Խմբագրական

Editorial

Խմբագրական.   Ինչո՞ւ Բացայայտել Եւ Իրազեկել  Սումկայիթի Եղեռնագործութեան Բոլո՛ր Ծալքերը

Խմբագրական. Ինչո՞ւ Բացայայտել Եւ Իրազեկել Սումկայիթի Եղեռնագործութեան Բոլո՛ր Ծալքերը

Սումկայիթեան եղեռնագործութիւնը ամբողջական բացայայտում էր Պաքուի իշխանութիւններու հայութեան նկատմամբ վարած քաղաքականութեան: Հայ ազգաբնակչութեան վերացում, հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում, հայկական որեւէ հետքի սրբում: Սումկայիթի ցեղային զտումի գործողութիւններու ծալքերու բացայայտումները, աւելի ճիշդը` անոնց միջազգային ատեաններու մօտ վերարծարծումը կ՛իրազեկէ ոչ միայն միջազգային հանրային կարծիքը, այլ նաեւ միջազգային ընտանիքը: Այս վերջինը յատկապէս Ազրպէյճանի նկատմամբ իր կիրարկելի քաղաքականութեան ընթացքին պիտի համոզուի, որ գործ ունի ցեղային...

Խմբագրական.  Ազգ-Բանակ-Եկեղեցի Եռամիութեան  Գործնական Օրինակը (Վարդանանց Տօնին Առիթով)

Խմբագրական. Ազգ-Բանակ-Եկեղեցի Եռամիութեան Գործնական Օրինակը (Վարդանանց Տօնին Առիթով)

Ներկայ պայմաններուն մէջ Վարդանանց խորհուրդը կը ներկայանայ ազգ-բանակ-եկեղեցի միաւորումով: Երբ գոյութենական սպառնալիքի դիմաց գտնուած է հայրենիքը, ապա կայացած է այդ միաւորումը, պատմութեան զանազան փուլերուն: Քրիստոնէութեան ընդունումէն գիրերու գիւտ, Աւարայր, Սարդարապատ, Արցախ: Այս փուլերը ազգի շարունակականութեան ապահովման երաշխիքներ են եւ  խարսխուած են այս եռամիութեան վրայ: Խախտած է այսօր եռամիութիւնը, հակառակ անոր որ գոյաբանական սպառնալիքը կը յամենայ: Ներխուժուած են հայրենիքի գերիշխան տարածքներ,...

Ակնարկ.  Դարձեա՛Լ 9-րդ Կէտին Եւ 3+3-ին Մասին

Ակնարկ. Դարձեա՛Լ 9-րդ Կէտին Եւ 3+3-ին Մասին

Ռուսիոյ դաշնութեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը բազմաօրակարգ եղած է: Հիմնականները` Ուքրանիա, Հարաւային Կովկաս եւ Միջին Արեւելք: Նկատենք անմիջապէս, որ Հարաւային Կովկասը թէժ կէտերու ներառուած է իբրեւ առաջնահերթ օրակարգ: Տարբերութիւնը այն է, որ Ուքրանիոյ պարագային պատերազմը կը յամենայ, Կազան կը գտնուի պատերազմէն դէպի հրադադար անցումի մէջ, Հարաւային Կովկասը համեմատաբար առաջին երկու կէտերուն աւելի հանդարտ է: Կը վերադառնանք Հարաւային Կովկաս:...

Երուսաղէմի Քաղաքապետարանը Կը Փորձէ  Բռնագրաւել Հայոց Պատրիարքարանի Անշարժ Գոյքը

Ակնարկ. Կալուածային Խնդիրներէն Անդին

Երուսաղէմի պատրիարքութեան կալուածներու խնդիրը իրաւական գետնի վրայ կը բացատրուի կուտակուած պարտքերու դիմաց  առնուած քայլով: Երուսաղէմի քաղաքային իշխանութիւնները առաջադրած են բռնագրաւել կալուածները, աճուրդի հանել եւ այդպիսով մարել պատրիարքութեան տասնամեակներու վրայ կուտակուած պարտքը: Այստեղ պարտքերու կուտակման, անոնց շիջման եղանակներու, կողմերու միջեւ կայացած համաձայնութիւններու եւ  զուտ իրաւական լուծման մանրամասնութիւնները կը թուի, որ  երկրորդական նշանակութիւն ունին: Պարզ է, որ պարտքերու կուտակումը վարչակառավարման բացթողում կ՛ենթադրէ,...

