Խմբագրական

Editorial

Խմբագրական.  Երիտասարդ Մարդուժի Արտադրամասը (Գ.)

Խմբագրական. Երիտասարդ Մարդուժի Արտադրամասը (Գ.)

«Ապագայ լրագրողներ»-ու մեր ծրագիրը կը շարունակէ մնալ «Ազդակ»-ի հեռանկարային կարեւորագոյն ծրագիրներէն մէկը: Այստեղ եւս պատերազմը որոշ առկախումներ պարտադրեց, բայց ծրագիրը շարունակուեցաւ: Շուրջ 20 տեսական եւ գործնական աշխատանքներ, այցելութիւններ, ռըփորթաժներու պատրաստութիւններ, հարցազրոյցներ, ուսումնասիրութիւններ, յօդուածներ եւ ընկերային ցանցերու յատուկ տեսանիւթեր կազմեցին  այս տարուան աշխատանքին արգասիքը: 8 ապրիլ 2024-ին լոյս տեսաւ ապագայ լրագրողներուն յաւելուածը: 19 ապագայ  լրագրողներ իրենց երեխայրիքը ստորագրեցին «Ազդակ»-ի այս յաւելուածին...

Խմբագրական  9 Առցանց Լսարաններէն Արձանագրելի Կէտերը (Բ.)

Խմբագրական 9 Առցանց Լսարաններէն Արձանագրելի Կէտերը (Բ.)

7«Ազդակ»-ի առցանց մամլոյ լսարանները շարունակուեցան, որոշ ընդհատումներով: Իւրաքանչիւր ամիսը մէկ լսարանի կշռոյթը խանգարուեցաւ պատերազմի պատճառով: Այդուհանդերձ յաջողեցանք կազմակերպել 9 լսարան, փոխան 12-ի: Չորս լսարան Արցախի նիւթով, երեք` սփիւռքի նիւթով, մէկը` հարաւային Կովկասի եւ մէկը` մշակութային, քննարկումներու նիւթերու ընտրութեան մասին որոշ պատկերացում կը փոխանցեն: Բնականաբար Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի իրաւական եւ քաղաքական ճանապարհները առաջնային օրակարգ կը շարունակեն մնալ մեր թերթին համար: Միաժամանակ...

Խմբագրական.  Պատերազմ Եւ Լրատուութիւն (Ա.)

Խմբագրական. Պատերազմ Եւ Լրատուութիւն (Ա.)

Այս տարուան «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն ամէնէն առանցքային բաժինը Լիբանանի մէջ պատերազմական գործողութիւններու լուսաբանումն էր: Քանի մը ուղղութիւն ճշդուած էր այս աշխատանքին համար: Նախ անշուշտ նման իրավիճակներու մէջ արագ լրահոսը պէտք է աշխատէր առանց դադարի, առանց երկար ընդհատումներու, մինչեւ ուշ գիշեր, եթէ ոչ նաեւ առաւօտեան կանուխ ժամեր: Լրատուութիւնները առաջնային կարգով կը վերաբերէին իսրայէլեան յարձակումներուն, Դիմադրութեան գործողութիւններուն, օդային եւ ցամաքային տարածքներու վրայ արձանագրուող ...

Ակնարկ.  Ուաշինկթընի Փուլային Նախապայմանները

Ակնարկ. Ուաշինկթընի Փուլային Նախապայմանները

Սուրիոյ նոր վարչակազմին ուղղութեամբ Ուաշինկթընէն հնչած յայտարարութիւնները հետագայ գործընթացներուն ուղղութեամբ որոշ պատկերացումներ կը փոխանցեն: Նախ անշուշտ այն տպաւորութիւնը կը ձգուի, որ կայ  ճիգ ուժերու միաւորման, որպէսզի ներքին քաոսը բացառուի: Նոր սահմանադրութիւնը առաջադրանք է փաստօրէն, որուն հիմնադրոյթները տակաւին պարզ չեն: Ամերիկեան պահանջին մէջ կայ կէտ, որ կը խօսի ոչ համայնքային կառավարութեան կամ ընդհանուր համակարգի մասին: Նշենք, որ նախորդ վարչակարգի օրերուն, միջհամայնքային...

