Խմբագրական

Editorial

Ակնարկ. Անգարան Պէյրութի Մէջ Կը Խաղարկէ Երկակի Չափանիշներ

Ակնարկ. Անգարան Պէյրութի Մէջ Կը Խաղարկէ Երկակի Չափանիշներ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին Պէյրութ այցելութեան ընթացքին կատարած յայտարարութիւններէն պէտք է առանձնացնել քանի մը առանցքային կէտ: Նախ այն, որ Թուրքիան կ՛աշխատի, որ պատերազմը չընդլայնի եւ Լիբանանը զերծ մնայ պատերազմական գործողութիւններէն: Երկրորդը`   Կազայի մէջ իրադարձութիւններուն առումով Թուրքիա կատարելապէս կը զօրակցի Եգիպտոսի կեցուածքին եւ կը նշէ, թէ ժամանակը հասած է, որ  միջազգային հասարակութիւնը քայլերու դիմէ 1967-ի սահմաններուն հիման վրայ եւ մայրաքաղաք Երուսաղէմով...

Ակնարկ.  Չինաստանին Ուղղուած Ազդակը

Ակնարկ. Չինաստանին Ուղղուած Ազդակը

Անհրաժեշտ է յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնել Ուաշինկթընի` Չինաստանին կատարած դիմումի լուրին վրայ, իսրայէլապաղեստինեան հակամարտութեան կարգաւորման համար: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը չինացի իր գործընկերոջ դիմած է այս առաջադրանքով: Նոյնքան ուշագրաւ է Փեքինի պատասխանը` ճգնաժամի լուծումը պայմանաւորուած է  Պաղեստինի անկախ պետութեան ստեղծումով` Իսրայէլի հետ անոր խաղաղ գոյակցութեան երաշխիքներով: Թէական զինադուլի հաստատման եւ բանակցութիւններու ձեռնարկումի համար կը թուէր, որ երկու գլխաւոր պետութիւններ իրենց...

Ակնարկ.  Պատերազմի Զսպման Գործօններ

Ակնարկ. Պատերազմի Զսպման Գործօններ

Հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող ռազմական սահմանափակ բախումները ցուցանշային հանգամանք ունին: Անոնց առայժմ սահմանափակ ըլլալը մտածել կու տայ պատերազմական գործողութիւններու լայնածաւալման առումով որոշ զսպումներու մասին: Փաստօրէն այն, ինչ որ կ՛արձանագրուի հարաւային Լիբանանի մէջ, գոնէ մինչ այժմ, թիրախաւորուած հրթիռակոծումներ են, որոնք չեն վերածուիր համընդգրկուն բռնկումի: Կ՛ընթանան դադարներով: Հըզպալլայի առաջնորդին ուղերձով չներկայանալը պատերազմէն հինգ օր անց, որոշ նշանակութիւն ունի: Առաջին տեսութիւնը այս իրականութեան...

Ակնարկ.  9/11-ի Համեմատութեան Չաշխատող Բաժինը

Ակնարկ. 9/11-ի Համեմատութեան Չաշխատող Բաժինը

Իսրայէլեան մամուլը չի վարանիր հաստատելու, որ Համասի յարձակումը իսրայէլեան տարածքներու վրայ երկրորդ 9/11 է: 9/11-ը սակայն միայն քանդում, աւեր, սպանութիւն, զոհեր եւ անհետ կորսուածներ  չ՛ենթադրեր: Անիկա ամբողջ համակարգի մը դիւրաբեկութեան բացայայտումն է, յանկարծակիութեան գործօնի հարուածով  գործողութիւնը վնասազերծելու կարողականութեան չէզոքացումն է: Նման համեմատութիւն կատարելով իսրայէլեան պաշտօնական թէ անպաշտօն  խօսափողները եթէ մէկ կողմէ ընդունած կ՛ըլլան իրենց անվտանգային համակարգի խոցելիութիւնը, միւս կողմէ սակայն...

