 2023
Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Աղաւնոյ  Եւ Տեղ Գիւղերուն Միջեւ Փակած Են  Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Աղաւնոյ Եւ Տեղ Գիւղերուն Միջեւ Փակած Են Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին

Մարտ 31, 2023
Հայաստանը Վերապահութեամբ Միացած Է  «Յանուն Ժողովրդավարութեան»  Վեհաժողովի Հռչակագիրին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանը Վերապահութեամբ Միացած Է «Յանուն Ժողովրդավարութեան» Վեհաժողովի Հռչակագիրին

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In