Ակնարկ.  Եւրոպական Միութեան  Դիտորդներու Խաղաթուղթը

Ակնարկ. Եւրոպական Միութեան Դիտորդներու Խաղաթուղթը

Ազրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնը թրքական ուժերու Ազրպէյճանէն հեռացման մասին առաջին հայեացքով տարակուսելի կը թուի: Ըստ իրեն, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու մասին Շուշիի հռչակագիրին մէջ կէտ կայ, որ կը նախատեսէ սպառնալիքի եւ յարձակումի պարագային փոխադարձ զինուորական օգնութիւն: Ատիկա թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ Թուրքիոյ պարտաւորութիւնն է` օգնութեան հասնիլ այն պարագային, եթէ այս կամ այն երկիրը բախի արտաքին սպառնալիքի, արտաքին յարձակումի: Ուստի հռչակագիրի...

Ակնարկ.  Յայտարարուող Եւ Շրջանցուող Պատրուակներ

Ակնարկ. Յայտարարուող Եւ Շրջանցուող Պատրուակներ

Իսրայէլեան ուժերը հատու հարուածներ տուին Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող ռազմապաշարներուն: Ռազմամթերքի չէզոքացումը յատուկ նպատակ կը հետապնդէ անշուշտ: Երբ տապալած է Իսրայէլի համար թշնամի նկատուող Ասատի վարչակարգը, երբ նոր ուժերը Իսրայէլի հետ հասկացողութեան գալու դրսեւորումներ կ՛ունենան, ռազմարշաւի դիմելը եւ ռազմապաշար չէզոքացնելը կ՛ենթադրէ նոր վարչակարգին կողմէ հիմնական վտանգները կանխարգիլել կամ ընդհանրապէս Իսրայէլի համար վնասազերծուած Սուրիա ձեւաւորել: Ասոր առաջին փուլը Լիբանան-Սուրիա դիմադրութեան ցանցային...

Ակնարկ.   Նոր Յենարաններ Եւ Դիւրաբեկման Կէտեր

Ակնարկ. Նոր Յենարաններ Եւ Դիւրաբեկման Կէտեր

Անգարայէն հնչող որոշ յայտարարութիւններ սկսած են Սուրիոյ մէջ հետագայ գործընթացներուն մասին ուրուագիծեր փոխանցել: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը հաստատէ, որ սուրիական տապալած վարչակարգը իշխանութիւնը բաժնեկցած է Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ: Աւելի քան պարզ էր, որ Սուրիոյ նախորդ վարչակարգը կը գոյատեւէր շնորհիւ իրանեան եւ ռուսական յենարաններուն: Այս հաստատումը անվիճարկելի է: Խնդիրը սակայն հիմա Անգարային կողմէ այս մասին բարձրաձայնումին մէջ կը կայանայ:...

Ակնարկ.  Անգարայի Նշմարած «Յոյսի Շողը»

Ակնարկ. Անգարայի Նշմարած «Յոյսի Շողը»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը հաստատած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու յոյսի շող կայ: Ակնարկը ուղղակի Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւններուն կը վերաբերի: Յայտարարութեան պահը այնպիսին է, որ Սուրիոյ իշխանափոխութիւնը կատարելէ ետք Անգարան այս անգամ կը դառնայ Հարաւային Կովկաս եւ կը խօսի Հայաստան-Ազրպէյճան հաւանական համաձայնութեան մասին: Բանակցութիւններու արդիւնաւորումը, ըստ Պաքուի, արգելակիչ երկու կէտ ունի Երեւանի կողմէ: Առաջինը` Սահմանադրութիւնը, երկրորդը` Երեւանի ներկայացուցիչներուն տարբեր...

