Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Դէպի 100-Ամեակ (Դ. Վերջ)

December 30, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանը կը գտնուի կայունացման եւ ցնցումացման արանքին մէջ: Հետագայ գործընթացները այնքան ալ պարզ ու տեսանելի չեն: 9 յունուարը կրնայ ելակէտային թուական ըլլալ եւ տեղի տալ հետեւելիք հանգուցալուծումներու: Պարզը այն է, որ այս տարածաշրջանին մէջ քաղաքական քարտէսի վերագծման միտումներ են, եւ Լիբանանը անմասն չէ այդ միտումներու առարկայացման ընդհանուր քաղաքականութենէն:

Տուեալները այնպէս են, որ ամէն ինչ արագ բնականոնացման պիտի չերթայ: Կրնան ձեւաւորուիլ այլ դժուար փուլեր, որոնց ընդառաջ պէտք է պատրաստ ըլլալ:

Խնդիրը նոր պատերազմներու չի վերաբերիր անպայման: Տնտեսական տագնապի յամեցման եւ անոր իբրեւ հետեւանք մամուլի առաքելութեան իրականացման դժուարութիւնները տեսանելի են:

Ճիգերը գերլարուած պէտք է պահել ուրեմն` բազմակողմանի լրատուութիւնը շարունակելու: Կշռոյթը պահելու եւ անդրադառնալու թէ՛ հայաստանեան, թէ՛ սփիւռքեան, թէ՛ լիբանանեան եւ թէ՛ միջինարեւելեան իրադարձութիւններուն, բնականաբար չմոռնալով մարզական, երիտասարդական, մշակութային եւ մարզական ոլորտները:

Արագ լրահոս, թուային եւ տպագիր տարբերակներ, առցանց եւ առկայ լսարաններ, մամուլի աշխատակիցներու յօդուածաշարքերու հատորի տեսքով հրատարակութիւններ, «Ազդակ»-ի մատենաշարի արխիւի ամբողջացում, Հայաստանի ազգային գրադարանին հետ համագործակցութեան շարունակութիւն` «Ազդակ»-ի ամբողջ արխիւի մատենագիտութեան պատրաստութեան ծիրին մէջ, յաւելուած թիւերու հրատարակութիւններ, «Ապագայ լրագրողներ»-ու նոր ծրագիրի կիրարկում,  ընկերային բոլոր հարթակներուն վրայ ներկայութիւն, թանգարանային արժէք ներկայացնող իրերու հաւաք, գրադարանի վերադասաւորում, նոր աշխատակիցներու ապահովում եւ նուիրատու ցանցի համալրում:

Այս բոլորը միջոցներ կ՛ենթադրեն: Հաւաքական աշխատանքը կ՛արդիւնաւորուի անպայման: Աշխատանքը վստահութիւն կ՛ապահովէ: Իսկ վստահութիւնը ներդրում, աջակցութեամբ մասնակցութիւն:

Այդ աջակցութիւնը հերթական անգամ չզլացան մեր բաժանորդները, ընթերցողներն ու նուիրատուները, որոնք աջակցեցան ոչ անպայման մեր դիմումին ընդառաջելով, այլ ինքնաբուխ, ինքնակամ, գործ մը յաջողած տեսնելու փափաքով:

«Ազդակ»-ի ամբարած այդ վստահութիւնը գրաւական է մեր հաւաքական գործի արդիւնաւորման համար: «Ազդակ»-ի ֆոնտը մնայունօրէն թարմացուեցաւ նոր մասնակցութիւններով, մինչ «փէյ փալ»-ը յաճախ ազդարարեց ընթերցողներու կողմէ քաջալերական նուիրատուութիւնները: «Ազդակ»-ի յատուկ նիւթի նուիրուած թիւեր շատ արագ հովանաւորուեցան: Իսկ բացառիկի հրատարակութիւնը մեր աշխարհատարած ընթերցողներու գործնական գնահատանքին արժանացաւ: Մեր ծրագիրներու նախագիծերուն ծանօթանալով «Ազդակ»-ին սատար կանգնողներ դարձեալ որոշեցին հովանաւորել նոր նախաձեռնութիւններ, եւ այսպէս շարունակ «Ազդակ» իր կողքին զգաց նեցուկը  աջակիցներու բանակին:

Թղթային մամուլի ապրած ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն, լիբանանեան տնտեսական ծանօթ իրավիճակին մէջ ո՛չ հատավաճառի բարձրացումը, ո՛չ ալ շուկայական գովազդներէն հաւաքուած համեստ գումարները կրնային անխափան դարձնել առօրեայ յաճախականութեամբ լոյս տեսնող մեր թերթին երթը:

Շնորհիւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի մնայուն հոգատարութեան, «Ազդակ» կը շարունակէ իր երթը` առանց նայելու իր անմիջական թէ հեռակայ շրջակայքին մէջ իրար ետեւէ պայմաններուն չդիմացող եւ անձնատուութեան դրօշակ բարձրացնող թերթերու շիջումին:

Մեր թերութիւնները, բացթողումները խստապահանջ ընթերցողներուն կողմէ մատնացոյց կ՛ըլլան, շատ յաճախ տեղին եւ այլ պարագաներու ոչ անպայման ճիշդ: Բոլորը ընդունելի են մեզի համար եւ նկատի առնուելիք:

Այն վստահութիւնը, որ «Ազդակ»-ը ամբարած է ահաւասիկ գրեթէ հարիւր տարիէ ի վեր, պարտաւորեցնող է մեզի համար` զէնքը վար չդնելու եւ մամուլի գոյապայքարը շարունակելու: Զարգացման ձգտելով անշուշտ:

Դառնա՛լ 21-րդ դարու մամուլ, թուային եւ ցանցային բոլոր նոր միջոցներուն օգտագործումով, պատրաստուելու համար «Ազդակ»-ի յոբելենական տարուան` 100-ամեակին:

Նախորդը

Իսրայէլեան Բանակը Փակեց Թիպէի Եւ Տէյր Սրիանի Միջեւ Ճամբան

Յաջորդը

Սպասե՞նք Տակաւին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.