Խմբագրական.  Աշխարհակարգի Փոփոխութեան Միտումներն  ու ԵԱՀԿ-ի Վերագործարկման Նախադրեալներ  (Արցախեան Շարժման 37-Ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Աշխարհակարգի Փոփոխութեան Միտումներն ու ԵԱՀԿ-ի Վերագործարկման Նախադրեալներ (Արցախեան Շարժման 37-Ամեակին Առիթով)

Արցախեան շարժման օրերուն աշխարհակարգի փոփոխութիւններու նախադրեալները հետզհետէ տեսանելի կը դառնային: Խորհրդային Միութեան ղեկավարութեան յայտարարած փերեսթրոյքան եւ կլասնոսթը  կայծակնային արագութեամբ նոր իրավիճակներ կը ստեղծէր ներխորհրդային դաշտին  եւ բնականաբար նաեւ արտաքին աշխարհին մէջ: Երկբեւեռ աշխարհակարգի շրջումի նախանշաններն էին, որոնք նոր հունաւորում կը խոստանային հետագայ ընթացքներուն: Միջազգային քաղաքագիտական վերլուծաբանութեան մէջ ուշագրաւ է այն տեսութիւնը, որ Խորհրդային Միութեան փլուզման առարկայացման առաջին փուլը Հայաստանէն կը...

Ակնարկ.  Պայմաններ Եւ Փոխկապակցուած Գործընթացներ

Ակնարկ. Պայմաններ Եւ Փոխկապակցուած Գործընթացներ

Հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած իսրայէլեան յարձակումները, Պէյրութի եւ տարբեր շրջաններու վրայ օդային պատի ճեղքումով պատերազմական յուշեր վերարթնցնելը, որոշ ընդհատումներով անօդաչուներու  անարգել շրջագայութիւնները, քանի մը հաստատումներու եւ ենթադրութիւններու կ՛առաջնորդեն: Նախ այն, որ Իսրայէլը կը շարունակէ խախտել հրադադարի համաձայնութիւնը  եւ այս գործողութիւնները կը հիմնաւորէ այդ համաձայնութեամբ նշուած կողմերու ինքնապաշտպանութեան իրաւունքի սկզբունքով, երբ նկատուի զինուորական տեղաշարժ հակառակորդին կողմէ: Այս կէտը անշուշտ գրեթէ միակողմանի...

Ակնարկ.  Մինչեւ Շաբաթ Ժամը 12:00

Ակնարկ. Մինչեւ Շաբաթ Ժամը 12:00

Ուաշինկթընէն եւ Թել Աւիւէն նոր սպառնալիքներ կը հնչեն Կազայի մէջ պատերազմը վերսկսելու խոստումներով: Իսրայէլ հրադադարը չի յարգեր, որուն դիմաց Համաս կը յայտարարէ, որ պատանդներու ազատ արձակման գործընթացը կ՛առկախուի: Միացեալ Նահանգներու նախագահը մինչեւ շաբաթ օրուան ժամը 12:00-ը ճշդած է պայմանաժամ` գերիներու ազատ արձակման, այլապէս... դժոխքի դռներու բացում: Իսրայէլ հրադադարի յայտարարութեան պայմանները չի յարգեր նաեւ Լիբանանի մէջ: Ոչ միայն հարաւային Լիբանանի շրջաններ...

Ակնարկ.  Կազա – Ռիվիերա Ճանապարհին`  Բոլորովին Այլ Պատկերներ

Ակնարկ. Կազա – Ռիվիերա Ճանապարհին` Բոլորովին Այլ Պատկերներ

Միացեալ Նահանգներու նախագահին իրերայաջորդ յայտարարութիւնները Քանատայի, Մեքսիքոյի, Փանամայի ջրանցքի եւ անշուշտ Կազայի մասին տարակուսանքներ կը ստեղծեն: Պարզ է, որ այս յայտարարութիւններու առարկայացումը տեսանելի չէ: Զգայացունց նման յայտարարութիւններ ընդհանրապէս քաղաքական աշխարհին մէջ մերթ ընդ մերթ կը հնչեն երբեմն ճնշելու, այլ տեղ սպառնալու եւ սակաւաթիւ պարագաներու գործնական փուլ անցնելու համար: Սակայն մտածել, որ երկրագունդի բեւեռի ղեկավարը հնչեցնէ նման յայտարարութիւններ, որոնց գործնականացումը առնուազն...

