Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Դամասկոսի Նախապայմանները

April 6, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Սուրիոյ, Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարներու ժողովին առիթով հնչած յայտարարութիւններու ամէնէն հիմնական բաժինը Դամասկոս- Անգարա յարաբերութիւններու վերականգնման կը վերաբերի:

Հանդիպումին ձեւաչափը փոխնախարարներու մակարդակով է, ինչ որ հանգուցալուծման մօտալուտ ըլլալուն մասին չի խօսիր: Միայն ձեւաչափը չէ, որ հանգուցալուծում չի նախանշեր, որքան ալ ընդհանուր միտումը  յայտարարուած առաջադրանքը կ՛ենթադրէ: Օրակարգը` նոյնպէս. Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ տեսակէտներու մերձեցումն է: Տակաւին այն փուլին կը գտնուին բանակցութիւնները, որ պէտք է մերձեցնել երկու կողմերուն տեսակէտները:

Կեդրոնանանք սուրիացի փոխնախարարին կատարած յայտարարութիւններուն վրայ:

Թուրքիան իր ուժերը պէտք է հեռացնէ սուրիական տարածքներէն: Միայն նման որոշումի մը իրականացումը կրնայ դուռ բանալ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու վերահաստատման:

Սուրիական կողմէն շնորհակալութիւն յայտնուած է ռուսական եւ իրանեան կողմերուն: Երկու պետութիւնները օժանդակած են, որպէսզի Դամասկոսը կարենայ պայքարիլ Սուրիոյ նկատմամբ արեւմտեան, շրջանային եւ արաբական կարգ մը երկիրներու սանձազերծած ահաբեկչական պատերազմին դէմ: Այստեղ ակնարկը ուղղակի Անգարային է, որ ահաբեկիչներ գործուղած է սուրիական պատերազմին:

Մինչ այժմ սուրիական տարածքներէ ահաբեկիչներու մաքրազտման առաջադրանքի իրականացման համար Դամասկոս որեւէ դրական նախաքայլ չէ նկատած Անգարայէն: Այստեղ յստակօրէն կը վերաշեշտուի, որ տեղակայուած ահաբեկիչներու հովանաւորը Անգարան է:

Ողջունելով ռուս-իրանական միացեալ նախաձեռնութիւնը, այնուամենայնիւ Դամասկոս իբրեւ նախապայման կ՛արծարծէ սուրիական տարածքներու վրայ Սուրիոյ գերիշխանութեան յարգումն ու բոլոր օտար ուժերու, ներառեալ թրքական զօրքերու անմիջական հեռացումը:

Այս շրջածիրին մէջ Սուրիան կ՛առաջադրէ Սուրիա- Թուրքիա սահմաններու միացեալ վերահսկողութիւն եւ ոչ թէ միակողմանի անօրինական գործողութիւններու կիրարկում: Քննարկումները պիտի շարունակուին. նախատեսուած է բարձրացնել մակարդակը եւ անցնիլ արտաքին գործոց նախարարներու ձեւաչափին. սակայն ինչպէս կը նկատուի, Դամասկոսի արծարծած նախապայմանային դիրքորոշումները բաւական խիստ են: Մեղադրանք Թուրքիոյ, որ ապակայունացուցած է Սուրիան, ահաբեկչական պատերազմ հովանաւորած է Սուրիոյ դէմ, ոտնձգութիւններ արձանագրած սուրիական սահմաններէն ներս եւ ներխուժած Սուրիա:

Դամասկոսի ներկայացուցիչը նախքան քառակողմ հանդիպումը խորհրդակցած է իր ռուս գործընկերոջ հետ: Պարզ է, որ Դամասկոս իր դիրքորոշումները համաձայնեցուցած է Մոսկուայի հետ. բայց ոչ միայն Մոսկուայի, որովհետեւ այս պարագային առանցքը կը վերաբերի Մոսկուա-Դամասկոս-Թեհրան գիծին:

Դասական այն վարկածը, թէ բանակցութիւններուն սկիզբը կ՛արձանագրուի պահանջներու առաստաղի բարձրացում` հետագային միջին լուծումներու շուրջ համաձայնելու համար, այս պարագային այդքան միանշանակ մեթոտ չէ: Աւելի կը յուշէ Մոսկուա -Անգարա նախկին մերձեցման խախտումին մասին: Թուրքիան արդէն Մոսկուան հարուածած է Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դէմ վեթոն վերցնելով եւ դէպի Ռուսիա արեւմտեան ապրանքները կասեցնելով: Հիմա Մոսկուան կը պատասխանէ Դամասկոսի միջոցով` պահանջելով թրքական զօրքերու անմիջական հեռացումը Սուրիայէն:

Աշխարհագրական այլ միջավայրի` հարաւային Կովկասի մէջ կը նկատուի ռուսական ոճային կտրուկ փոփոխութիւն Երեւանի հասցէին հրապարակած յայտարարութիւններուն մէջ: ՀԱՊԿ-ի ուժեր  Հայաստան-Ազրպէյճան սահման տեղակայելու օրակարգը վերադարձած է, մինչ կը շարունակուին դրական ներկայացուիլ ռուս եւ հայ թիւ մէկ դիւանագէտներու հանդիպումին մեկնաբանութիւնները ռուսական շրջանակներէն:

Ռուսական տիրոյթներու վերաամրագրման միտումներ կը նկատուին: Միջին Արեւելքի մէջ, նոր առանցքներու ձեւաւորման տեսանելիութեամբ` Փեքինէն մինչեւ Իրան եւ Արաբական ծոց:

Դժգոհ Թել Աւիւը երրորդ անգամ ըլլալով ռազմական յարձակումներ կ՛իրականացնէ Սուրիոյ դէմ եւ կը շարունակէ ռազմայենակէտեր տեղակայել ազրպէյճանական իրանամերձ տարածքներու վրայ:

Նոր արկածախնդրութիւններու պէտք չէ դիմէ հայկական կողմը: Իրավիճակի սթափ գնահատումը եւ համապատասխան քայլերու ձեռնարկելը հրամայական է:

«Ա.»

Նախորդը

Զախարովա. «Հայաստանի Մէջ ՀԱՊԿ-ի Խաղաղապահներու Հաւանական Տեղակայման Ժամկէտները Կախուած Են Հայկական Կողմէն»

Յաջորդը

Գետ-Արուեստի

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.