Ակնարկ.  Սուրիական Նոր Ուժերու  (Տար)Բաղադրութենէն Բխած Խնդիրներ

Ակնարկ. Սուրիական Նոր Ուժերու (Տար)Բաղադրութենէն Բխած Խնդիրներ

Սուրիոյ իրադարձութիւնները համընդհանուր պարունակի մէջ տեղաւորելու համար պէտք է երթալ մինչեւ 9/11 եւ այնուհետեւ ձեւաւորուած նոր աշխարհակարգի կանոնները վերյիշել: Աշխարհը կը բաժնուէր ահաբեկչական եւ հակաահաբեկչական ճամբարներու: Երկիրներ, որոնք Միացեալ Նահանգներու ճշդած օրինաչափութիւններուն կը հետեւէին եւ երկիրներ, որոնք կ՛ընդդիմանային անոնց, մեքենայականօրէն դասակարգուելու համար ահաբեկչութեան նպաստող եւ զօրակցող երկիրներ: Հակաահաբեկչական ուխտերու միանալը փաստօրէն մէկ ճամբարի անդամակցութիւն էր եւ յանձնառութիւն` ընթանալու ճամբարային այդ...

Ակնարկ.  Անգարայի Խոստովանանքը  Եւ Ռուսիոյ Կրաւորականութիւնը

Ակնարկ. Անգարայի Խոստովանանքը Եւ Ռուսիոյ Կրաւորականութիւնը

Սուրիոյ հարցով Ասթանայի համաձայնութեան երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը կը կայանայ այսօր Տոհայի մէջ: Երեք երաշխաւոր երկիրներէն Թուրքիոյ նախագահը Տոհայի հանդիպումի նախօրեակին հետեւեալ յայտարարութեամբ հանդէս կու գար: «Իտլիպ,  Համա, Հոմս, եւ նպատակը, ի հարկէ, Դամասկոսն է: Սուրիոյ մէջ ընդդիմութեան երթը կը շարունակուի: Մենք յոյս ունինք, որ  առանց անցանկալի միջադէպերու եւ խնդիրներու այս ընթացքը կը շարունակուի: Մենք դիմած ենք Ասատին`...

Ակնարկ   Ասթանայէն Տոհա` Նոր Իրավիճակով

Ակնարկ Ասթանայէն Տոհա` Նոր Իրավիճակով

Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններու բռնկման ժամանակի համընկնումը Լիբանանի ուղղղութեամբ հաստատուած հրադադարին հետ  դիպաշարի շարժառիթներուն վրայ լոյս սփռող երեւոյթ է: Դիմադրութեան ցանցի ջլատումը, որ խորքին մէջ Իսրայէլի կողմէ պահանջուած կէտ էր համաձայնութեան` անցքերու վերահսկման տեսքով խորքին մէջ իրանեան տարածաշրջանային յենակէտերու չէզոքացման հիմնական գործողութեան մաս կազմող հատուած է: Այլ խօսքով, սուրիական անցքերուն վրայ վերահսկողութիւն հաստատելով խորքին մէջ Իսրայէլ կ՛արգելակէ նախ լիբանանեան Դիմադրութեան Իրանի...

Ակնարկ.   Երեւոյթներ, Փաստեր, Յուշումներ

Ակնարկ. Երեւոյթներ, Փաստեր, Յուշումներ

Վերջին օրերուն Սուրիոյ մէջ արձանագրուած ռազմական իրադարձութիւններուն հիմնական շարժառիթներն ու պատճառահետեւանքային գնահատականներ տալը վաղաժամ է տակաւին։ Իրադարձութիւնները որոշ տեղեր իրար կը հակասեն եւ քաղաքական տրամաբանութեամբ եզրայանգումներ կատարելը կը դժուարացնեն։ Կը թուի սակայն, որ քաղաքական համալիրի մը մէկ մասնաշէնքին կառուցումն է, որ կ՛արձանագրուի, որուն յաջորդող գործողութիւնները տակաւին պարզ չեն։ Ի՞նչ երեւոյթներ եւ փաստեր կարելի է արձանագրել օրերու վրայ երկարող այս իրադարձութիւններէն...