Ակնարկ.  Կառավարութեան Կազմութեան Համար  Նոր Կանոններու Ներմուծում

Ակնարկ. Կառավարութեան Կազմութեան Համար Նոր Կանոններու Ներմուծում

Հինգշաբթի օր նախագահական պալատին մէջ երեւցած պատկերը կը համոզէր, որ կառավարութեան կազմութիւնը կարճ ժամանակի խնդիր է: Լրատուամիջոցները նոյնիսկ յայտնեցին, որ վարչապետարանի ընդհանուր քարտուղարը կ՛ուղղուի նախագահական պալատ` հրամանագիրները հրապարակելու համար: Կառավարութեան կազմի անուանացանկեր լրատուամիջոցներու կողմէ շրջանառութեան մէջ կը դրուէին, լիբանանեան լրատուադաշտի ներկայացուցիչները կը փութային նախագահական պալատ եւ կը պատրաստուէին ուղիղ հեռարձակումներով իրազեկել հանրութիւնը նոր կառավարութեան ծնունդին մասին: Մետասաներորդ պահուն, եռակողմ հանդիպումը...

Ակնարկ.  «Վերագեղեցկացման» Պայմաններ

Ակնարկ. «Վերագեղեցկացման» Պայմաններ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, թէ Կազան պէտք է ազատի Համասէն եւ թէ նախագահ Թրամփի  կատարած հրապարակումին հետեւողութեամբ, Միացեալ  Նահանգները պատրաստ են առաջնորդել Կազան եւ զայն կրկին «գեղեցկացնել»: Ըստ անոր,  ձգտումը մարդոց համար կայուն խաղաղութեան հաստատումն է: Ամերիկացի թիւ մէկ դիւանագէտը խօսած է Կազայի Համասէն ազատումին մասին, շրջանցելով իր նախագահին յայտարարութեան միւս բաժինը` պաղեստինցիներու հեռացումը Կազայէն: Յայտարարութիւններէն կը...

Խմբագրական.  Միեւնոյն Նպատակին Հասնելու Համար  Նոր Միջոցներ  (ՀՅԴ Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Միեւնոյն Նպատակին Հասնելու Համար Նոր Միջոցներ (ՀՅԴ Օրուան Առիթով)

Միջազգային եւ հայկական հարթութիւններու վրայ բաւական ծանր փուլի մէջ է, որ Դաշնակցութիւնը այս օրերուն, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին կը տօնակատարէ իր հիմնադրութեան 134-ամեակը: Գաղափարաբանութիւններու անկման, կուսակցութիւններու նօսրացման, արժէքներու արմատական փոփոխութիւններու ենթարկման այժմու յորձանուտներուն մէջ մեր կուսակցութեան երկարակեացութիւնը  կարեւոր խորհուրդներ կ՛ընդգծէ. այլապէս սակայն քարոզչական հարթիչ գլաններու արտադրանքներու ազդեցութեան տակ ժամանակավրէպութեան կեղծ համոզումներ կը փոխանցէ: Երկարակեացութիւնը այսօր կը թարգմանուի հնամաշութեամբ, ժամկէտանցութեամբ,...

Խմբագրական.   Չներքաշուիլ Կեղծ Բանավէճին Մէջ

Խմբագրական. Չներքաշուիլ Կեղծ Բանավէճին Մէջ

Զուիցերիահայ գաղութի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանի հնչեցուցած միտքերը կը փշրուին հակափաստարկներով: Կեդրոնանանք Ցեղասպանութեան յղացքի վերանայման ուղղութեամբ իր կատարած առաջարկին. աւելի ճիշդը` իր առաջադրած բանավէճին: Սկսինք երկրորդ բաժինէն, որ կը վերաբերի խորհրդային տարիներու որոշ ժամանակահատուածներու հարցի արծարծման, այլ ժամանակներու հարցի շրջանցման: Քաղաքական այբուբենական իրականութիւն է, որ այլ պետութիւններ, եւ` ոչ միայն Խորհրդային Միութիւնը, Ցեղասպանութեան թեման օգտագործած են Թուրքիոյ հետ...

