Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Անթիլիաս-Պքերքէով Մեկնարկած Զուտ Լիբանանեան Օրակարգը

Փետրուար 4, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի պատրիարքին այցելութիւնը Անթիլիաս հերթական շրջայցի շարքին մէջ չէր տեղաւորուեր: Յատուկ այցելութիւն էր վեհափառ հայրապետին եւ ունէր մէկ օրակարգ` Լիբանանի նախագահի ընտրութիւն:

Այս հանգոյցը հիմնական օրակարգ էր նաեւ անցնող ամիս դէպի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն արձանագրուած դիւանագիտական եռուզեռին ընթացքին: Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Քաթար, անցնելով Սէուտական Արաբիայէն եւ Իրանէն, Լիբանանի մէջ գործող դիւանագիտական ներկայացուցիչները խորհրդակցած էին վեհափառ հայրապետին հետ հիմնականին մէջ այս օրակարգին շուրջ: Լիբանանի նախագահի ընտրութիւնը պարզ է, որ ստացած է միջազգային տարողութիւն, եւ հետզհետէ տարածաշրջանին մէջ ազդեցութեան գօտիներ ունեցող պետութիւնները կը պարզաբանեն իրենց յատկանիշները` ընտրուելիք նախագահի թեկնածուին վերաբերող:

Քաղաքականօրէն նոյնքան յստակ է, որ Լիբանանի խորհրդարանական խմբակցութիւնները, զանոնք հովանաւորող կուսակցութիւնները, համայնքային գլխաւոր ուժերը իրենց դիրքորոշումի, համաձայնելու կամ չհամաձայնելու ներշնչանքը կը ստանան արտալիբանանեան կեդրոններէ կամ պարզապէս նոյն այդ տարածաշրջանային մակարդակի պետութիւններէ:

Մարոնի համայնքին պատկանելիութեան վերագրուած ըլլալով, այդուհանդերձ Լիբանանի քրիստոնեաներուն իրաւունքով նուիրականացած է նախագահական աթոռը: Հետեւաբար քրիստոնեայ համայնքներու շահագրգռուածութիւնը աթոռի պատկանելիութեան իրաւունքի պահպանման առումով գերակայ պէտք է ըլլայ սկզբունքօրէն:

Պատրիարքին նախաձեռնութիւնը վեհափառէն հանգուցալուծման պատկերացում ունենալն էր: Անել վիճակի մատնուած այս գործընթացէն դուրս գալու ելքի որոնումը: Եւ պատահական չէր, որ պատրիարքը իր պատուիրակութեամբ կ՛առաջնորդուէր Անթիլիաս հանգուցալուծման համար խորհրդակցութիւններ ունենալու:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ամբողջ պատերազմի ընթացքին եւ ներլիբանանեան բախումներուն, մի՛շտ գերադասեց խաղաղութիւնը, երկխօսութեան գերակայութիւնը, բացառապէս բանակցութիւններով համախոհութեան գալու եւ հարցերը լուծելու ընտրանքը:

Անթիլիասը ընկալուած էր այն հողը, որուն վրայ կարելի էր զուտ լիբանանեան օրակարգերով զբաղիլ, հեռու` խժդժութիւններէ եւ խռովարարութիւններէ: Փաստօրէն այնտեղ բիւրեղացաւ համախմբելու միտքը, առաջարկը: Այս ծրագիրը երկու փուլ ունէր. առաջինը` զուտ քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր ներկայացուցիչներու հանդիպում Պքերքէի մէջ, որ աւելի ուշ պիտի համալրուէր նաեւ քաղաքական բաժինով: Առաջինը կայացաւ եւ անկէ բխեցաւ հաղորդագրութիւն, որ կը հրաւիրէր քրիստոնեայ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները` ստեղծելու համար հրամայական դարձած համախոհութիւնը:

Դժուար իրականանալի բաժինը երկրորդ փուլն է, որ ի դէպ ամբողջովին չի լուծեր հարցը: Ի վերջոյ նախագահական ընտրութիւնը կայացնելու եւ համախոհական թեկնածուին քուէարկելու համար անհրաժեշտ է նաեւ իսլամ համայնքներու միացումը այս երթին:

Կը գիտակցինք, որ բարդ է այս երկրորդ փուլի կայացումը: Պատահական չէ, որ անմիջական կարգով, ծրագիրին նկատմամբ իր զօրակցութիւնն ու համաձայնութիւնը հրապարակեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներկայացուցիչը: Դաշնակցութիւնը հետեւողականօրէն հետամուտ մնացած է երկխօսութեան, խաղաղ բանակցութեան, միջհամայնքային համակեցութեան եւ համախոհութեան սկզբունքներու վրայ հիմնուած գործընթացները առաջ տանելու որեւէ նախաձեռնութեան: Նման օրակարգերու ընդառաջ արձագանգումի անմիջականութիւնն ու արագութիւնը քաղաքական իմաստ ունին: Նոյնպէս` ակնկալելը, պայմանաւորելը, անպատեհութիւններու մասին բարձրաձայնելը: Մանաւա՛նդ, երբ ճգնաժամերու կուտակումի ահագնացումի առջեւ են երկիրն ու ժողովուրդը:

Այս փուլին Լիբանանի քրիստոնէական կուսակցութիւններու եւ համախմբումներու ներկայացուցիչներէն պարտաւորեցնող հանգամանքով կ՛ակնկալուի անսալ Անթիլիասէն մեկնարկած եւ Պքերքէի մէջ կայացած համախմբուելու կոչին: Ըստ էութեան Անթիլիաս- Պքերքէ միացեալ նախաձեռնութիւնն է, որ կրնայ փուլ առ փուլ հանգուցալուծել  այս անել կացութիւնը. եթէ ի հարկէ բոլոր կողմերը համոզուին զուտ լիբանանեան օրակարգի վերածել նախագահի ընտրութիւնը:

«Ա.»

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Կողմէ Լաչինի Միջանցքի Փակման Հետեւանքով Առնուազն 5100 Մարդ Կորսնցուցած Է Աշխատանքը Եւ Եկամուտի Աղբիւրը

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 98-ի Լուծում

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?