Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Կառավարութիւնն ու 60 Օրուան Ժամկէտը

January 23, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին յայտարարութիւնը, ըստ որուն Լիբանանի նկատմամբ լաւատես է, սակայն զինադադարի շարունակման համար երաշխիքներ չկան, կ՛առաջնորդէ որոշ մտածումներու:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը այս ձեւով կասկածի տակ կ՛առնէ հրադադարի համաձայնութեան կէտերուն յարգումը: Այս կէտերէն հիմա ամէնէն այժմէականը 60-օրեայ ժամկէտն է իսրայէլեան ուժերու լիբանանեան տարածքներէ հեռացման:

Այս պահը կը զուգադիպի Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան: Լիբանանի նոր կազմուելիք կառավարութիւնը իր լիազօրութիւնները պիտի տարածէ լիբանանեան բոլոր տարածքներուն վրայ, ինչպէս բանակը, որուն տեղակայումն ու նոր գործառոյթները ճշդուած են 1701 բանաձեւով եւ վերընդգծուած հրադադարի համաձայնութեամբ:

Հարաւի մէջ արձանագրուած պայթումներ, անօդաչու սարքերու շրջագայումներ եւ հետեւող յայտարարութիւններ մտածել կու տան հրադադարի դիւրաբեկման մասին: Վճռական յայտարարութիւններ չեն հնչեր կամ այդ ուղղութեամբ քայլեր չեն առնուիր: Եւ ահա այստեղ է ՄԱԿ-ի գլխաւոր պաշտօնատարին թերահաւատութիւնը:

Իսրայէլեան ուժերու հեռացման յետաձգումը կրնայ խնդրոյ առարկայ  դարձնել ամբողջ հրադադարի համաձայնութիւնը: Այս չի նշանակեր անշուշտ պատերազմի վերսկսում, սակայն կրնայ ենթադրել տալ Լիբանանի մէջ ձեւաւորուող քաղաքական դաշտի խաղաթուղթերու խառնում:

Իսկ նման վերադիրքաւորումներ իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան կառավարութեան կազմութեան գործընթացին վրայ: Հանգոյցը, որ շիի համայնքի քաղաքական կողմին մօտ է, կրնայ թնճուկուիլ, որովհետեւ այդ կողմը կրնայ նոր երաշխիքներ պահանջել` առարկելով, որ կայացած համաձայնութիւնները խախտած են:

Նոր երաշխիքներու պահանջը նոր բանակցութիւններ կ՛ենթադրէ. իսկ նոր բանակցութիւնները` յաւելեալ ժամանակ:

Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան թէ վարչապետի նշանակման գործընթացներուն զգալի էր արտաքին ուղիղ միջամտութիւնը: Հիմա այդ ոճը չ՛երեւիր կառավարութեան նշանակման պարագային: Բանակցողը վարչապետն է, հեռուէն հսկողը` նախագահը: Յուշումներ կը կատարուին, որ ըստ էութեան երկու ղեկավարներու համատեղ համաձայնութեամբ է միայն, որ պիտի կազմուի կառավարութիւնը:

Քաղաքական տրամաբանութիւնը եւ նախընթաց հանգուցալուծումները կը յուշեն, որ երբ պահը հասնի, այդ միջամտութիւնները կ՛արագանան, կը դառնան ուղղակի եւ կը ձեւաւորուի այն, ինչ որ առաջադրուած է կամ միջազգային մակարդակներու վրայ համաձայնեցուած:

Այդ պահու ուշացումը եթէ մէկ կողմէ կը բացատրուի օրէնսդիր-գործադիր հաստատութիւններու միջեւ համահնչեղութեան որոշ գիծեր պահպանելով, միւս կողմէ յայտնաբար կը կապուի վերը նշուած հանգամանքներուն: Հրադադարին, անոր կէտերու յարգումին եւ յատկապէս 60 օրուան ժամկէտի սպառումով իսրայէլեան ուժերու հեռացման:

Չբացառենք 60 օրուան ժամկէտի յարգումը: Այդ պարագային, ներքաղաքական հանգուցալուծումներուն վրայ ենթադրաբար կը գրանցուին դրական ազդեցութիւններ, եւ կառավարութեան կազմութեան հանգոյցը կը քակուի:

Ի վերջոյ խնդիրները միայն կառավարութեան կազմի թիւին, նախարարներու կերպարներուն եւ ստանձնելիք նախարարութիւններուն չի վերաբերիր: Կան կառավարութեան յայտարարութեան բովանդակութեան հետ կապուած զգայուն կէտեր` երկրին մէջ զէնքի պետական մենաշնորհին, հարաւային Լիբանանի կարգավիճակին եւ անշուշտ իսրայէլեան ուժերու հեռացման վերաբերող:

Արծարծուող տարակարծութիւնները ուրեմն, միայն կառավարութեան կազմին չեն վերաբերիր: Իսկ այդ տարակարծութիւններու հարթեցման ճամբան կը սկսի 60-օրեայ պայմանաժամի յարգումի մեկնակէտէն. այլ խօսքով` իսրայէլեան ուժերու հեռացումէն:

«Ա.»

Նախորդը

Կութիերես. «Լիբանանի Վերաբերեալ Լաւատես Եմ, Սակայն Զինադադարի Շարունակման Երաշխիք Չկայ»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (23 Յունուար 2025)

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.