Ակնարկ.  Կրանատայի Յայտարարութիւնն ու 29.800-ը

Ակնարկ. Կրանատայի Յայտարարութիւնն ու 29.800-ը

Կրանատայի յայտարարութիւնը միանշանակ կարելի չէ ընկալել. մանաւանդ կարելի չէ խանդավառուելով դիւանագիտական յաղթանակ նկատել: Նախ չմոռնանք, որ յայտարարութիւնը պարտադիր բնոյթ չունի եւ չի կրեր հակամարտողներուն ստորագրութիւնը: Տարբեր խնդիր, որ Ազրպէյճանը նոյնիսկ իր ստորագրած փաստաթուղթերու կէտերը պարտադիր չի նկատեր եւ անոնց կը մօտենայ ընտրովի եղանակով: Խօսքը ուղղակիօրէն նոյեմբերեան եռակողմ յայտարարութեան մասին է: Մտահոգիչ բաժինը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան կը վերաբերի: Յայտարարութիւնը կը հաստատէ,...

Ակնարկ.  Հայ Դատը, Հռոմի Կանոնադրութիւնն Ու «Չպետութիւն»-ը

Ակնարկ. Հայ Դատը, Հռոմի Կանոնադրութիւնն Ու «Չպետութիւն»-ը

Միջազգային քրէական դատարանի անդամակցութեան կամ այս պարագային Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացման նիստին իշխանութեան խմբակցութենէն հնչեցին Հայ դատի համակարգը պետականութեան հակադրող միտքեր: Անոնք բանաձեւուեցան Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացման նկատմամբ ընդդիմութեան դիրքորոշումին իբրեւ խորքային դրդապատճառներ: Առանցքայինը այդ դրդապատճառներուն, ըստ այդ հայեցակարգին` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն է կամ ընդհանրապէս դաշնակցական մտածելակերպը: Իշխանական պատգամաւորի տրամաբանութեամբ, Դաշնակցութիւնը կամ անոր Հայ դատի համակարգը միջազգային քրէական դատարաններուն մրցակիցն է: Հետեւապէս,...

Ակնարկ.  Չեղարկուած Յայտարարութեան 9-րդ Կէտը

Ակնարկ. Չեղարկուած Յայտարարութեան 9-րդ Կէտը

ՄԱԿ-ի առաքելութեան Արցախ ժամանումի լուրը գործընթացներու հունաւորման ուղղութեամբ հիմնական նոր տուեալ չի հաղորդեր: Ոչ միայն ուշացած գործողութիւն է միջազգային ընտանիքին կողմէ, այլ նոյնիսկ անհեթեթութեան ուղերձներ կը փոխանցէ: Պաշտօնական լրահոսին համաձայն, ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը պիտի փաստահաւաքագրէ, զինաթափման ընթացքին հետեւի եւ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրէ թէ՛ Արցախ մնացողներուն եւ թէ՛ Արցախէն բռնագաղթածներուն: Անհեթեթութեան սահմանը հատեց նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը, որուն որոշումները պատերազմական վերջին գործողութիւններով...

Խմբագրական.   Լիբանանահայութիւնը  Ընդդէմ  Ազրպէյճանին`  Հինգշաբթի Ժամը 5:00-ին

Խմբագրական. Լիբանանահայութիւնը Ընդդէմ Ազրպէյճանին` Հինգշաբթի Ժամը 5:00-ին

Լիբանանահայութիւնը հինգշաբթի Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ բուռն կերպով պիտի բողոքէ Ազրպէյճանի կիրարկած ցեղասպանական քաղաքականութեան դէմ: Թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը իրերայաջորդ գործողութիւններու դիմած եւ գրաւած է Արցախը, կազմալուծած` Արցախի պաշտպանութեան բանակը, տեղահանած բնակչութիւնը, բռնագաղթ պարտադրած ամբողջ ժողովուրդին, հրթիռակոծած քաղաքացիական հաստատութիւնները, սպաննած անզէն մարդիկը: Այս բոլորը կը համալրեն ցեղասպանական արարքի բոլոր տուեալները: 21-րդ դարուն, ամբողջ աշխարհին առջեւ Պաքուն կ՛իրականացնէ ցեղասպանութիւն` ամբողջովին հայաթափելով Արցախը եւ ջնջելով...

