Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ուաշինկթընի Անհամբերութիւնը Արբանեակ Պետութիւններէն

January 25, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նոր նշանակուած նախարարին յայտարարութիւնը միջինարեւելեան տարածաշրջանի պատկերացումներուն ուղղութեամբ որոշ լուսարձակներ կրնայ բանալ հետագայ գործընթացներուն վրայ:

Մինչ այդ նկատենք, որ ամերիկեան նոր վարչակազմին համար Սէուտական Արաբիան կարեւորագոյն գործընկեր է թէ՛ տնտեսական ներդրումներու եւ թէ՛ տարածաշրջանին մէջ հիմնական ազդեցութիւն վերահաստատելու առումներով: Առաջին յայտարարութիւններէն էր այն, որ Ռիատը վեց հարիւր միլիառ տոլարի, չորս տարուան կտրուածքով ներդրումներ պիտի կատարէ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Մինչ  Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նոր նշանակուած նախարարին հեռաձայնային առաջին հաղորդակցութիւններուն ներառուած է իր սէուտցի պաշտօնակիցը:

Ուրեմն. այս ընդհանուր դերակատարութեան վերարժեւորման քաղաքականութեան մէջ պէտք է դիտարկել Ռուպիոյի ակնկալութիւնը, թէ` Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Կազայի մէջ հասարակաց շահերը ամրապնդելուն անհամբերութեամբ կը սպասեն:

Անհամբերութիւնը արագ ակնկալութիւն է: Ըստ էութեան սակայն քանի մը կէտ պէտք է նկատել այս բոլորին մէջ: Նշուած երեք միջավայրերուն մէջ արմատական փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան: Կը փոխուին ազդեցութեան գօտիներ, կը նորացուին հովանաւորներ, միջնորդներ եւ երաշխաւորներ:

Փորձենք աելի խորանալ այս յայտարարութեան ետին գծուած քաղաքականութեան ծալքերուն մէջ: Տարածաշրջանին եւ յատկապէս նշուած երեք երկիրներուն մէջ իրանեան եւ ռուսական գործօնները նախկին առկայութիւնը չունին: Փոխարէնը նպաստաւորուած են Իսրայէլը, Թուրքիան եւ Սէուտական Արաբիան: Աւելի ընդհանուր հայեացքով` Միացեալ Նահանգները իր արբանեակներուն միջոցով:

Արբանեակ պետութիւններուն միջեւ սակայն կան երեւութական եւ խորքային հակասութիւններ: Իսրայէլն ու Թուրքիան կը շարունակեն հռետորաբանական պատերազմը որոշ հրադադարային կանգառներով, իսկ Սէուտական Արաբիան, որ Կազայի պատերազմէն առաջ փուլ առ փուլ կ՛առաջնորդուէր Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու հաստատման, կ՛առկախէր գործընթացը պատերազմին պատճառով:

Բայց կայ իրողական մրցապայքար Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ արաբական աշխարհին, աւելի մասնակի սիւննի զանգուածներուն վրայ ազդեցութեան տարածման ուղղութիւններով:

Թուրքիան աւելի ներկայութիւն է հիմա Սուրիոյ մէջ, քան Սէուտական Արաբիան: Լիբանանի պարագային Ուաշինկթընը Սէուտական Արաբիոյ յանձնած է ներկայացուցիչի պաշտօն. այդ մէկը  չի նշանակեր անշուշտ, որ Անգարան պիտի հրաժարի իր լիբանանեան ծրագիրներէն:

Սէուտական Արաբիան միայն լիբանանեան կտրուածքով չէ, որ աշխուժ է: Պաշտօնամուտին, Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը առաջին հեռախօսազրոյցը կ՛ունենար Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգին հետ: Նախքան հանդիպումը արդէն կը յայտարարուի մեծածաւալ ներդրումներու մասին. ներդրումային տարազին տակ աստղաբաշխական թիւեր կը հրապարակուին:

Նոյնքան ուշագրաւ է , որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը թագաժառանգը կը ներառէ իր առաջին հեռաձանային հաղորդակցութիւններու շարքին: Արագ ակնկալութիւնը փոխանցելով, որ Կազայի, Լիբանանի  եւ Սուրիոյ մէջ շահերու համընկնումներ արձանագրուին եւ ըստ այնմ ծրագիրները իրականանան: Ընդհանուր կամ հասարակաց շահերը կը վերաբերին ներգրաւուած վերը նշուած պետութիւններուն`  Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլին: Կը նշուի նաեւ առաջին քննարկումներու վայրը` Սէուտական Արաբիա: Եթէ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ արդէն գոյութիւն ունին ռազմավարական դաշինքներ, ապա Սուրիոյ նորահաստատ իշխանութիւններուն ամերիկեան նախորդ վարչակարգը կը թելադրէր յարաբերութիւններ հաստատել Թել Աւիւի հետ: Նշուեցաւ, որ նախքան պատերազմը Ռիատը կը պատրաստուէր Թէլ Աւիւի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու: Լիբանան-Իսրայէլ կնքուած հրադադարի յայտարարութեան մէջ կար կէտ` երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման գործընթաց սկսելու:

Ընդհանուր շահերու համապատկերը կրնայ ուրուագծուիլ այս հանգամանքներուն նշումով: Տարածաշրջանին մէջ արբանեակ պետութիւններու ազդեցութիւններու նոր դաշտեր են, պատերազմներէ ետք ստեղծուած իրավիճակներու լոյսին տակ:

Ամերիկեան նոր վարչակազմի ներկայացուցիչը առաջնային կարգով կ՛արծարծէ մեր տարածաշրջանին մէջ արբանեակներու ներդաշնակ գործունէութեան հրամայականը: Շեշտելով իր պետութեան անհամբերութիւնը:

«Ա.»

Նախորդը

«Ապահովութեան Խորհուրդի Եւ Թաէֆի Համաձայնագիրի Որոշումներու Գործադրութեան Կարեւորութիւնը Կ՛Ընդգծենք» Կ՛ըսէ Քուէյթի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 189-ի Լուծում

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.