Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Չինական Առանցքը Աշխարհակարգային Տարողութեամբ (Բ.)

Մարտ 14, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փեքինի միջնորդութեամբ կայացած Իրան-Սէուտական Արաբիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման որոշումը նոր շրջափուլի մեկնարկ կը նկատուի Միջին Արեւելքի մէջ: Եմէնի պատերազմի աւարտը կամ դադրեցումը խորքին մէջ կայանալիք համաձայնութեան ցուցանիշ էր: Լարուածութիւնը երկու երկիրներուն մէջ կը դրսեւորուէր տարբեր եղանակներով: Պահրէյնէն մինչեւ Սուրիա, անցնելով Լիբանանէն երկու երկիրները կ՛առճակատէին ուղղակի եւ անուղղակի:

Այս համաձայնութենէն հիմնական դժգոհը տարածաշրջանին մէջ Թել Աւիւն է, որուն համար Իրանը կը շարունակէ մնալ գլխաւոր սպառնալիքը: Իսրայէլը միշտ գրաւ դրած է սիւննի-շիի անվերջանալի մրցակցութիւններուն եւ հակամարտութիւններուն վրայ:

Մշուշոտ բաժինը կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներուն: Չինական բեւեռէն անհանգիստ Ուաշինկթընը տակաւին յստակօրէն չէ արձագանգած Փեքինեան համաձայնութեան: Երկիմաստ յայտարարութիւններ կը հնչեն եւ որոշ պարագային պաշտօնական փոխանցումներու հերքումներ` անորոշ պահելով ձեւաւորուող նոր իրավիճակի միտումները:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը կը յայտարարէր, որ Ռիատ-Թեհրան համաձայնութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայութեան աւարտն է եւ թէ` նոր շրջափուլ կը մեկնարկուի այս ձեւով:

Կը հետեւէր մէկ քայլ ետ գացող այլ պաշտօնական յայտարարութիւն Թեհրանէն: Արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէր, որ Թեհրան Ուաշինկթընի հետ գոյացուցած է համաձայնութիւն բանտարկեալներու փոխանակման հարցով:

Սպիտակ տան հակազդեցութիւնը չէր ուշանար. Ուաշինկթըն կը յստակացնէր, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ եւ թէ պատանդներու ազատ արձակումը ապահովելու փորձերը կը շարունակուին:

Ամերիկեան այս վերջին յայտարարութիւնը կարգ մը առանցքային ընդգծումներ կը ներառէ: Նախ բացասական դիրքորոշում Թեհրանի հանդէպ` հերքումի կարգով: Երկրորդ` դարձեալ բացասական երանգի նկատում: Իրանի կողմէ բանտարկեալներու փոխանակում եզրին փոխարէն, Միացեալ Նահանգները կ՛օգտագործէ պատանդներու ազատ արձակումը` պատանդառու Թեհրան եւ պատանդուած ամերիկացիներ յարաբերակցութեամբ: Ուշագրաւը յայտարարութեան վերջին բաժինն է. փորձերը կը շարունակուին: Այսինքն` Թեհրանի հետ բանակցութիւններու դուռը  բաց է, եւ բանակցութիւններ կ՛ընթանան:

Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ներկայութեան աւարտը ազդարարող իրանեան յայտարարութեան համապատասխան տեղեկատուութիւն է ամերիկեան մամուլին շրջանառութեան մէջ դրած լուրը, որ Չինաստանի նախագահը Ծոցի երկիրներն ու Իրանը Փեքինի մէջ վեհաժողովի հրաւիրած է:

Նման համաժողովի մը կայացումը կը տեղաւորուի Ռիատ-Թեհրան համաձայնութեան շրջածիրին մէջ իբրեւ առաջնագոյն օրինակ: Պարզ է, որ երկու երկիրները կանաչ լոյս կու տան միջնորդ Չինաստանին տարածաշրջան մուտք գործելու մեծ դռներէ: Տակաւին պարզ չէ, թէ այդ նոյն դռներէն Ուաշինկթընի հեռացումը պիտի ընթանայ զուգահեռ Փեքինի ժամանումին:

Ռիատի քայլը, ներկայ պայմաններուն մէջ այդքան ինքնուրոյն չի կրնար ըլլալ յարաբերաբար Միացեալ Նահանգներուն, որոնց զօրակայանները տեղակայուած են Սէուտական Արաբիոյ անապատներուն մէջ: Ի վերջոյ Ռիատ-Թեհրան յարաբերութիւններու ապալարուածութիւնը ընթացաւ զուգահեռ Միացեալ Նահանգներու կիրարկած պատժամիջոցային քաղաքականութեան մեղմացման եւ Վիեննայի բանակցութիւններու մեկնարկին:

Այս բոլորով հանդերձ նոր շրջափուլ է: Չինաստանը զուտ տնտեսական բեւեռէն անցում կը կատարէ դէպի քաղաքական հարթութիւն եւ հանգրուան առ հանգրուան տարածաշրջանային ներկայութիւն:

«Ա.»

Նախորդը

Աշխատանքային Այցելութեամբ Մոսկուայի Մէջ Են ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?