Ակնարկ.   Տարհանում, Կեցութիւն Եւ Խաղաղապահութիւն

Ակնարկ. Տարհանում, Կեցութիւն Եւ Խաղաղապահութիւն

Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն մասին առատ է պատճառահետեւանքային վերլուծաբանութիւնը: Տեղեկատուական ոլորտին մէջ խուճապահարութիւնը օգտակար չէ: Այդ առումով տեղեկատուական ներքին եւ արտաքին պատերազմի իրավիճակին մէջ բացառապէս յենուիլը` Արցախի տեղեկատուական շտապի հրապարակումներուն, օգտակար է թէ՛ ճիշդ կողմնորոշուելու եւ թէ՛ յատկապէս հետագայ քայլերը կազմակերպելու առումներով: Արցախի տեղեկատուական շտապի հայթայթած նիւթերէն կարելի է լուսարձակի տակ առնել հետեւեալները: - Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներու դուրսբերում մարտական դիրքերէն ու...

Խմբագրական.  Համայն Հայութեան Իղձերը, Պատմական Արդարութիւնը Եւ Արցախի Վերամիաւորումը  (Սեպտեմբեր 21-ի Առիթով)

Խմբագրական. Համայն Հայութեան Իղձերը, Պատմական Արդարութիւնը Եւ Արցախի Վերամիաւորումը (Սեպտեմբեր 21-ի Առիթով)

Արձանագրենք, որ մեր ժամանակակից պատմութեան ծանրագոյն պահերն են, որոնք կ՛ապրինք ազգովին: Հերոսական Արցախին կը պարտադրուի զինեալ ուժերու լուծարում եւ համարկումի օրակարգ: Ստեփանակերտի ներկայացուցիչները շուտով կը մեկնին Պաքուի կողմէ որոշուած վայր` Ազրպէյճանի սահմանադրութեան շրջանակներուն մէջ բանակցելու ցեղային զտումի քաղաքականութիւն կիրարկող բռնատիրական վարչակարգի ներկայացուցիչներուն հետ: Աշխարհը կոչերով, արտակարգ նիստ գումարելու որոշումներ կայացնելով, մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու պատրաստակամութիւն յայտնելով, նոյնիսկ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներ...

Ակնարկ.  Քառակողմ Հանդիպումով Անգարայի Առաջադրածը

Ակնարկ. Քառակողմ Հանդիպումով Անգարայի Առաջադրածը

Թուրքիոյ նախագահը Արցախի հակամարտութեան օրակարգով նախաձեռնողականութիւն դրսեւորած է: Առաջարկած է քառակողմ ձեւաչափով` Ռուսիա, Թուրքիա, Հայաստան եւ Ազրպէյճան հանդիպում կայացնել: Տրուած ըլլալով, որ առաջարկողը Թուրքիոյ նախագահն է, ապա ուրեմն կ՛ենթադրուի, որ հանդիպումը կայանալու պարագային անիկա պիտի ըլլայ Թուրքիոյ մէջ: Օրակարգը եթէ Արցախի հիմնախնդիրն է, ուրեմն պէտք է փորձել դիտարկել, թէ ի՛նչ կը պատահի արցախեան դաշտին մէջ: Պարզ դարձաւ, որ Ստեփանակերտի իշխանութիւնները...

Ակնարկ.  Հնգեակը Եւ Խորհրդարանի Նախագահին Նախաձեռնութիւնը

Ակնարկ. Հնգեակը Եւ Խորհրդարանի Նախագահին Նախաձեռնութիւնը

Վարագոյրը իջաւ ֆրանսացի պատուիրակին Պէյրութ կատարած հերթական գործուղման արարին վրայ: Բնականաբար, կախարդական փայտիկի տեսութիւնը պիտի չաշխատէր այս փուլին եւս եւ այնպէս չէր ակնկալուեր, որ յանկարծակի համախոհութիւն պիտի գոյանար նախագահի թեկնածուի մը շուրջ: Աւանդութիւնը իր հանգրուանային դրսեւորումը ունեցաւ: Հանդիպում բոլոր կողմերուն հետ, երկխօսութեան սեղանի շուրջ համախմբուելու եւ համախոհութեան յանգելու կոչեր: Նոյնիսկ վերջնագիրի բնոյթը աւանդական տեսք ունի, երբ պատուիրակը կ՛ընդգծէ, թէ երկխօսութեան...

