Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Չներքաշուիլ Կեղծ Բանավէճին Մէջ

Յունուար 28, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զուիցերիահայ գաղութի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանի հնչեցուցած միտքերը կը փշրուին հակափաստարկներով: Կեդրոնանանք Ցեղասպանութեան յղացքի վերանայման ուղղութեամբ իր կատարած առաջարկին. աւելի ճիշդը` իր առաջադրած բանավէճին:

Սկսինք երկրորդ բաժինէն, որ կը վերաբերի խորհրդային տարիներու որոշ ժամանակահատուածներու հարցի արծարծման, այլ ժամանակներու հարցի շրջանցման: Քաղաքական այբուբենական իրականութիւն է, որ այլ պետութիւններ, եւ` ոչ միայն Խորհրդային Միութիւնը, Ցեղասպանութեան թեման օգտագործած են Թուրքիոյ հետ իրենց յարաբերութիւններու վերիվայրումներուն ընթացքին: Այստեղ նոր գիւտ հնարելու կարիք չկայ:

Առաջադրուածը, այս պարագային,  Արեւմուտքին ուղերձ յղելն է հակախորհրդային, այժմու ընկալումով` հակառուս, եւ փոխանցել պատրաստակամութիւն` մերժելու Խորհրդային Միութեան ժառանգորդներուն ներկայ խուսանաւումները: Այս բաժինին մէջ անհեթեթութեան կը հասնի այն միտքը, թէ ինչո՛ւ 30-ական թուականներուն առաջ չէ մղուած Ցեղասպանութեան հարցը խորհրդային վարիչներուն կողմէ: Անգրագիտութեան  պէտք է վերագրել այն, որ այդ տարիներուն տակաւին ցեղասպանութիւն եզրը չէր յղացած Լեմքինը:

Ներազգային ճեղքեր, պառակտումներ ստեղծելու միտող առաջին բաժինն է խնդրայարոյցը, որ կը հարցադրէ, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութիւնը: Հեղինակաւոր ցեղասպանագէտներ փութացին արձանագրելու, որ ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ միջազգային ցեղասպանագիտութիւնը վաղուց տուած է անվիճարկելի պատասխաններ «ինչո՞ւ»-ին եւ «ինչպէ՞ս»-ին: Նուազ տրամաբանական կը հնչէ այստեղ անգրագիտութիւնը: Այստեղ,  արդէն, հետապնդուածը իբր թէ «թապու» նիւթեր արծարծելն է, կեղծ օրակարգ ձեւաւորելը եւ հանրային քննարկումի դուռ բանալը:

Ահա այստեղ է, որ ծուղակ պէտք չէ ներքաշուի հայ քաղաքական եւ ցեղասպանագիտական միտքը: Այն, ինչ որ հաշտեցման յանձնախումբերով փորձուեցաւ, այն, ինչ որ միացեալ պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով ստեղծելու առաջարկով ներկայացուեցաւ, այն, ինչ որ փրոթոգոլներուն մէջ սպրդեցաւ, եւ այն, ինչ որ Թուրքիոյ իրերայաջորդ իշխանութիւններ եւ զանոնք ներկայացնող արտաքին գործոց գերատեսչութիւններ փորձեցին իրականացնել եւ ձախողեցան, հիմա Հայաստանի վարչապետը ի՛նք կը նախաձեռնէ: Հարցականի տակ առնել, քննարկումի տակ դնել Ցեղասպանութեան կանխամտածուած ծրագրումի փաստը եւ Օսմանեան կայսրութենէն դուրս այլ պատասխանատուներ գտնել կատարուածին համար: Եթէ` տակաւին «ինչո՞ւ»-ի բացատրութիւններուն իբրեւ եզրակացութիւն ընդունուի այդ փաստը…

Բանավէճի առաջարկը ուրեմն պէտք է անտեսել, չներքաշուիլ Անգարայի կողմէ տասնամեակներու վրայ փորձուած, բայց ձախողած եւ հիմա Երեւանէն վարչապետական մակարդակով առաջ քշուող այս թակարդին մէջ: Թակարդ, որ լիարժէք յագուրդ կու տայ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու հաստատման գլխաւոր նախապայմանին:

Ցեղասպանութեան իրողութեան քննարկումի այս կեղծ օրակարգը կապուած է նաեւ ինքնութեան, իրական Հայաստանի արհեստական տեսութեան հետ: Հայաստանի Հանրապետութենէն դուրս ապրող այն հայը, որուն նախահայրերը ցեղասպանուած են ու տեղահանուած, կրնայ փափաքիլ վերադառնալ իր բնօրրանը: Այս փափաքը ի՞նչ կապ ունի, ըստ Փաշինեանին, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ: «Էթնիկ հայեր»-ու այս իղձերը իրենց հարցն է եւ պետութեան օրակարգերուն հետ որեւէ աղերս չունի:

Այս իղձերը կրնային պետութեան կամ հանրապետութեան հետ կապ չունենալ, եթէ Անկախութեան հռչակագիրը ամրագրած չըլլար համայն հայութեան իղձերու կենսագործման կամ պատմական իրաւունքներու վերականգնման մասին հիմնադրոյթներ: Վարչապետին տրամաբանութեամբ, բնօրրան վերադառնալու առաջադրանքը այնքան մը կապ չունի պետութեան հետ, որքան Անկախութեան հռչակագիրը` Հայաստանի Հանրապետութեան:

Վերադառնանք Ցեղասպանութեան քննարկելիութեան գաղափարին եւ արձանագրենք, որ   վարչապետին առաջարկը պէտք չէ դուրս գայ զուիցերիահայերու լսարանի դահլիճի դռնէն: Կեղծ բանավէճի օրակարգը կրնայ իրականացնել Անգարայի առաջադրած եւ մինչեւ Փաշինեանի իշխանութիւն ստանձնելը հայրենիքի եւ սփիւռքի կողմէ տապալուած ժխտողական թեզը:

Նախորդը

Միքաթի. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Կը Հաստատէ Մինչեւ 18 Փետրուար Զինադադարի Շուրջ Փոխհասկացողութեան Ծիրին Մէջ Աշխատանքի Շարունակումը»

Յաջորդը

Հայ-Ռուսական Բանակցութիւններ. Լեւոն Շանթի Մոսկուա Առաքելութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?