Խմբագրական. Հայկական Յաղթաթուղթը Կամ Անգարայի Ախտանիշը (Սեւրի Համաձայնագիրի 103-Ամեակին Առիթով)
Սեւրի պայմանագիրը հայ իրաւաքաղաքական միտքը անքակտելիօրէն կը կապէ ամիսներ ետք կայացած Իրաւարար վճիռին: Սեւրը ատով նշանակութիւն կ՛ունենայ հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ պայմանագիրի շրջանակներուն մէջ կ՛իյնայ Միացեալ Նահանգներու նախագահին տրուած լիազօրութիւնը: Սեւրով եւ Իրաւարար վճիռով հայկական դիւանագիտութիւնը բարձրակէտ ապահովեց: Անշուշտ ընկալելի է, որ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, Թուրքիոյ մասնատման ծրագիրը արագացուցին ընթացքը, բայց այդ պայմաններուն մէջ հայկական կողմը ձեռք բերաւ առաւելագոյնը: Աշխարհաքաղաքական միտումներու...




