Ակնարկ.  Ուաշինկթընի Անհամբերութիւնը  Արբանեակ Պետութիւններէն

Ակնարկ. Ուաշինկթընի Անհամբերութիւնը Արբանեակ Պետութիւններէն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նոր նշանակուած նախարարին յայտարարութիւնը միջինարեւելեան տարածաշրջանի պատկերացումներուն ուղղութեամբ որոշ լուսարձակներ կրնայ բանալ հետագայ գործընթացներուն վրայ: Մինչ այդ նկատենք, որ ամերիկեան նոր վարչակազմին համար Սէուտական Արաբիան կարեւորագոյն գործընկեր է թէ՛ տնտեսական ներդրումներու եւ թէ՛ տարածաշրջանին մէջ հիմնական ազդեցութիւն վերահաստատելու առումներով: Առաջին յայտարարութիւններէն էր այն, որ Ռիատը վեց հարիւր միլիառ տոլարի, չորս տարուան կտրուածքով ներդրումներ պիտի կատարէ Միացեալ...

Ակնարկ.  Կառավարութիւնն ու 60 Օրուան Ժամկէտը

Ակնարկ. Կառավարութիւնն ու 60 Օրուան Ժամկէտը

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին յայտարարութիւնը, ըստ որուն Լիբանանի նկատմամբ լաւատես է, սակայն զինադադարի շարունակման համար երաշխիքներ չկան, կ՛առաջնորդէ որոշ մտածումներու: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը այս ձեւով կասկածի տակ կ՛առնէ հրադադարի համաձայնութեան կէտերուն յարգումը: Այս կէտերէն հիմա ամէնէն այժմէականը 60-օրեայ ժամկէտն է իսրայէլեան ուժերու լիբանանեան տարածքներէ հեռացման: Այս պահը կը զուգադիպի Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան: Լիբանանի նոր կազմուելիք կառավարութիւնը իր լիազօրութիւնները պիտի տարածէ լիբանանեան...

Լիբանանի Նկատմամբ Միջազգային  Զօրակցութիւնը Կը Շարունակուի

Խմբագրական. Քաղաքականի Եւ Փորձագիտականի Համատեղման Միտումներ

Այս շաբթուան մէջ կը սպասուի, որ նոր նշանակուած վարչապետը աւարտէ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը: Պաշտօնական խորհրդակցութիւններէն ետք յայտնաբար ուղիղ, միջնորդաւորուած բանակցութիւններ կ՛ընթանան կառավարութեան կազմութեան թէ՛ ձեւաչափի, թէ՛ պաշտօններու եւ թէ՛ նախարարական թեկնածուներու շուրջ: Քանի մը հաւանական բեմագրութիւն կ՛արծարծուի: Առաջինը այն, որ նոր նախագահով եւ նոր վարչապետով յատկանշուող իրավիճակը, նորութիւն պիտի բերէ նաեւ կառավարական մակարդակի վրայ: Նորութեան ակնկալութիւնը կառավարութեան կազմութեան եղանակին կը...

Խմբագրական.  Ապօրինի, Փակ Եւ Կեղծուած Դատավարութիւն  (Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան  Դատավարութեան Մեկնարկին Առիթով)

Խմբագրական. Ապօրինի, Փակ Եւ Կեղծուած Դատավարութիւն (Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Դատավարութեան Մեկնարկին Առիթով)

Արցախի գերեվարուածներուն Պաքուի մէջ սկսուած դատական բեմականացումը անակնկալներ չի խոստանար հետեւողներուն: Ապօրինաբար գերեվարուած, նոյնքան հակաօրինական միջոցներով պահուող, բանտարկութեան դատապարտուածներուն բեմական դատավարութիւնը սկսաւ երէկ փակ դռներու ետին, զինուորական ատեանի առջեւ: Կեղծուած թուղթեր, շինծու ցուցմունքներ, յօրինուած դրուագներ, սարքովի ինքնախոստովանանքներ կը կազմեն արտադրուած թղթածրարներու բովանդակութիւնը, որոնց հիման վրայ ձեւական դատական արարներէ ետք պիտի տրուին վճիռներ: Ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւն, ռազմագերիներ, առեւանգուածներ, պահուող անձեր` Ազրպէյճանի յայտարարած...

