Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Կազա – Ռիվիերա Ճանապարհին` Բոլորովին Այլ Պատկերներ

Փետրուար 11, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահին իրերայաջորդ յայտարարութիւնները Քանատայի, Մեքսիքոյի, Փանամայի ջրանցքի եւ անշուշտ Կազայի մասին տարակուսանքներ կը ստեղծեն: Պարզ է, որ այս յայտարարութիւններու առարկայացումը տեսանելի չէ: Զգայացունց նման յայտարարութիւններ ընդհանրապէս քաղաքական աշխարհին մէջ մերթ ընդ մերթ կը հնչեն երբեմն ճնշելու, այլ տեղ սպառնալու եւ սակաւաթիւ պարագաներու գործնական փուլ անցնելու համար:

Սակայն մտածել, որ երկրագունդի բեւեռի ղեկավարը հնչեցնէ նման յայտարարութիւններ, որոնց գործնականացումը առնուազն տարակուսանք կը ստեղծէ, դուռ կը բանայ զանազան մեկնաբանութիւններու:

Թրամփի պաշտօնավարման առաջին շրջանին եւս այս ոճը կ՛օգտագործուէր: Այս տարողութեամբ չէին սակայն անոնց արտակարգ, զարմացնող եւ յատկապէս անոնց գործադրելիութեան մասին լուրջ հարցականներ ստեղծող հրապարակումները:

Պաշտօնավարման երկու ժամանակաշրջաններուն միջեւ կայ հիմնական նորութիւն: Ընդհանրապէս ներամերիկեան պետական դաշտը ներկայիս միաբեւեռ է: Հանրապետականները հսկայական յառաջընթաց արձանագրեցին  վերջին ընտրութիւններուն` տապալելով դեմոկրատականները թէ՛ Ծերակոյտին եւ թէ՛ Քոնկրեսին մէջ: Հետեւաբար, նախագահին որոշումները, տեսականօրէն վաւերացման խնդիր պիտի չունենան երկու պալատներուն մէջ:

Այլ ուղղութիւններու վրայ խաղաղութեան գործընթացի անցնելու կտրուկ յայտարարութիւններ կը կատարուին դարձեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ: Տակաւին սակայն այդ միտումները չեն երեւիր, որովհետեւ միաժամանակ սպառնալից մօտեցումներ կը դրսեւորուին: Եթէ ամերիկեան կանոններով բանակցութիւններուն չընդառաջուին, ապա Մոսկուային կը սպառնան նոր պատժամիջոցներ: Ասիկա արդէն կտրուկ յայտարարութեան բացարձակութիւնը կը շրջէ եւ դուռ կը բանայ նոյն քաղաքականութիւնը շարունակելուն:

Արտառոց յայտարարութիւններէն կեդրոնանանք Կազային վերաբերող պատկերացումներուն վրայ: Տեղահանութիւն, Ռիվիերա, վերականգնում, տարածքի գնում, ամերիկեան վերահսկողութեան հաստատում` հակամարտութեան արմատական լուծման համար ապշեցնող ծրագիրներ կը հնչեն ամէնէն բարձր դիրքէն:

Անշուշտ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը աւելի իրատեսական  կը փորձէ ըլլալ` առանց հակասելու իր նախագահին, ըսելով, որ Կազան ամբողջովին աւերուած է, հետեւաբար ժողովուրդը պէտք է ժամանակաւորապէս դուրս գայ այդ տարածքէն, որպէսզի կարելի ըլլայ ամբողջովին եւ հիմնովին վերաշինել շրջանը: Յիշենք նաեւ, որ նախորդ յայտարարութեամբ Կազան վերաշինելու իր խոստումին մէջ ամերիկացի թիւ մէկ դիւանագէտը խնամքով շրջանցած էր ժողովուրդը տեղահանելու իր նախագահին խոստումը:

Այնքան պարզունակ մարտավարութեամբ կարելի չէ թարգմանել այս յայտարարութիւնները առ այն` առաւելապաշտութեամբ դնել խնդիրը, այլ պաշտօնեայի ճամբով աւելի միջին լուծումի մասին խօսիլ, ապա սկսիլ բանակցութիւններու: Այս պարագային  եւ յատկապէս նկատի ունենալով երկրագունդի հզօրագոյն պետութեան առաջին դէմքին հանգամանքը, անոր յայտարարութիւններուն փուչիկայնութիւնը եւ անիրագործելիութիւնը, բոլորովին նոր կացութեան առջեւ կը դնեն առնչուած կողմերը. այս պարագային` ամբողջ տարածաշրջանի մը պետութիւնները:

Այս կացութեան ծալքերուն իրազեկ կը թուի ըլլալ Թուրքիոյ նախագահը, երբ կը յայտարարէ, որ ոչ ոք բաւարար ուժ ունի Կազայի բնակիչները հազարաւոր տարիներ իրենց պատկանող յաւիտենական հայրենիքէն հանելու: Կազայի հատուածով, Արեւմտեան Ափով եւ Արեւելեան Երուսաղէմով Պաղեստինը պաղեստինցիներունն է:

Թուրքիոյ նախագահը այստեղ միայն պաղեստինամէտ կեցուածք չի բեմադրեր. կամ միայն արաբական աշխարհին մէջ հանրային կարծիքի ձեւաւորման նպատակը չի հետապնդեր: Ան գիտէ, ըստ երեւոյթին, որ Թրամփի արտառոց յայտարարութիւնները գործադրելիութեան նախադրեալներ չունին: Հետեւաբար բուռն կերպով կը հակազդէ: Իսկ այս առումով Ուաշինկթըն-Անգարա յարաբերութիւններու բնոյթէն ոչինչ փոխուած է: Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ եւ համաձայնութեամբ Իսրայէլ կը շահարկէ քրտական գործօնը, որ  անվտանգութեան հիմնական սպառնալիք է Թուրքիոյ համար: Անգարան տարբեր միջոցներով կը հակազդէ, ընդ որում պաղեստինցիները պաշտպանելով, հակաիսրայէլեան բեմադրութիւններ ներկայացնելով եւ հիմա ալ այս բոլորին նկատառումով Թրամփին խիստ պատասխան տալով:

Կազային Ռիվիերայի վերափոխումը նման յայտարարութիւններով չ՛իրականանար: Ներկայ պայմաններուն մէջ ամբողջ աշխարհը «Ելից»-ի փոխարէն հաւաքական վերադարձի պատկերներուն ականատես է:

«Ա.»

Նախորդը

«Բարեկարգման Ու Փրկութեան» Նախարարաց Նորակազմ Խորհուրդը Այսօր Կը Գումարէ Իր Առաջին Նիստը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (11 Փետրուար 2025)

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?