Ուաշինկթընէն եւ Թել Աւիւէն նոր սպառնալիքներ կը հնչեն Կազայի մէջ պատերազմը վերսկսելու խոստումներով: Իսրայէլ հրադադարը չի յարգեր, որուն դիմաց Համաս կը յայտարարէ, որ պատանդներու ազատ արձակման գործընթացը կ՛առկախուի:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը մինչեւ շաբաթ օրուան ժամը 12:00-ը ճշդած է պայմանաժամ` գերիներու ազատ արձակման, այլապէս… դժոխքի դռներու բացում:
Իսրայէլ հրադադարի յայտարարութեան պայմանները չի յարգեր նաեւ Լիբանանի մէջ: Ոչ միայն հարաւային Լիբանանի շրջաններ կ՛ենթարկուին հրթիռակոծման, այլ նաեւ յետաձգուած ժամկէտը դարձեալ յետաձգելու որոշումներ կ՛ընդունուին:
Ոճային տարբերութիւն կայ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին Եգիպտոսէն կատարած յայտարարութեան եւ իր նախագահին սպառնալիքներուն միջեւ:
Ռուպիօ Ապտելաթիին շնորհակալութիւն յայտնեց Եգիպտոսի` գերիներու ազատ արձակման եւ Կազայի բոլոր շրջաններ մարդասիրական օժանդակութեան հասանելիութեան ապահովման եւ բժշկական տարհանման գործողութիւնները ընդունելուն համար: Ան անգամ մը եւս ընդգծեց յետպատերազմեան փուլի ծրագրաւորումը` ամրապնդելու համար սերտ գործակցութեան կարեւորութիւնը, ինչ կը վերաբերի Կազայի մէջ իշխանութեան ու անվտանգութեան, եւ շեշտեց, թէ Համաս շարժումը երբեք չի կրնար Կազայի իշխել կամ անգամ մը եւս Իսրայէլի սպառնալ:
Այստեղ կը խօսուի յետպատերազմեան փուլի ծրագրաւորման մասին, մինչ նախագահը դժոխքի դռներու բացման սպառնալիքներ կը հնչեցնէ, ժամկէտ ճշդելով: Տարբերութիւններ կային նաեւ Կազա-Ռիվիերա ծրագիրին վերաբերող մանրամասնութիւններուն մէջ: Ռուպիօ ժամանակաւոր տեղահանման մասին ակնարկութիւն կ՛ընէր` պատրուակելով, որ Կազան անբնակելի վայր է, այդ պատճառով ալ բնակչութիւնը պէտք է պարպէ տարածքը վերաշինութեան առիթ տալու համար:
Ուշագրաւ է, որ այլ բովանդակութեամբ եւ տարողութեամբ սպառնալիք ուղղուած էր դարձեալ Թրամփի կողմէ Եգիպտոսին եւ Յորդանանին: Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնած էր, որ Յորդանանը պիտի ընդունի Կազայէն տեղահանուածները, այլապէս Յորդանանին եւ Եգիպտոսին օժանդակութիւնները պիտի դադրեցուին:
Մինչ Ռուպիօ Գահիրէին շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք եգիպտացի իր պաշտօնակիցին հետ կը խորհրդակցէր յետպատերազմեան փուլի ծրագրաւորման մասին: Այստեղ միայն ոճային տարբերութիւն չ՛երեւիր: Կայ բովանդակային հակասութիւն: Գրեթէ համաարաբական կեցուածքի վերածուած էր առանց տեղահանութեան Կազան վերանորոգելու հակաառաջարկը:
Ռիվիերա՞, թէ՞ դժոխք երկուութեան մասին ընտրանք կատարելու սպառնալիքի ժամկէտը մինչեւ շաբաթ ժամը 12:00-ն է: Մինչեւ ժամկէտը սակայն պատկերացումներ կը հրապարակուին տեղահանելի ժողովուրդը տեղակայելու համար` Եգիպտոս, Յորդանան, Սէուտական Արաբիա: Այս խայտաբղէտ պատկերացումներուն մէջ ուշագրաւ առաջարկ ըրած է Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուն` ընդգծելով, որ մինչեւ պաղեստինեան պետութեան կայացում, Կազային, իբրեւ Թուրքիոյ տարածք, կը շնորհուի ինքնավարութիւն:
Գահիրէն արձագանգած է իրեն ուղղուած սպառնալիքին: Պարզ դարձուցած, որ Եգիպտոսի նախագահը չի մեկնիր Միացեալ Նահանգներ հանդիպելու համար ամերիկացի իր պաշտօնակիցին հետ, եթէ հանդիպման օրակարգին վրայ ըլլայ Կազայէն պաղեստինցի ժողովուրդը տեղահանելու ծրագիրը:
Մինչ, Յորդանանի թագաւորը Թրամփի հանդիպումէն ետք լրագրողներուն կողմէ իրեն ուղղուած հարցումին` Յորդանանը կ՛ընդունի՞ Կազայէն տեղահանուած պաղեստինցիները, պատասխանած է, որ ինք կ՛ընէ այն ինչ որ իր երկրին համար լաւագոյնն է: Ապա ընկերային ցանցերու ճամբով յայտարարած է, որ Յորդանանը անսասան է Կազայի եւ Արեւմտեան ափի պաղեստինցիներուն տեղաշարժի դէմ իր դիրքորոշման մէջ:
Երկու օրէն օրացոյցը կ՛արձանագրէ շաբաթ, 16 փետրուար: Ժամացոյցի սլաքները կը կեդրոնանան 12:00-ին վրայ: Եթէ գերիները ազատ չարձակուին, Թրամփ կը բանա՞յ դժոխքի դռները:
«Ա.»