Խմբագրական.   Համախոհութիւնը` Գերակայ Առանցք  Ներքին-Արտաքին Մարտահրաւէրներու  Դիմակայման Համար

Խմբագրական. Համախոհութիւնը` Գերակայ Առանցք Ներքին-Արտաքին Մարտահրաւէրներու Դիմակայման Համար

Լիբանանի մէջ հանգուցալուծումներու կշռոյթը արագ է: Երկար ձգձգումներ, առկախումներ, անորոշութեան մատնուած իրավիճակներ շատ արագ կը մտնեն ընթացակարգերու մէջ  եւ կը վերադառնան բնականոն հուն: Կանուխ է եզրակացնելը, որ ամէն ինչ հեզասահ, անցնցում եւ արդիւնաւէտ պիտի ընթանայ: Վարչապետի նշանակման նախորդած խորհրդակցութիւններն ու անոր անուան լիբանանեան քաղաքական բեմ մուտք գործելու եղանակն ու ապահոված տարածականութիւնը նկատի ունենալով որոշ դիտարկումներ կարելի է կատարել: Ի տարբերութիւն...

Խմբագրական. Նոր Շրջափուլ (Լիբանանի 14-րդ Նախագահի Ընտրութեան Առիթով)

Խմբագրական. Նոր Շրջափուլ (Լիբանանի 14-րդ Նախագահի Ընտրութեան Առիթով)

9 յունուարին նկատմամբ արտայայտուած վճռականութիւնը կարելի է արձանագրել, որ իրականացաւ: Այս թուականը հրապարակուեցաւ Իսրայէլ-Հըզպալլա պատերազմի հրադադարի յայտարարութեան գրեթէ առընթեր, այն համոզումը փոխանցելով, որ զինադուլին պիտի հետեւի նոր շրջափուլ: Լիբանանի բանակի հրամանատարի թեկնածութիւնը առաջադրուած էր տարածաշրջանային ուժերուն կողմէ, եւ նախագահական ընտրութեան երկամեայ ոդիսականին ընթացքին անոր շուրջ յայտարարութիւնները մակընթացութեան եւ տեղատուութեան փուլերէ կ՛անցնէին: Ի տարբերութիւն պետական այլ հաստատութիւններու, բանակը կը շարունակէր վայելել...

Խմբագրական «Ազդակ»-ի Նոր Տարուան Բացառիկի.   Քաղաքական Նոր Քարտէսագծում. Իրավիճակներ, Ընելիքներ

Խմբագրական «Ազդակ»-ի Նոր Տարուան Բացառիկի. Քաղաքական Նոր Քարտէսագծում. Իրավիճակներ, Ընելիքներ

2024-ը բոլորիս համար յատկանշուեցաւ պատերազմով: Լիբանանեան պատուհանէն դէպի Միջին Արեւելք եւ ընդհանրապէս դէպի երկիր մոլորակ բացուած պատուհանէն դիտելով հարցերը, կտրուկ փոփոխութիւններու տեսանելիութիւնը շատ տիրականօրէն կ՛արձանագրուի առաջին հերթին: Այո՛, կտրուկ փոփոխութիւններ, որոնք կը խօսին ներկայ դարը յատկանշող գերարագութեան մասին: Արագութիւնը դարձած է այսօրուան աշխարհին, նորութիւններուն, իրադարձութիւններուն, գործընթացներուն, իրավիճակային փոփոխութիւններուն փիլիսոփայական հիմքը: Կը թուի, որ արագ յարափոփոխութիւնը, արմատական վերափոխումները, թէկուզ կազմաքանդումներով եւ...

Խմբագրական.  Դէպի 100-Ամեակ (Դ. Վերջ)

Խմբագրական. Դէպի 100-Ամեակ (Դ. Վերջ)

Լիբանանը կը գտնուի կայունացման եւ ցնցումացման արանքին մէջ: Հետագայ գործընթացները այնքան ալ պարզ ու տեսանելի չեն: 9 յունուարը կրնայ ելակէտային թուական ըլլալ եւ տեղի տալ հետեւելիք հանգուցալուծումներու: Պարզը այն է, որ այս տարածաշրջանին մէջ քաղաքական քարտէսի վերագծման միտումներ են, եւ Լիբանանը անմասն չէ այդ միտումներու առարկայացման ընդհանուր քաղաքականութենէն: Տուեալները այնպէս են, որ ամէն ինչ արագ բնականոնացման պիտի չերթայ: Կրնան ձեւաւորուիլ...

Page 12 of 62 1 11 12 13 62

Արխիւներ