Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Դարձեա՛Լ 9-րդ Կէտին Եւ 3+3-ին Մասին

February 25, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ դաշնութեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը բազմաօրակարգ եղած է: Հիմնականները` Ուքրանիա, Հարաւային Կովկաս եւ Միջին Արեւելք: Նկատենք անմիջապէս, որ Հարաւային Կովկասը թէժ կէտերու ներառուած է իբրեւ առաջնահերթ օրակարգ: Տարբերութիւնը այն է, որ Ուքրանիոյ պարագային պատերազմը կը յամենայ, Կազան կը գտնուի պատերազմէն դէպի հրադադար անցումի մէջ, Հարաւային Կովկասը համեմատաբար առաջին երկու կէտերուն աւելի հանդարտ է:

Կը վերադառնանք Հարաւային Կովկաս: Այժմ տեսնենք, թէ Ուքրանիոյ մասով ի՞նչ նշուած է պաշտօնական լրահոսին մէջ: Ըստ Լաւրովի, «թուրք գործընկերները տեղեակ պահեցինք Ռիատի մէջ ամերիկեան կողմին հետ բանակցութիւններէն, անկախ դիրքորոշման տարբերութիւններէն եւ  խնդիրներու լուծման համար անհրաժեշտ եղող բնական երկխօսութեան հասնելու հեռանկարէն»:

Այստեղ հիմնական երկու կարեւոր հանգոյց կ՛երեւի: Նախ պաշտօնապէս կը յայտարարուի, որ Ուքրանիոյ հարցի լուծման ուղղութեամբ տարբեր դիրքորոշումներ ունին Անգարան եւ Մոսկուան: Պարզ է, որ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան  եւ յատկապէս Խրիմի հարցով տրամագծօրէն հակառակ դիրքորոշումներ կան Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ: Երկրորդ բաժինը ուշագրաւ է, որովհետեւ կը խօսի երկխօսութեան հեռանկարին մասին: Երկխօսութիւնը հակամարտութեան լուծման համար տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ: Վայրը` Ռիատ: Երկու պարագաներուն ալ շրջանցուած է Անգարան: Այս պատկերին մէջ Անգարան գոյութիւն չունի ո՛չ իբրեւ բանակցող, ո՛չ ալ իբրեւ երկխօսութեան համար վայր տրամադրող կամ միջնորդ, որուն կը ձգտէր: Ռիատի բանակցութիւններու մեկնարկով Անգարան կորսնցուցած է հարթակ տրամադրելու, միջնորդ դառնալու եւ բանակցութիւն վարելու իր առաջադրած կարգավիճակի կարելիութիւնը:

Այս շրջանցումը փոխելու համար Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ուղղակի պատրաստակամութիւն յայտնած է. «Տագնապին լուծման պէտք է հասնիլ երկու կողմերու մասնակցութեամբ, հետեւաբար Անգարան  պատրաստ է սկսած բանակցութիւններու յաջողութեան համար ամէն աջակցութիւն տրամադրելու, ներառեալ բանակցութիւններու համար հարթակի տրամադրումը»: Այսքան պարզ. Թուրքիան կ՛ակնկալէ ստանձնել միջնորդական առաքելութիւն, որ Ռիատով զլացուած է իրեն:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուած է Սուրիոյ հարցը, եւ այս պարագային Ֆիտան հաւասարեցուցած է ՏԱՀԷՇ-ն ու քրտական զինեալ ուժերը եւ համադասակարգած զանոնք իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ:  Այս մէկը շարունակուող մօտեցում է, որ բացի Անգարայէն, առնչուած այլ պետութիւններու կողմէ չ՛ընկալուիր ըստ երեւոյթին:

Հակաիսրաէլեան քարոզչական գործողութիւնները Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ շարունակուած են Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու  կամ Կազայի մէջ ցեղասպանութիւնը դադրեցնելու պահանջներով: Հիմնական նորութիւն չկայ:

Վերջապէս` Հարաւային Կովկաս: Եւ երբ այս տարածաշրջանին մասին կը խօսինք, անպայման պէտք է ակնկալել, որ պաշտօնական Անգարան կամ այս պարագային Մոսկուան արծարծէ 3+3-ը: Փաստօրէն Լաւրով յայտարարած է, որ իրենք յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են կողմերուն  միջեւ վստահութեան ամրապնդման, ենթակառուցուածքներու եւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու վերականգնման, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ «3+3» համագործակցութեան հարթակի շրջանակներուն մէջ միացեալ գործունէութեան:

Բառերը նշանակութիւն ունին: Կը խօսին տարածաշրջանի ապաշրջափակման մասին եւ աւելի մասնակի մտաբերել կու տան նոյեմբերեան յայտարարութեան 9-րդ կէտը: 9-րդ կէտի վերափոխումն է 3+3-ի տարազին տակ:

Ուշագրաւը այն է, որ այս օրերուն Անգարան կը խօսի երկու չհամաձայնեցուած կէտի մասին: Առաջինը, ըստ իրենց, կը վերաբերի «միջանցք»-ի տրամադրման, իսկ երկրորդը` Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ տարածքային պահանջներէ հրաժարումին:

Վերստին նշենք, որ Հարաւային Կովկասը դասակարգուած է Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի հրատապութեան շարքին, Մոսկուայի եւ Անգարայի ներկայացուցիչներու հանդիպումին:

«Ա.»

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի Մէջ Ներկայացուցիչ Լեւոն Ամիրջանեանը

Յաջորդը

ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր Ժողովի Ընդառաջ. Կազմակերպական Կառոյցի Արդիականացում Ի Խնդիր 21-րդ Դարուն Համահայկական Զօրաշարժի Վերաշխուժացման

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.