Ակնարկ.  Միջանցքներ, Երթուղիներ Եւ Նորացուող Մրցապայքարներ

Ակնարկ. Միջանցքներ, Երթուղիներ Եւ Նորացուող Մրցապայքարներ

Պաշտօնական Ուաշինկթընի ներկայացուցիչին յայտարարութիւնը` դէպի երկիր երկու միջանցքներու բացման կարեւորութեան մասին, քանի մը դիտարկումի պէտք է արժանանայ: Նախ այն, որ արդէն Բերձորը միակ միջանցքը չէ, որուն բացման անհրաժեշտութեան վրայ կը կեդրոնանայ Միացեալ Նահանգները, ինչպէս նախապէս: Հիմա, արդէն Ակնա-Ստեփանակերտը այլընտրանքային ճամբայ է մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու առումով, Միացեալ Նահանգներու համար: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին համար երկու միջանցքները կարեւոր գործօն են կարճաժամկէտ...

Խմբագրական.  Արցախի Նախագահի Ընտրութիւնը Եւ Անհնարը Հնարաւոր Դարձնելու Վճիռը

Խմբագրական. Արցախի Նախագահի Ընտրութիւնը Եւ Անհնարը Հնարաւոր Դարձնելու Վճիռը

Այսօր, Արցախի Ազգային ժողովը կ՛ընտրէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ: Հակառակ ազրպէյճանական սպառնալիքներուն, ամէն ինչ կ՛ընթանայ սահմանադրական հունով: Պաշարուած վիճակի մէջ նոյնիսկ Արցախը բոլոր իրաւաչափութիւնները կը յարգէ եւ համահունչ Սահմանադրութեամբ կ՛ընտրէ հանրապետութեան նախագահ: Պետական հիմնարկներու յարգումը, սահմանադրական ժամկէտի մէջ տեղաւորուելով հրաժարած նախագահին փոխարէն նորը ընտրելը, ներքին կայունութիւնը պահպանելը եւ մանաւանդ ազրպէյճանական սադրանքներուն չներքաշուիլը Արցախին կը վերապահէ օրհասական պայմաններուն մէջ նոյնիսկ պետական մտածողութեան...

Մինչ Ժողովրդային Ցոյցերը  Կը Շարունակուին,  Երկխօսութեան Նիստը Այսօր  Կը Կատարէ Իր Մեկնարկը

Ակնարկ. Յորդորներէն Դէպի Պատուէրնե՞ր

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնակատարին յայտարարութիւնը ահազանգային է: Կեդրոնական դրամատունը կ՛որոշէ դադրեցնել պետութեան ֆինանսաւորումը: Այս որոշումէն առաջ կար ուղղուածութիւն եւ այդ մասին նաեւ յայտարարութիւն, որ ֆինանսաւորումը պիտի ըլլայ ամերիկեան դրամանիշով: Օտար դրամանիշով պետական ծառայութիւններու ֆինանսաւորումը պետութեան Կեդրոնական դրամատան կողմէ բնական պայմաններու մէջ անօրինաչափ քայլ է: Լիբանանեան դրամանիշի տատանուող կայունացման միտող գործողութիւններու շարքին մաս կը կազմէ, ժամանակաւոր ելքեր որդեգրելու ընդհանուր ֆինանսական քաղաքականութեան...

Խմբագրական.  Հռչակագրային Իրաւադրոյթներ  (Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 32-Ամեակ)

Խմբագրական. Հռչակագրային Իրաւադրոյթներ (Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 32-Ամեակ)

Արցախի Հանրապետութեան հռչակման օրը կը նշուի ծանրագոյն պայմաններու մէջ: Արցախը կորսնցուցած է տարածքներ. 9-րդ ամիսը ըլլալով կը շարունակուի պաշարումը: Կ՛իրականացուի, մարդասիրական աղէտի ստեղծումով, ցեղային զտման քաղաքականութիւն` ամբողջական հայաթափման նպատակով: Յղում կատարենք Արցախի Հանրապետութեան հռչակման փաստաթուղթին եւ տեսնենք, թէ ի՛նչ տարածքներու կը վերաբերի անկախութիւնը: «Ժողովրդական պատգամաւորների Լեռնային Ղարաբաղի մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդների` բոլոր մակարդակների խորհուրդների պատգամաւորների մասնակցութեամբ համատեղ նստաշրջանը, արտայայտելով...