Ակնարկ.   Պաշտօնական Ուաշինկթընի Յայտարարութիւնը Եւ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի Հրապարակումը

Ակնարկ. Պաշտօնական Ուաշինկթընի Յայտարարութիւնը Եւ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի Հրապարակումը

Իսրայէլ-Լիբանան զինադուլի յայտարարութեան կէտերը պաշտօնապէս չեն հրապարակուած, սակայն լրատուամիջոցներ փաստաթուղթը գաղտնազերծած են եւ անոր հիմամբ վերլուծումներ կը ծաւալեն: Զինադուլի համաձայնութիւնը Իսրայէլ-Լիբանան ռազմագօտիին կը վերաբերի, սակայն անոր առիթով կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւնները աւելի հեռու կ՛երթան, ընդգծելու համար Միջին Արեւելքի մէջ ծրագրուող փոփոխութիւնները: Կեդրոնանանք Միացեալ Նահանգներու նախագահին  կատարած յայտարարութեան հիմնական առանցքներուն վրայ: Ամփոփենք` - Զինադուլի համաձայնութեան յանգելու մէջ Ուաշինկթընը համագործակցած է Փարիզի հետ:...

Ակնարկ.  Դամոկլեան Վճիռներ  Եւ Պիւրոսեան Յաղթանակի Պահը

Ակնարկ. Դամոկլեան Վճիռներ Եւ Պիւրոսեան Յաղթանակի Պահը

Իսրայէլեան թէ՛ օդային հրթիռակոծումներու եւ թէ՛ ցամաքային յարձակումներու թէժացման գործողութիւնները կ՛ընթանան զուգահեռ զինադուլի համաձայնութեան «մօտալուտ» ըլլալու մասին յայտարարութիւններու: Այս առումով լրատուութիւնները հակասական են. ընդհանուր հայեացքը եւ յայտարարութիւններու շղթայականութիւնը կը յուշէ, որ նախ ազդարարուեցաւ «լաւատեսական» ազդակներ հաղորդող  տեղեկութիւններու մեկնարկը, ապա ընդգծուեցան հանգուցաւոր եւ բարդ կէտերը: Առընթեր պարզ դարձաւ, որ լիբանանեան կողմը ամերիկեան նախագիծին շուրջ որոշ վերապահութիւններ ունի, որոնց շուրջ կայացան յաւելեալ...

Խմբագրական.  Անկախութեան Եւ Գերիշխանութեան  Վերականգնման Համար

Խմբագրական. Անկախութեան Եւ Գերիշխանութեան Վերականգնման Համար

(Լիբանանի Անկախութեան Օրուան Առիթով) Ներկայ աշխարհակարգին մէջ աւելիով կը շեշտուի անկախութիւն յղացքին յարաբերականութիւնը: Շատ տեղեր անուանական իմաստ կը ստանայ անիկա, ըստ էութեան կախեալութեան բոլոր տուեալները պարզելով: Բեւեռացած եւ հակաբեւեռացման միտումներ դրսեւորող երկրագունդը խորքին մէջ տարբեր երկիրներ, գօտիներ կախեալ պահելու պայքարի դաշտ է, տեղ-տեղ տնտեսական տեսքով, այլ տեղեր զինուորական, ուրիշ պարագաներու մշակութային եւ քաղաքակրթական: Լիբանանը իր վերջին ժամանակահատուածի ամէնէն մռայլ պայմաններուն...

Ակնարկ.   Զինադուլէն Հեռու Գացող Երաշխիքներու Պահանջ

Ակնարկ. Զինադուլէն Հեռու Գացող Երաշխիքներու Պահանջ

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին վերջին յայտարարութիւններէն հերթական անգամ պարզ կը դառնայ, որ պաշտօնական Պէյրութը կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի 1701 որոշումին: Այս կառչածութեան իմաստը նաեւ այն է, որ Իսրայէլի կողմէ առաջադրուած փոփոխութիւնները մերժելի են Լիբանանի կողմէ: Խորհրդարանի նախագահին յայտարարութիւնները կ՛ամփոփուին հետեւեալ կէտերով. 1701-ի գործարկման համաձայնութիւն, զինադուլի հաստատում, խորհրդարանի նիստի հրաւէր եւ նախագահի ընտրութեան օրակարգի կայացում: Ծայրայեղ զգուշաւոր մօտեցում կը տիրէ ամերիկացի պատուիրակին...

