Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ապօրինի, Փակ Եւ Կեղծուած Դատավարութիւն (Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Դատավարութեան Մեկնարկին Առիթով)

January 18, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի գերեվարուածներուն Պաքուի մէջ սկսուած դատական բեմականացումը անակնկալներ չի խոստանար հետեւողներուն: Ապօրինաբար գերեվարուած, նոյնքան հակաօրինական միջոցներով պահուող, բանտարկութեան դատապարտուածներուն բեմական դատավարութիւնը սկսաւ երէկ փակ դռներու ետին, զինուորական ատեանի առջեւ:

Կեղծուած թուղթեր, շինծու ցուցմունքներ, յօրինուած դրուագներ, սարքովի ինքնախոստովանանքներ կը կազմեն արտադրուած թղթածրարներու բովանդակութիւնը, որոնց հիման վրայ ձեւական դատական արարներէ ետք պիտի տրուին վճիռներ:

Ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւն, ռազմագերիներ, առեւանգուածներ, պահուող անձեր` Ազրպէյճանի յայտարարած թիւերը չեն համապատասխաներ իրականութեան: Նպատակը այս բոլորին ծածկելն է Ազրպէյճանի նախայարձակ ըլլալը, ռազմական յանցագործութիւնները, ցեղային զտում իրականացուցած ըլլալն ու ցեղասպանական արարքներ գործադրած ըլլալու բազմաթիւ փաստերը:

Այս հանգամանքներով ալ կը բացատրուի դատական նիստի զինուորական ատեանի մէջ կայացումը, անոր փակ ըլլալը, ապօրինի ընթացակարգն ու թղթածրարի կեղծ էութիւնը:

Այս նենգափոխումը միայն դատավարութեան չի վերաբերիր: Կը վերաբերի մշակութային ժառանգութեան ներկայացման, ոչնչացման, այլափոխման: Պատմութեան նենգափոխման եւ ընդհանրապէս Արցախի հակամարտութեան էութեան առումով ապակողմնորոշման:

Դատավարական նիստերը պարզապէս մէկ օղակն են ընդհանուր այս քաղաքականութեան: Քաղաքականութիւն, որ կ՛ուզէ ընդմիշտ թաղել Արցախի հարցը, փորձելով համոզել, որ Ազրպէյճանի մէջ ապրող հայերը անջատողականներ են, որոնք խախտած են Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնահռչակած են հանրապետութիւն եւ ահաբեկչական գործողութիւններ իրականացնելով ազերիաթափած են Արցախը:

Միջազգային ընտանիքին եւ հանրային կարծիքին համոզիչ դառնալու համար է, որ Արցախի վերջին պատերազմը անոնք որակեցին հակաահաբեկչական գործողութիւններ, իսկ ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը դատեն իբրեւ ահաբեկիչներ:

Պատահական չէ, որ այս բոլորին առընթեր եւ պահու ճշդումով Պաքուն կը պահանջէ Երեւանէն դիմել համապատասխան մարմիններ չեղեալ յայտարարելու համար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը: Թէ՛ դատավարութիւնները, թէ՛ այս դիմումը կը հետապնդեն Արցախի հակամարտութեան էութեան նենգափոխումն ու ընդմիշտ փակումը:

Ահա թէ ինչո՛ւ կ՛ակնկալուին, փակ դատավարութիւններու ընթացքին, կեղծ ինքնախոստովանանքներ, որոնք իբրեւ թէ պիտի ստանձնեն նախայարձակ ըլլալու, տարածքային ամբողջականութիւն խախտելու ահաբեկչական կամ անջատողական գործողութիւն իրականացուցած ըլլալու «փաստեր»:

Մինչ, բանտէն դուրս հասած տեղեկութիւններ կը վկայեն թղթածրարներու կեղծ ըլլալու մասին: Ոչ մէկ բան կ՛արգելակէ Պաքուին փակ նիստերու արդիւնքները ներկայացնելու այն բեմագրութեամբ, որ ինք գծած է արդէն եւ որ իբրեւ եզրակացութիւն եւ վճիռ կը տանի այն բոլորին, որոնք որոշուած են արդէն քաղաքական իշխանութիւններուն կողմէ:

Փաստաբաններ ճշդելու իրաւազրկումը, բաց դատավարութեան պահանջի ոտնակոխումը, ապօրինի իրաւակարգը բաւարար են այս բոլոր նիստերն ու կայանալիք (արդէն կայացուած) վճիռները անհիմն եւ ապօրինի համարելու համար:

Հասարակական եւ տեղեկատուական հարթութիւններու վրայ հայկական կողմը պիտի աշխատի ներկայ փուլին այս բոլորին ապօրինութիւնը ընդգծելու եւ Ազրպէյճանի հետապնդած նպատակները բացայայտելու ուղղութեամբ:

Ընտանեկան բռնապետութիւն, մարդու իրաւունքներու ոտնակոխում, բազմակարծութեան արգելք, ցոյցերու ճնշում, հակակենսոլորտային գործողութիւններ, քաղաքական բանտարկեալներ, փակ դատավարութիւններ եւ յօրինուած ամբաստանութիւններ ու կեղծուած ցուցմունքներ` ահա Ազրպէյճանի իսկական դէմքը, որ հերթական անգամ կը պարզուի այս դատավարութեան ընթացքին:

Ազրպէյճանէն դուրս ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն ուրեմն այս բեմագրութիւններն ու անոնց հետեւելիք որոշումները:

Այս փուլին բոլորիս պարտականութիւնն է արտաքին-ներքին մակարդակներու վրայ տարածել այս ճշմարտութիւնը: Ռազմական յանցագործութիւններու, ցեղասպանական արարքներու ստուար թղթածրարը համալրել ապօրինաբար պահուող հայ քաղաքական բանտարկեալներու եւ ռազմագերիներու փակ դատավարութիւններու ընթացքին կատարուած կեղծ ամբաստանութիւններով:

Ուրեմն, բացայայտե՛լ ահաբեկչական պետութեան կողմէ բեմադրուող դատավարութեան բուն նպատակները:

Նախորդը

Խօսքը Ուղղելով Նախագահ Աունին` Մաքրոն. «Դուք Էք Յոյսը, Եւ Նշանակեալ Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Պիտի Մարմնաւորէ Այս Յոյսը»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 188-ի Լուծում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակային Տեսութիւնը
Խմբագրական

Ակնարկ. Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակային Տեսութիւնը

November 9, 2026
Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Խմբագրական

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.