Ակնարկ.  Լիբանանը` Քաոսացման Եւ Վերահսկելիութեան Արանքին

Ակնարկ. Լիբանանը` Քաոսացման Եւ Վերահսկելիութեան Արանքին

Ներլիբանանեան իրադարձութիւններու հակասական պատկեր մը երեւութապէս մտածել կու տայ իրարու հետ աղերս չունեցող եւ տարբեր ուղղութիւններով մեկնող գործընթացներու մասին: Ֆրանսացի պատուիրակին Լիբանան վերադարձի նախօրեակին կ՛արծարծուի առաքելութեան անկարելիութեան եւ Տոհայի միջնորդական կարգավիճակի վերստանձնման մասին: Այդ կը նշանակէ մագոգային հանդիպումներու նոր արշաւ, նոր թեկնածուներու առաջադրման կարելիութիւն: Տոհան Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ կամրջումներ կատարող մայրաքաղաք է, որ նաեւ սերտ յարաբերութիւններ ունի Միացեալ...

Ակնարկ.  Պաքուի Մարտավարական Խաղերը Եւ Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահին Հրամայականը

Ակնարկ. Պաքուի Մարտավարական Խաղերը Եւ Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահին Հրամայականը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստին Ազրպէյճանի որդեգրած մարտավարական խաղերուն նպատակն էր հիմնականին մէջ ցոյց տալ, առաջին` որ Բերձորի միջանցքը փակ չէ եւ այնտեղ անցակէտ տեղադրելը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն որոշումն է, որովհետեւ Բերձորը Ազրպէյճանի տարածքն է: Երկրորդ` միջազգային հանրութեան երեւիլ խաղաղասէր եւ հոգատար, ըսելով, որ պատրաստ է Աղտամի ճամբով մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնել Արցախի ժողովուրդին: Քանի մը առաջադրանք տեսանելի են մարտավարական այս խաղերուն...

Խմբագրական.   Արցախեան Հակամարտութեան Վերամիջազգայնացման Առիթով

Խմբագրական. Արցախեան Հակամարտութեան Վերամիջազգայնացման Առիթով

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստէն որեւէ յայտարարութիւն, կոչ կամ բանաձեւ չէ բխած: Նոյնիսկ եթէ հրապարակուէր նման նիւթ այնուամենայնիւ պարտադիր բնոյթ պիտի չունենար: ՄԱԿ իրաւականօրէն բոլոր պատճառները ունէր նոյնիսկ առանց արտակարգ նիստ գումարելու պարզապէս պահանջելու, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի տուած որոշումները կիրարկուէին: Չկիրարկելու պարագային, Ազրպէյճան պէտք է սկսելու համար իրաւականօրէն պատասխան տար: Միջազգային մակարդակի վրայ նման նախադէպերու պարագային կ՛որդեգրուին պատժամիջոցներ, ինչ...

«Հիւսիսային Կիպրոսի Մէջ Հիւպատոսութեան  Բացումը Ռուսիոյ Կողմէ Թրքական  Կիպրոսի Ճանաչում Չէ»  Կ՛ըսէ Էրթուղրուլօղլու

Ակնարկ Բռնագրաւեալ Կիպրոսը՝ Մոսկուա –Անգարա Յարաբերութիւններու Արանքին

Բռնագրաւեալ Կիպրոսի թրքական իշխանութիւններուն անունով փոխադրամիջոցներու նախարարը յայտարարութիւն կատարած է առ այն, որ Ռուսիոյ հիւպատոսական ծառայութիւններու մեկնարկը բռնագրաւեալ Կիպրոսի մէջ ի վերջոյ պիտի յանգի Ռուսիոյ դաշնութեան կողմէ բռնագրաւեալ Կիպրոսի ճանաչումին: Իբրեւ հիմնաւորում ան նշած է, որ Խորհրդային Միութիւնը առաջին պետութիւնն էր, որ ճանչցած է Կիպրոսի ինքնահռչակ թրքական հանրապետութիւնը եւ թէ հիմա եւս չի բացառուիր, որ նոյնը տեղի ունենայ: Այս յայտարարութեան...

Page 20 of 62 1 19 20 21 62

Արխիւներ