Ակնարկ.  Վերահսկումի  Տարբեր Առաջադրանքներ

Ակնարկ. Վերահսկումի Տարբեր Առաջադրանքներ

Պաշտօնական Փարիզը Թել Աւիւի նկատմամբ մեղմ ըսելաձեւով խիստ յայտարարութիւններ կը հնչեցնէ: Աւելի շատ լիբանանեան կողմը պաշտպանելու դիրքերէ կը մեկնի եւ Իսրայէլի համար անընդունելի բովանդակութեամբ դիրքորոշում կ՛որդեգրէ: Արտաքին քաղաքականութեան մէջ այս կեցուածքը ոչ այնքան Լիբանանի հանդէպ հոգատարութեամբ կը թարգմանուի, որքան հովանաւոր պետութիւններու կարգավիճակի պահպանումով հակամարտութեան կարգաւորման դերակատար, երաշխաւոր կամ միջնորդ մնալու շարժառիթներով: Աւելի պարզացուած` եթէ Միացեալ Նահանգները Իսրայէլի հովանաւոր ռազմավարական գործընկերն...

Խմբագրական.  Չարձակուած Նետը  (Գերիներու Ազատ Արձակման Յայտարարութեան Մերժումին Առիթով)

Խմբագրական. Չարձակուած Նետը (Գերիներու Ազատ Արձակման Յայտարարութեան Մերժումին Առիթով)

ՔՈՓ29-ի վեհաժողովը ընթացքի մէջ է: Տակաւին Երեւանը չէ յստակացուցած իր մասնակցութիւնը: Պաշտօնական դիրքորոշումը կը բացակայէր` անորոշ ձգելով իշխանութիւններուն Պաքու մեկնելու որոշումը: Խորհրդարանի նախագահին վիճակուած էր յայտնաբար պարտականութիւն` յայտարարելու, որ եթէ ռազմագերիներու վերադարձ պիտի չըլլայ, ուրեմն Հայաստանի ներկայացուցիչին  Պաքու մեկնիլը իմաստ չունի: Այս յայտարարութիւնը քաղաքականօրէն ընկալելի էր: Առաջին փուլի գերիներու ազատ արձակումը Հայաստանի կողմէ ՔՈՓ29-ը Պաքուի մէջ կազմակերպելու համաձայնութիւնն էր: Երկրորդ...

Ակնարկ.  Ռուսական Երաշխիքներու Ակնարկութիւնները

Ակնարկ. Ռուսական Երաշխիքներու Ակնարկութիւնները

Լիբանանի մէջ ժամանակաւոր զինադուլի հաստատման մասին դարձեալ համաձայնագիրի կէտերու նախագիծ կը շրջանառուի: Հինգ շաբթուան վրայ երկարող զինադուլ, որուն համար նախապայմանը ոչ միայն Հըզպալլայի ուժերու Լիթանի գետի հիւսիսային հատուած նահանջն է, այլեւ Հըզպալլայի սպառազինութեան ամբողջական դադրեցումը: Այս նախապայմանով է, որ իսրայէլեան ուժերը կը հեռանան լիբանանեան տարածքներէ, հիմք ունենալով միջազգայնօրէն ընդունուած սահմանը: Անշուշտ միշտ ըստ այս թէական նախագիծին: Շատ ընդհանուր այս սկզբունքներուն...

Ակնարկ.  Յետընտրական Հրամայականներ

Ակնարկ. Յետընտրական Հրամայականներ

Միացեալ Նահագներու փոխնախագահ եւ արդէն նախագահական նախկին դեմոկրատական թեկնածուն նորընտիր նախագահին շնորհաւորելէ ետք քննարկած է իշխանութեան խաղաղ փոխանցման կարեւորութիւնը: Իշխանութեան սահուն փոխանցում խոստացած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու շուտով պաշտօնաթող նախագահը նորընտիրին: Շեշտադրում կայ իշխանութեան խաղաղ եւ սահուն փոխանցման անհրաժեշտութեան վրայ: Առաջին հայեացքով այս առաջադրանքը մտածել կու տայ բեւեռացած հասարակութեան, բեւեռացած ընտրութեան եւ յետընտրական իրավիճակի մասին: Ընտրութիւնները չեն վիճարկուիր, չկան վերահաշուարկի...

Page 13 of 62 1 12 13 14 62

Արխիւներ