Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Քաղաքականի Եւ Փորձագիտականի Համատեղման Միտումներ

January 21, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս շաբթուան մէջ կը սպասուի, որ նոր նշանակուած վարչապետը աւարտէ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը: Պաշտօնական խորհրդակցութիւններէն ետք յայտնաբար ուղիղ, միջնորդաւորուած բանակցութիւններ կ՛ընթանան կառավարութեան կազմութեան թէ՛ ձեւաչափի, թէ՛ պաշտօններու եւ թէ՛ նախարարական թեկնածուներու շուրջ:

Քանի մը հաւանական բեմագրութիւն կ՛արծարծուի: Առաջինը այն, որ նոր նախագահով եւ նոր վարչապետով յատկանշուող իրավիճակը, նորութիւն պիտի բերէ նաեւ կառավարական մակարդակի վրայ: Նորութեան ակնկալութիւնը կառավարութեան կազմութեան եղանակին կը վերաբերի: Խորհրդակցութիւններու ընթացքին չեն արծարծուիր պաշտօններ, չեն ներկայացուիր պահանջներ եւ չեն քննուիր մանրամասնութիւններ: Կը խօսուի ընդհանուր սկզբունքներու մասին: Այնուհետեւ վարչապետը խորհրդակցաբար եւ համաձայնաբար նախագահին հետ կը կազմէ կառավարութիւնը:

Երկրորդ խնդիրը կը վերաբերի ընդհանուր թիւին, բայց մանաւանդ նախարարական կերպարներու բնութագիրներուն: Զուտ քաղաքական, կուսակցական թեկնածուներ, փորձագէտներ կամ քաղաքական-փորձագիտական հաւասարակշռութեամբ կազմ:

Զուտ քաղաքականը եւ խորհրդարանական խմբակցութիւններու կամ անոնց ետին կանգնած կուսակցութիւններու կողմէ առաջադրուածներով կառավարութեան կազմութիւնը դասական ձեւն է, որ մինչ այժմ շատ պարագաներու կիրարկուած է: Հիմա առաջադրուածը նախկին մեթոտներէն անցումն է նորին:

Այս անցումը ուղղակի, կտրուկ եթէ ըլլայ, ապա կրնայ յառաջացնել ցնցումներ, անհամաձայնութիւններ եւ համայնքներու կեդրոններու կողմէ բարձրացող բողոքներ: Չէր բացառուեր, որ նոյնիսկ որոշ համայնքներու կողմէ չմասնակցելու որոշում կայացուի նման կտրուկ անցումի պարագային:

Երկրին մէջ փչող նոր քամիները եւ նոր ուղղութիւնը չեն հասած խորհրդարան տակաւին: Այլ խօսքով` գործադիր-օրէնսդիր համերաշխութեան պահպանման, վստահութեան քուէի ապահովման համար միջանկեալ դրութեամբ աշխատելու մօտեցումները անհաւանական չեն թուիր: Իսկ այստեղ ահա հիմնական բանակցելին շիի համայնքն է իր քաղաքական ներկայացուածութեամբ:

Միջանկեալի գաղափարը այս պարագային կրնայ դրսեւորուիլ այդ համայնքի գլխաւոր ուժերու առաջադրած նախարարական պաշտօններով եւ երկրորդ հերթին այնպիսի նախարարներով, որոնք փորձագիտական կերպարի համբաւ ունին եւ որոնք ընդունելի են հիմնական ուժերուն կողմէ: Իսկ եթէ շիի համայնքի ներգրաւման համար այս մեթոտը կ՛որդեգրուի, ապա անիկա կրնայ տարածուիլ ամբողջ կառավարութեան վրայ:

Համախառնի այս տեսութեան առարկայացումը  բանակցութիւն կ՛ենթադրէ: Իսկ այդ բանակցութիւնները, նշուած տրամաբանութեամբ պիտի ներառեն թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ փորձագիտական կերպարներու համատեղումի սկզբունքը:

Լրատուութիւններուն մէջ կը նկատուի այն, որ կառավարութեան կազմութեան պահը կը զուգադիպի հրադադարի համաձայնութեան ակնարկած 60 օրուան ժամկէտի աւարտին: Այլ խօսքով, իսրայէլեան ուժերու լիբանանեան տարածքներէ հեռացումին: Այս կ՛ենթադրէ, որ լիբանանեան բանակը պիտի տեղակայուի հարաւի մէջ, ամբողջ սահմանի երկայնքին: Կառավարութիւնը պիտի ունենայ լիազօրութիւն Լիբանանի ամբողջական տարածքին վրայ: Աւելի հեռահար կտրուածքով այդ ամբողջականութիւնը պիտի ճշդուի Լիբանան-Իսրայէլ սահմանազատումով, ինչ որ դարձեալ հրադադարի համաձայնութեան յատուկ կէտ է:

Կազմելի կառավարութեան գործունէութեան ժամկէտը կ՛աւարտի խորհրդարանի պաշտօնավարման ժամկէտին հետ: Միջանկեալ, համախառն այս դրութիւնը քաղաքական տրամաբանութեամբ կապ ունի խորհրդարանի հետ զուգահեռ ընթանալու եւ օրէնսդիր- գործադիր յարաբերակցութեան վրայ ցնցումներ չյառաջացնելու առաջադրանքներուն հետ:

Շատ յղում կը կատարուի Թաէֆի համաձայնութեան, ընդ որում համայնքայինէն քաղաքացիականի անցումին: Համակարգային փոփոխութիւնը անցնցում կատարելու համար կտրուկ շրջադարձները օգտակար չեն: Այս պարունակին մէջ ալ կտրուկ փոփոխութիւնը կառավարութեան կազմութեան եղանակին, կը թուի, որ իրատեսական չէ, վերը նշուած հանգամանքներով:

Քաղաքականի եւ փորձագիտականի համատեղումը ներկայ փուլին համար օրինաչափ է: Եւ ամէնէն կարեւորը` ընդունելի:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նորընտիր Նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աունը

Յաջորդը

BÉATRICE FAVRE – Պէաթրիս Ֆաւր Օտարալեզու Հայ Գրականութեան Անծնաօթ Գրագիտուհի Մը (24.04.1928 – 8.11.2022)

RelatedPosts

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.